Արաղչի. «Պատրաստ Ենք Ամերիկայի Հետ Օմանեան Միջնորդութեան Ճամբով Անուղղակի Բանակցութիւններու. Գնդակը Այժմ Անոր Դաշտն Է»
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Մենք բազմիցս կրկնուած յստակ պատճառներով Միացեալ Նահանգներու հետ ուղղակի բանակցութեան սկզբունքը չենք ընդունիր, սակայն ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեցինք Օմանի միջնորդութեամբ անուղղակի բանակցութիւններ վարելու»: «Գնդակը այժմ Ամերիկայի դաշտն է, եւ մենք մեր առաջարկին անոր պատասխանին կը սպասենք, ընդգծելով, որ աճապարուած չենք», ըսաւ Արաղչի: Ինչ կը վերաբերի լրատուամիջոցներու մէջ շրջանառուող իրանցի հաւանական բանագնացներու անուններուն, իրանեան դիւանագիտութեան...




















