Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու կամ պաշտօնանկ ընելու գործընթացի մեկնարկային փուլն է: Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները համաձայնած են, եւ դիմումը` ներկայացուած: Իրաւական գետնի վրայ անոր կայանալու հնարաւորութիւնը տակաւին թէական է: Սահմանադրութիւնը իրաւակարգ սահմանած է նման գործընթաց սկսելու եւ ընդհանրապէս գործող վարչապետը իր պաշտօնէն հեռացնելու առումով: Ըստ էութեան վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու համար 115-րդ յօդուածը այս դրոյթները կը սահմանէ:
Յօդուած 115.
1.- Վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու մասին Ազգային ժողովի որոշման նախագիծ կարող է ներկայացնել պատգամաւորների ընդհանուր թուի առնուազն մէկ երրորդը միայն այն դէպքում, եթէ որոշման նախագծով միաժամանակ առաջարկւում է նոր վարչապետի թեկնածու:
Նախագիծի ներկայացման համար անհրաժեշտ քուէները չեն գոյացած: Միաւորուած են ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները, որոնց քուէներուն գումարը ընդհանուր թիւի մէկ երրորդը չի կազմեր. յայտնաբար կը պակսի երկու քուէ: Թեկնածու ճշդուած էր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Դաւիթ Համբարձումեան:
2.- Վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու մասին Ազգային ժողովի որոշման նախագիծը քուէարկութեան է դրւում այն ներկայացուելուց ոչ շուտ, քան քառասունութ, եւ ոչ ուշ, քան եօթանասուներկու ժամ յետոյ: Որոշումն ընդունւում է պատգամաւորների ընդհանուր թուի ձայների մեծամասնութեամբ` անուանական քուէարկութեամբ: Որոշման ընդունման դէպքում համարւում է, որ վարչապետը հրաժարական է ներկայացրել: Այս դէպքում Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 2-4-րդ մասերի դրոյթները կիրառելի չեն:
Մօտալուտ պիտի ըլլար հարցի քննարկումը, եթէ գոյանային անհրաժեշտ քուէները: Ատկէ ետք ալ ձայներու մեծամասնութեան ապահովումը տարակուսելի պիտի ըլլար, նկատի ունենալով խորհրդարանի ներկայ պատկերը: Հետեւելի գործընթացին համաձայն գործող վարչապետը կը համարուէր հրաժարած: Իսկ 149-րդ յօդուածի 2-4 մասերով ամրագրուած դրոյթները չէին կիրարկուեր պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք ոչ թէ պաշտօնանկումի գործընթացին հետ կապ ունին, այլ վարչապետի կողմէ ինքնակամ հրաժարականին:
3.- Վարչապետին անվստահութիւն կարելի է յայտնել նրա նշանակումից ոչ շուտ, քան մէկ տարի յետոյ: Եթէ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու մասին Ազգային ժողովի որոշման նախագիծը չի ընդունւում, ապա նման նախագիծ կարող է ներկայացւել ոչ շուտ, քան վեց ամիս յետոյ:
Ահա այստեղ կարեւոր կէտ կայ հետագայ գործընթացին առումով: Եթէ չգոյանայ մեծամասնութիւն եւ գործող վարչապետը հրաժարած չնկատուի, ապա յառաջիկայ վեց ամիսներուն պաշտօնանկութեան իրաւական գործընթաց չի կրնար նախաձեռնել Ազգային ժողովը: Իսկ վեց ամիս ետք հանրապետութիւնը համապետական ընտրութիւններու նախաշեմին կ՛ըլլայ եւ ընթացիկ ընտրութիւններու նախապատրաստական փուլ կը հանգրուանէ: Հիմա սակայն նոյնիսկ այդ փուլին չէ հասած գործընթացը, որովհետեւ օրակարգի վերածուելու անհրաժեշտ քուէները չկան:
4.- Արտակարգ կամ ռազմական դրութեան ժամանակ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու մասին Ազգային ժողովի որոշման նախագիծ չի կարող ներկայացուել կամ քննարկուել:
Առ այժմ գոնէ արտակարգ կամ ռազմական դրութեան մէջ չի գտնուիր երկիրը: Թէեւ արտակարգ պայմաններ են թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին առումներով:
Խորհրդարանին մէջ պաշտօնանկութեան օրակարգ չկայ: Մեկնաբանելի, թէ յառաջիկայ վեց ամիսներուն նման գործընթաց կարելի՞ է վերստին ձեռնարկել, թէ՞ ոչ: Ըստ Սահմանադրութեան, նախագիծին մեծամասնութիւն չապահովելու պարագային վեց ամիս պաշտօնանկութեան օրակարգ չի վերադառնար Ազգային ժողով եւ նման նախագիծ չի ներկայացուիր: Խնդիրը այն է, որ նախագիծը ներկայացուելու չէ հասած: Պաշտօնանկութեան գործընթացին շուրջ միաւորուած խորհրդարանական ընդդիմութիւնը պատճառ չունի միեւնոյն միաւորուածութեամբ չնախաձեռնելու զանգուածային շարժման: Այլապէս, ընդդիմութեան վերաբաժանումով իշխանութիւններու հաստատման կրնայ նպաստած ըլլալ այս փուլին պաշտօնանկութեան գործընթաց մեկնարկելը:
«Ա.»