Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Զուիցերիական Նախաձեռնութիւններ

May 31, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախեան հակամարտութեան ուղղութեամբ Զուիցերիոյ մէջ առնուած նախաձեռնութիւնները կը յուշեն հակամարտութեան էջը չփակելու մասին: Պեռնի մէջ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Զուիցերիոյ աւետարանական եկեղեցւոյ համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համագումարը խորքին մէջ պատասխան էր Պաքուի կողմէ կիրարկուող արցախեան հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան տէր կանգնելու  եւ այս առումով պատմութիւնը նենգափոխելու փորձերուն: Համաեւրոպական հնչեղութիւն ստացած այս համագումարը եւ այդ առիթով եկեղեցական, իրաւական թէ քաղաքական դէմքերու կատարած յայտարարութիւնները Ազրպէյճանին ուղղուած պատասխանը կ՛ընդգծեն:

ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէր, որ 26 մայիս 2025-ին դարձեալ Պեռնի մէջ իր աշխատանքները կը մեկնարկէ «Զուիցերիոյ խաղաղութեան նախաձեռնութեան» աջակցող 19 պատգամաւորներէ կազմուած միջկուսակցական յանձնախումբը` օժանդակելու արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացման համար միջազգային անհրաժեշտ գործիքակազմեր կենսագործելու մասին` Զուիցերիոյ խորհրդարանի վերին պալատի 18 մարտի որոշման, ինչ որ երկրի գործադիր իշխանութեան համար ունի իրաւակիրառ պարտադիր նշանակութիւն:

Կը հետեւէր  խորհրդարանական յանձնախումբի ստեղծումը` Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը կարգաւորելու խաղաղ նախաձեռնութիւնը խթանելու համար: Այս մէկը  հարթակ է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութեան համար: Նպատակը այս նախաձեռնութեան կազմակերպել է քննարկման ֆորում, որուն ընթացքին երկու կողմերը կրնան քննարկել հակամարտութեան հետեւանքները եւ անոր լուծման հաւանական ուղիները: Խորհրդարանական յանձնախումբը, կոչ կ՛ընէր Զուիցերիոյ աշխուժ դեր ունենալու  խաղաղութեան գործընթացին մէջ եւ նպաստելու հայերու վերադարձին Լեռնային Ղարաբաղ: Յանձնախումբը աջակցութիւն ստացած է ինչպէս Ազգային խորհուրդէն, այնպէս ալ պետութիւններու խորհուրդէն (խորհրդարանի մեծ եւ փոքր պալատներ): Երկու պալատներն ալ արդէն իսկ ընդունած են այս մասին բանաձեւ, հակառակ Դաշնակցային խորհուրդի առարկութիւններուն:

Երկու առանցքային օրակարգ նշուած այս նախաձեռնութիւններուն մէջ կարմիր թելով կ՛անցնին որոշումներուն եւ բանաձեւերուն մէջ: Առաջինը Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքն է, իսկ երկրորդը` հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանումը:

Անմիջապէս պէտք է նկատել նաեւ այն, որ նախաձեռնութիւնը կ՛առաջադրէ երկկողմ բանակցութիւններ: Հայկական կողմին համար կայ ձեւակերպում` Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներ: Ահա այստեղ կը կայանայ Արցախի հանրապետութեան պետական հաստատութիւններու գոյութեան շարունակութեան ռազմավարական կարեւորութիւնը: Յատկապէս Ազգային ժողովի եւ նախագահական հիմնարկներու իրաւական առկայութիւնը, որպէսզի անոնք կարենան նման միջազգային ատեաններու մօտ ներկայանալ Արցախի ժողովուրդին անունով եւ պաշտպանել նախ եւ առաջ հաւաքական վերադարձի իրաւունքը:

Զուիցերիան յայտնի է միջնորդական եւ հաշտեցման հարթակի դերի իր հանգամանքով: Պատահական չէ ընտրուած միջավայրը եւ թիրախային աշխատանքը այս ուղղութեամբ: Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը համակարգող յանձնախումբը ունի պետական հաստատութեան ներկայացուցչութիւնը դիւանագիտական այս աշխատանքները վարելու, հարթակը ձեւաւորելու, միջխորհրդարանական յանձնախումբի ստեղծումը առաջադրելու եւ օրակարգերը ձեւակերպելու:

Եկեղեցական միջազգային կառոյցներու նեգրաւումը այստեղ եւս ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Ազրպէյճանը Վատիկանի մէջ համաքրիստոնէական միջավայրեր թիրախաւորել կը փորձէ եւ կը վերաշարադրէ պատմութիւնը հայապատկան քաղաքակրթական կոթողները ոչ հայկական ներկայացնելու:

Քրիստոնէական քաղաքակրթութեան մը սպառնացող ոչնչացման վտանգի ահազանգը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին մօտ ահազանգելը եւ նման հեղինակաւոր կառոյց այս աշխատանքներուն մէջ ներագրաւելը մարտավարական կարեւորագոյն քայլ է, որ կու տայ իր արդիւնքները: Եւ այստեղ պատահական չէ ինչպէս Էջմիածինի, այնպէս նաեւ Անթիլիասի հեղինակութիւնն ու գործնական ազդեցութիւնը նման համագումարներ կազմակերպելու:

«Արցախի էջը փակուած չէ». հիմա կը յայտարարէ պաշտօնական Պեռնը, որ գործնական քայլ կ՛առնէ խորհրդարանական յանձնախումբ նշանակելով: Այս մեկնարկն է տակաւին յառաջիկայ քայլերուն: Քայլեր, որոնք ուղղուած են նախ եւ առաջ Արցախի ժողովուրդին հաւաքական վերադարձի եւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման:

Նախորդը

Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի Նորընտիր Քաղաքապետական Խորհուրդը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 202-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 19, 2026
Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.