Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ազիզ Նասիրզատէ յայտարարեց. «Եթէ բանակցութիւնները ձախողին ու պատերազմը պարտադրուի, շրջանին մէջ ամերիկեան ռազմակայանները պիտի հարուածենք, եւ ամերիկացիները պէտք է հեռանան շրջանէն»:
«Մեր զինուորական ձեռքը ամէնէն երկարն է, եւ անցեալ շաբաթ յաջողութեամբ փորձարկեցինք հրթիռ մը, որ 2 թոն կշռող մարտագլխիկ կը կրէ», ըսաւ ան:
Նասիրզատէ նաեւ նշեց. «Թշնամին մեծ վնասներ պիտի կրէ, եթէ մեզի պատերազմ պարտադրէ»:
«Պիտի չընդունինք, որ հիւլէական բանակցութիւններուն մէջ զինուորական հարցերը քննարկուին, եւ ոչ ոք ատոր արտօնութիւնը ունի», յայտնեց Իրանի պաշտպանութեան նախարարը: