Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Մնալ Անկախ` Մուրճին Եւ Սալին Միջեւ (Հայաստանի Հանրապետութեան 107-Ամեակին Առիթով)

Մայիս 28, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան մասին այսօր տարատեսակ մեկնաբանութիւններ կը ներկայացուին: Գաղափարական դաշտէն  քաղաքական հարթակ իջեցուած է անկախութեան գաղափարը, եւ ազգային ուժեր դասակարգումներու կ՛ենթարկուին պետական գործիչներու կողմէ` անկախականներ, հակաանկախականներ, գերիշխանութեան հաւատացողներ եւ այլ պետութեան հովանիի տակ երկիրը պատկերացնողներ: Բոլորը նպատակ ունին վարկաւորումը կամ վարկաւորման այս կեղծ ճիգերուն ընթացքին այլ ուժերու վարկաբեկումը:

Այս թիրախներուն առաջնայինը Դաշնակցութիւնն է. աւելի յստակ, այս պարագային, անկախ հանրապետութիւն կերտած ուժը, որ կը ներկայացուի իբրեւ հակաանկախական: Խորհրդային պատմագրութիւնը այդ օրերու Դաշնակցութեան վաստակած դերակատարութիւնը նսեմացնելու համար անկախութիւնը կը ներկայացնէր իբրեւ Թուրքիոյ նուէրը` պարզապէս շեշտելու համար, որ մայիսեան հերոսամարտերը ղեկավարած ուժը հարկադրաբար գացած է անկախանալու քայլին` իբր թէ ընդառաջ երթալով Թուրքիոյ կողմէ Ազգային խորհուրդի յղուած սպառնալիքին:

Առաջին հանրապետութեան կերտումը այսքան պարզացնելը, բովանդակազրկելը` պարզապէս Դաշնակցութիւնը հարուածելու համար, կը թուի, թէ միայն խորհրդային ուժերուն չէր վերաբերեր:

Նոյն մոլուցքով Դաշնակցութիւնը կը մեղադրուի իբրեւ 1991-ի անկախութեան դէմ պայքարած կուսակցութիւն, որ նախընտրած էր Հայաստանը պահել Խորհրդային Միութեան սահմաններուն մէջ: Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միացեալ կոչը զսպուածութիւն ցոյց տալու եւ արկածախնդրութիւններու չառաջնորդուելու` կը մեկնաբանուի իբրեւ անկախութեան դէմ դիրքորոշում, որուն համար ալ հիմնականին մէջ կը մեղադրուի Դաշնակցութիւնը:

Այդ նոյն գրիչները կ՛անտեսեն, կը շրջանցեն կամ չեն ուզեր տեսնել այն, որ ամբողջ խորհրդային տասնամեակներուն Դաշնակցութիւնը անկախութեան գաղափարի իբրեւ ջատագով` գաղափարական պայքարին մէջ առանձին էր խրամատային դիրքերու եւ առաջնագիծին վրայ:

Անկախութեան գաղափարը պահելու, անոր խորհրդանիշ` դրօշը, զինանշանն ու քայլերգը  պահպանելու սփիւռքեան 70-ամեայ պայքարը առաջնորդուեցաւ Դաշնակցութեան կողմէ, որ նաեւ սերունդները պատրաստեց դէպի հայրենիքի վերանկախացում երթը շարունակելու:

Հիմա եւս Դաշնակցութիւնը կ՛ուզեն պիտակաւորել հակաանկախականութեամբ` զայն կապելով ընդհանուր պետութիւն առաջադրանքին սպասարկողներուն: Ընդհանուր պետութիւնը ՀՅԴ ծրագրային դրոյթներուն, առաջադրանքներուն եւ նպատակներուն դէմ յղացք է: Անկախութիւնը անքննարկելի սկզբունք է անկախութիւն կերտած կուսակցութեան համար, եւ նման մեղադրանքներ հնչեցնելը Դաշնակցութեան հասցէին պարզապէս գնայուն յերիւրանքներն են, որոնք չեն կպիր այս կուսակցութեան:

Ինչպէս Սարդարապատը նախապատրաստեց առաջին հանրապետութիւնը այնպէս ալ Արցախի ազատամարտը` հայրենիքի վերանկախացումը: Երկու պարագաներուն ալ ուրեմն Դաշնակցութիւնը կանգնած է անկախ պետութեան կերտման ակունքներուն:

Անկախութիւնը, սակայն, պահպանելու համար, մանաւանդ` Հայաստանի նման շրջապատ ունեցող եւ շրջափակուած երկիրներու պարագային, փոխլրացուցիչ արտաքին քաղաքականութիւն վարելը եւ հրահրիչ յայտարարութիւններէ ու քայլերէ հեռու բազմակողմ դիւանագիտութիւն կիրարկելը հրամայական են:

Մեր երկիրը պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն, ընդ որում` ներկայ, գտնուած  է եւ ըստ իր դիրքին պիտի շարունակէ գտնուիլ տարբեր տեսակի մուրճերու եւ սալերու միջեւ: Մուրճին հարուածներուն տակ չիյնալու կամ սալին ամբողջովին չյանձնուելու համար անհրաժեշտ է ինքնուրոյն, անկախ, հետեւաբար ազգային պետութեան կայացում: Ա՛յն պետութեան, որ ըստ Անկախութեան հռչակագիրին, պիտի շարունակէ մայիս քսանութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները: Ա՛յն պետութեան ուրեմն, որ պիտի պահպանէ նաեւ Անկախութեան հռչակագիր եւ սահմանադրութիւն նախաբանային իրաւակապը:

Նախորդը

Յաղթել Հնարաւոր Է Ուրեմն… (Մայիս 28-ի 107-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?