Գլխաւոր լուրեր

«Ազդակ»-ի 76-րդ լսարան.   «Եւրոպայի Ուշադրութիւնը Կեդրոնացնել Հայկական Հարցին Վրայ․ Ա՛յս Եղած Է Եւրոպայի Հայ Ուսանողական Միութեան Գլխաւոր  Նպատակը». Դոկտ․ Աբէլ Քհնյ․ Մանուկեան

«Ազդակ»-ի 76-րդ լսարան. «Եւրոպայի Ուշադրութիւնը Կեդրոնացնել Հայկական Հարցին Վրայ․ Ա՛յս Եղած Է Եւրոպայի Հայ Ուսանողական Միութեան Գլխաւոր Նպատակը». Դոկտ․ Աբէլ Քհնյ․ Մանուկեան

«Ազդակ»-ի 76-րդ առցանց լսարանին դասախօսն էր դոկտ․ Աբէլ քհնյ․ Մանուկեան, որ «Ազդակ»-ի լսարանի հետեւորդներուն համար ծանօթ անուն է, յատկապէս նախապէս տուած իր դասախօսութիւններուն ճամբով։ Ան գլխաւոր քարտուղարն է Զուիցերիոյ կրօններու խորհուրդին եւ դասախօս է Ֆրիպուրկի համալսարանին մէջ։ Լսարանը, զոր վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեանը, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 10 ապրիլ 2025-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին։ Արխիւային տուեալներու եւ հետազօտական աշխատանքի արդիւնքներու վրայ հիմնուած ...

Խմբագրական.  Դէպի Թաղապետական Եւ Քաղաքապետական  Ընտրութիւններ

Խմբագրական. Դէպի Թաղապետական Եւ Քաղաքապետական Ընտրութիւններ

Լիբանանեան կառավարութիւնը կը մնայ հաստատ թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւնները ճշդուած ժամանակացոյցին կատարելու որոշումին վրայ: Այս մէկը բացի այս ընտրութիւններէն կը թուի վարքագծային ըլլալ, պետական մարմիններու ընտրութեան, նշանակման կամ հաստատման ժամկէտները յարգելու եւ այս առումով կայացած որոշումներու գործնականացումը չյետաձգելու կամ ընդհանրապէս չառկախելու: Լիբանանեան աւանդութիւն դարձած  յետաձգման կամ առկախման վարքագիծը  փոխելու մասին կը յուշէ պատերազմէն տակաւին դուրս չեկած կամ անոր անմիջական հետեւանքները...

Բագրատունի Ընդունեց Զուիցերիոյ Դեսպանը

Բագրատունի Ընդունեց Զուիցերիոյ Դեսպանը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մերիոն Ուէյխշլըթը, որուն կ՛ընկերակցէր եռանդամ պատուիրակութիւն մը: Քննարկումի նիւթ դարձաւ լիբանանեան կողմերուն միջեւ երկխօսութեան նախկին նախաձեռնութեան վերականգնումը: Պայմաններու բերումով աւելի քան մէկ տարի առաջ սկսուած այս նախաձեռնութիւնը օրին կարելի չէր եղած իրականացնել: Բագրատունի այս գծով դիտել տուաւ, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը տեւաբար կողմնակից եղած է երկխօսութեան սկզբունքին, յատկապէս...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Պաքուի Մէջ Պահուող Պատանդներու Եւ Այլ Հարցերով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններու

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ բռնագրաւեալ Արցախի Հանրապետութեան Պաքուի մէջ պահուող եւ ապօրինի ու շինծու դատավարութեան ենթարկուող ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ այլ հայերու հարցով, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր արծարծող նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Եւրոպական Միութեան, Զուիցերիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի Եւ Հնդկաստանի դեսպաններուն: Ստորեւ նամակը. «Մեծարգո՛յ դեսպան, «ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը խորապէս...

Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»

Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք, Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախատեսեց բոլոր պետութիւններուն հետ մաքսատուրքերու շուրջ համաձայնութիւններու ստորագրումը, սակայն նշեց, որ Չինաստան տակաւին անոր պատրաստ չէ: Թրամփ Սպիտակ տան մէջ յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց. «Չինաստանի հետ համաձայնութիւն պիտի կնքուի, բոլոր պետութիւններուն հետ համաձայնութիւն պիտի կնքուի», սակայն նաեւ նշեց, որ չինական ղեկավարութիւնը «չի գիտեր ատիկա ինչպէս ընել»: Ինչ կը վերաբերի Իրանի թղթածրարին, Թրամփ նշեց. «Եթէ զինուորական...

Ֆիտան. «Իսրայէլի Հետ Սուրիոյ Մէջ  Ճակատում Չենք Ուզեր»

Ֆիտան. «Թուրքիան Իսրայէլի Հետ Թեքնիք Բանակցութիւններ Կը Վարէ Անհրաժեշտութեան Պարագային Սուրիոյ Մէջ Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Համար»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Թուրքիան Իսրայէլի հետ թեքնիք բանակցութիւններ կը վարէ անհրաժեշտութեան պարագային Սուրիոյ մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար: Ֆիտան «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մինչ Սուրիոյ մէջ որոշ գործողութիւններ կը կատարենք, պէտք է մեքանիզմ մը ըլլայ խուսափելու համար տագնապէ Իսրայէլի հետ, որուն օդանաւերը այդ շրջանին մէջ թռիչք կը կատարեն: Այդ մեքանիզմը պէտք է Միացեալ Նահանգներուն ու Ռուսիոյ...

Պքերքէ Այցելելով`  Սալամ. «Զէնքի Մենաշնորհի Եւ Պետութեան  Իշխանութիւնը Իր Սեփական Ուժերով Տարածելու  Հարցերը Մօտ Օրէն Նախարարաց Խորհուրդի  Սեղանին Վրայ Պիտի Դրուին»

Պքերքէ Այցելելով` Սալամ. «Զէնքի Մենաշնորհի Եւ Պետութեան Իշխանութիւնը Իր Սեփական Ուժերով Տարածելու Հարցերը Մօտ Օրէն Նախարարաց Խորհուրդի Սեղանին Վրայ Պիտի Դրուին»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ: «Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումս ներկայացնելու համար էր կառավարութեան անցեալ շաբաթներուն կատարած աշխատանքը, եւ մենք հպարտ ենք մեր կատարածով», նշեց վարչապետը: Սալամ յայտարարեց. «Ռայի պատրիարքը տեղեակ պահեցի (ամերիկացի) պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի հետ խօսակցութենէն եւ քաղաքապետական ընտրութիւններու հարցէն»` նշելով. «Կառավարութիւնը կը շեշտէ, որ այդ ընտրութիւնները պէտք է իրենց ժամանակին...

Հայաստանի Եւ Իրանի Զինեալ Ուժերու Յատուկ Նշանակութեան  Ստորաբաժանումները Միացեալ Ռազմափորձեր Կը Կատարեն

Հայաստանի Եւ Իրանի Զինեալ Ուժերու Յատուկ Նշանակութեան Ստորաբաժանումները Միացեալ Ռազմափորձեր Կը Կատարեն

Հայաստանի եւ Իրանի զինեալ ուժերու յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները 9-10 ապրիլ կը կատարեն միացեալ ռազմափորձ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու ստորաբաժանումը ռազմափորձը պիտի կատարէ Հայաստանի տարածքին մէջ, իսկ Իրանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումը` Իրանի տարածքին մէջ: Ռազմափորձը կ՛ենթադրէ Հայաստան-Իրան պետական սահմանին տեղակայուած սահմանային անցակէտերու վրայ պայմանական ահաբեկչական խումբերու յարձակումը չէզոքացնելու գործողութիւններ: Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր:

Ալիեւ. «Քանի Տարածքային Պահանջները Վերցուած Չեն,  Ճակատումի Վտանգը Միշտ Պիտի Ըլլայ»

Ալիեւ. «Քանի Տարածքային Պահանջները Վերցուած Չեն, Ճակատումի Վտանգը Միշտ Պիտի Ըլլայ»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ «Էյ.Տի.Էյ.» համալսարանին մէջ «Դէպի նոր աշխարհակարգ» խորագիրով միջազգային համախմբումի ժամանակ յայտարարած է. «Ազրպէյճանի հարցին մէջ Հայաստանի քաղաքական հաստատութեան մէջ տարակարծութիւններ չկան. հայկական քաղաքական վերնախաւը այդ հարցին մէջ համախմբուած է: Ատիկա ուղղակի բառապաշարի, վարքագիծի եւ մարտավարութեան հարց է: Սակայն ատոր էութիւնը չի փոխուիր, եւ մենք պէտք է ատոր պատրաստ ըլլանք: Քանի տակաւին ստորագրուած չէ խաղաղութեան համաձայնագիրը...

Ուիթքոֆ. «Լիբանան Անկախ Պետութիւն Է,  Որ Իր Գերիշխանական Որոշումները Ինք Կու Տայ,  Եւ Մենք Կառավարութեան Այդ Կարողութեան  Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք»

Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին. «Ուիթքոֆ Կրնայ Օման Չճամբորդել, Եթէ Իրանցիներուն Հետ Բանակցութիւնները Ուղղակի Չըլլան»

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած է. «Համապարփակ փոխըմբռնման ու երկխօսութեան կարիք ունինք, եւ իրանցիներուն կողմէ խաբէութիւնը պիտի չընդունինք»: «Միջին Արեւելքի ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ կրնայ Օման չճամբորդել, եթէ իրանցիներուն հետ բանակցութիւնները ուղղակի չըլլան», նշած է պաշտօնատարը: «Ուիթքոֆի խումբը Օմանի ճամբով յղեց պատգամներ` յորդորելով շաբաթ օր Իրանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ վարել», շեշտած է ամերիկացի պաշտօնատարը: Իրանի արտաքին գործոց...

Ուաշինկթըն. «Հիւլէական Գործարքի  Վերականգնման Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան  Առաջարկին Թեհրանի Պատասխանը Կառուցողական Չէ»

Այսօր Պոլսոյ Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Բանակցութիւններ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Հինգշաբթի օր Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենան Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններ անոր դեսպանատան կարգ մը աշխատանքներուն վերականգնման շուրջ: Այդ աշխատանքները Ուքրանիա ներխուժումէն ետք մեծապէս կրճատուեցան»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս լրագրողներուն յայտնեց. «Օրակարգի վրայ քաղաքական կամ ապահովական որեւէ հարց չկայ, եւ Ուքրանիան բացարձակապէս չէ ներառուած աշխատանքային օրակարգին վրայ: Այս բանակցութիւնները միայն մեր...

ՀԲԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀԲԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելեց «Շաղզոյեան»  կեդրոն, տեսակցելու համար ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր   ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեան։ Պատուիարկութեան մաս կը կազմէին ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենադպիր Սիլվա Լիպարիտեան, Շրջանակային յանձնաժողովի խորհրդական եւ ՀԵԸ-ի ատենապետ Վիգէն Չէրչեան,  Շրջանակային յանձնաժողովի խորհրդականներ Արթիւր Գունտագճեան եւ  Վազգէն Հատիտեան, ՀԲԸՄ ՀԵԸ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Վաչէ Մելքոնեան եւ...

Օրթէյկըս. «Հըզպալլան Քաղցկեղ Է, Եւ Եթէ  Լիբանանը Կ՛ուզէ Առողջանալ,  Պէտք Է Զայն Արմատախիլ Ընէ»

Օրթէյկըս. «Հըզպալլան Քաղցկեղ Է, Եւ Եթէ Լիբանանը Կ՛ուզէ Առողջանալ, Պէտք Է Զայն Արմատախիլ Ընէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի հարցով յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս «Արապիա Ինկլիշ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլան քաղցկեղ է, եւ եթէ Լիբանանը կ՛ուզէ առողջանալ, պէտք է զայն արմատախիլ ընէ, պէտք է զայն ամբողջովին զինաթափել»: Օրթէյկըս նաեւ նշեց. «Իրան շրջանը անկայունութեան վտանգաւոր փուլի մղեց»: Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկեան քաղաքականութեան մասնագէտ քաղաքական աղբիւրներ Օրթէյկըսի Լիբանան այցելութեան որեւէ խորքային...

Շաբաթ Օր Օմանի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ Անուղղակի Բանակցութիւններ

Շաբաթ Օր Օմանի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ Անուղղակի Բանակցութիւններ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Կ՛ուզենք, որ Իսրայէլ մասնակից ըլլայ Իրանի վերաբերեալ որեւէ համաձայնութեան, սակայն կը ջանանք որեւէ ճակատումէ խուսափիլ, եւ մենք Իրանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ կը վարենք»: «Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյացնելը մեզի համար նախընտրելի բանն է», նշեց Թրամփ: Ան յոյս յայտնեց, որ Իրանի հետ բանակցութիւնները...

Թրամփը` Էրտողանին.  «Շնորհաւորութիւններս… Գործակատարներուդ  Ճամբով Սուրիան Առիր»

Թրամփը` Էրտողանին. «Շնորհաւորութիւններս… Գործակատարներուդ Ճամբով Սուրիան Առիր»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումին ընթացքին բացայայտեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Սուրիոյ վերաբերեալ իր զրոյցը: «Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորեցի իր գործակատարներուն ճամբով Սուրիան առնելով երկու հազար տարի ուրիշներուն չկրցածը կատարելուն համար», նշեց Թրամփ` աւելցնելով, որ Էրտողան ըսած է, թէ Սուրիան չէ առած, ուստի ինք պատասխանած է. «Շատ լաւ, այդ...

Քրեմլին. «Ռուս-Ամերիկեան Յաջորդ  Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան  10 Ապրիլին Պոլսոյ Մէջ»

Քրեմլին. «Ռուս-Ամերիկեան Յաջորդ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան 10 Ապրիլին Պոլսոյ Մէջ»

Յաջորդ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները պիտի ըլլան արտաքին գործոց նախարարութիւններու գծով. անոնք տեղի պիտի ունենան 10 ապրիլին Պոլսոյ մէջ: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Ան խորհուրդ տուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն մանրամասնութիւններ սպասել: Փեսքով աւելցուցած է, որ Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը զգալի ջանքեր կը գործադրեն յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար: Նշենք, որ նախորդ բանակցութիւնները տեղի...

Ակնարկ  Պայմանները Ի Զօրու` Թէկուզ  Տարբեր Ոճով Փոխանցուած

Ակնարկ Պայմանները Ի Զօրու` Թէկուզ Տարբեր Ոճով Փոխանցուած

Ամերիկացի յատուկ պատուիրակի Պէյրութ այցելութեան նախօրէին շրջանառուած լրատուութիւնները կը խօսին ոճի սրացումի, պայմանաժամով փոխանցումներ կատարելու եւ նախապայմաններու օղակները նեղցնելու հաւանականութեան մասին: Ամերիկացի դիւանագէտին այցելութեան վերաբերող լրատուութիւնները, պէտք է ըսել, որ համեմատաբար նախորդ յայտարարութիւններուն դրական լիցք կը ներառէին եւ լաւատեսութեամբ պարուրուած էին: Ուշագրաւը այն է, որ ուղղակի յայտարարութիւններու փոխարէն կան պաշտօնական լրահոսներ կայացած հանդիպումներուն եւ քննարկումներուն մասին: Նախագահական պալատի հաղորդումը շինիչ...

Օրթէյկըս. «Հըզպալլան Կարելի Եղածին  Չափ Շուտ Պէտք Է Ապազինել»

Օրթէյկըս. «Հըզպալլան Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Պէտք Է Ապազինել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ պատկերասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «հոյակապ» ժողովներ գումարած է: «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունիմ, հանդիպում ունեցայ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Մենք կանոնաւոր կերպով կապի մէջ ենք, եւ միշտ ալ լաւ է զանոնք դէմ առ դէմ տեսնել:...

Աուն Եւ Պըրրի Քննարկեցին Օրթէյկըսի  Այցելութեան Արդիւնքները

Աուն Եւ Պըրրի Քննարկեցին Օրթէյկըսի Այցելութեան Արդիւնքները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Աուն Պըրրիի հետ քննարկած է երկրի ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ զարգացումները: Նախագահական պալատը նաեւ աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահն ու խորհրդարանի նախագահը քննարկած են Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի Լիբանան այցելութեան արդիւնքները:...

Դիւանագէտներու Համահայկական Խորհուրդի  Յայտարարութիւնը` Հայաստանի Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Կեցուածքին Մասին

Դիւանագէտներու Համահայկական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը` Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կեցուածքին Մասին

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները եւ, մասնաւորապէս, արտաքին գործերի նախարարութիւնը հերթական անգամ ի ցոյց դրեցին իրենց քաղաքական դիմագիծը` ջանադրաբար փորձելով արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ իրենց ամբողջական ձախողումները եւ յանցաւոր անգործութիւնը բարդել ուրիշների վրայ: Ապրիլի 5-ին լրատուամիջոցներից մէկին տրուած արտաքին գործերի նախարարութեան մեկնաբանութիւնը փորձում է տպաւորութիւն ստեղծել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններն, իբրեւ թէ, առաւելագոյն ջանքեր են գործադրել Արցախի շահերի պաշտպանութեան համար` ընդհուպ 2024...

Page 104 of 795 1 … 103 104 105 … 795

Արխիւներ