Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան Կառավարիչներու խորհուրդը երէկ որդեգրած է բանաձեւ մը, որուն համաձայն, Իրան չի կատարեր իր հիւլէական պարտաւորութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»:
«Դիւանագէտներու համաձայն, Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան Կառավարիչներու խորհուրդի անդամ 19 երկիր թեր քուէարկած է բանաձեւին… Ռուսիան, Չինաստանը եւ Պուրքինա Ֆասոն քուէարկած են դէմ, 11 երկիր մնացած է ձեռնպահ, իսկ երկու երկիր չէ քուէարկած», կը հաղորդէ լրատու գործակալութիւնը:
«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը նշէ, որ բանաձեւի նախագիծը ներկայացուցած են Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Բրիտանիան եւ Գերմանիան:
«Բանաձեւին մէջ Կառավարիչներու խորհուրդը կը պահանջէ անյապաղ բացատրութիւն ներկայացնել Թեհրանի մէջ քանի մը չյայտարարուած կառոյցներու մէջ յայտնաբերուած իւրանիոմի մասնիկներու վերաբերեալ», կը գրէ գործակալութիւնը:
Փաստաթուղթին համաձայն, Իրան չէ կրցած երաշխիքներ տրամադրել, որ իր հիւլէական ծրագիրը բացառապէս խաղաղ բնոյթ ունի, եւ ատոր պատճառով յառաջացած հարցերը կը գտնուին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի իրաւասութեան տակ:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութիւնը 12 յունիսին հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որով դատապարտած են Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան Կառավարիչներու խորհուրդի որոշումը, որուն համաձայն, Թեհրան լիովին չի կատարեր հիւլէական ոլորտին մէջ իր պարտաւորութիւնները:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութիւնը միացեալ յայտարարութեան մէջ խստօրէն դատապարտած են բանաձեւը:
«Իրան միշտ կատարած է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան անվտանգութեան մասին համաձայնագիրով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Միացեալ յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ընդգծուի բանաձեւի քաղաքական կողմնակալութիւնը եւ իրաւական հիմքի բացակայութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իր կարգին նշեց, թէ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան որոշումը աւելի կը բարդացնէ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու յառաջիկայ փուլը: