Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Լիակատար Նիստերը

June 13, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, երեքշաբթի, 10 յունիս 2025-ին սկսան հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար յաջորդական նիստերը:

Շաբթուան մը վրայ երկարող այս նիստերուն կը մասնակցին նաեւ թեմակալ առաջնորդներն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու ազգային վարչութիւններու ներկայացուցիչները:

Հանգամանաւոր նիստերուն կը քննարկուին կաթողիկոսութեան ընդհանուր գործունէութեան զանազան ոլորտները, անոր պատկանող հաստատութիւններու աշխատանքները, յառաջիկայ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններն ու ծիսական բարեկարգումի առնչուած հարցերը:

Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու համատեղ նիստին նախատեսուած է օրակարգի վրայ ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ նուիրապետական աթոռներու հետ կաթողիկոսութեան յարաբերութիւնը, սփիւռքի մեր թեմերուն կապուած համայնքներու վերակազմակերպական առաջադրանքները եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումին ի խնդիր տարուող աշխատանքները:

Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքները: Քննարկուած հարցերուն եւ ընդհանուր եզրակացութիւններուն մասին կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքը մամլոյ հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակէ յառաջիկային:

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային  Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական  Ժողովներու Լիակատար Նիստերը
Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային  Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական  Ժողովներու Լիակատար Նիստերը
Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային  Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական  Ժողովներու Լիակատար Նիստերը

 

Նախորդը

Եւտոքիմով. «Ալիեւի Իմաստութեան Եւ Փութինի Հետ Անոր Յարաբերութիւններուն Շնորհիւ Խաղաղութիւնը Վերականգնուած Է»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (13 Յունիս 2025)

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.