Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին յաջորդեցին միջազգային արձագանգներ, որոնք դատապարտում եւ զգուշացման ու ինքնազսպումի կոչեր կը պարունակէին: Շարք մը պետութիւններ դատապարտեցին յարձակումը եւ զայն նկատեցին Իրանի գերիշխանութեան ոտնահարում:
Շրջանային ու միջազգային կարգ մը կողմեր իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին սրընթաց մագլցումին եւ շրջանին մէջ տագնապի տարածքի ընդլայնման նկատմամբ:
Ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը յայտնեց. «Իրանեան հիւլէական անվտանգութեան իշխանութիւններուն հետ կապ կը հաստատենք հիւլէական կայաններու վիճակը ստուգելու համար»` շեշտելով. «Մտահոգ ենք, եւ որեւէ պարունակի մէջ պէտք չէ իրանեան հիւլէական կառոյցներուն վրայ յարձակում գործել»:
«Իրանի վրայ յարձակումը վտանգաւոր հետեւանքներ ունի հիւլէական ապահովութեան եւ շրջանային անվտանգութեան վրայ», նշեց գործակալութիւնը` բոլոր կողմերուն կոչ ուղղելով «առաւելագոյն ինքնազսպում ցուցաբերելու»:
«Զինուորական որեւէ արարք, որ հիւլէական կայաններուն ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը կը վտանգէ, Իրանի ժողովուրդին ու շրջանին համար ծանր հետեւանքներ կը պարունակէ», ընդգծեց Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը` աւելցնելով. «Կը շարունակենք մօտէն հետեւիլ կացութեան եւ ամբողջովին պատրաստ ենք թեքնիք օժանդակութիւն տրամադրելու»:
Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի կառավարութիւնները դատապարտեցին Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը:
Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Պենի Ուանկ յայտնեց, որ մտահոգ է Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ մագլցումէն, որ կը սպառնայ արդէն իսկ վատ վիճակի մէջ գտնուող շրջանային կայունութիւնը քայքայել:
Նոր Զելանտայի արտաքին գործոց նախարար Քրիսթոֆըր Լաքսըն ըսաւ, որ իսրայէլեան յարձակումները իր կառավարութեան մօտ «մեծ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն»` աւելցնելով, որ այդ յարձակումը Միջին Արեւելքի համար «կրնայ աղէտալի ըլլալ»:
«Սխալ գնահատման մեծ վտանգ գոյութիւն ունի», նշեց ան:
Օմանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց Իսրայէլի «վայրագ զինուորական յարձակումը, որ գերիշխանական կառոյցներ թիրախաւորեց եւ զոհեր պատճառեց»:
«Այս յարձակումը կը կատարուի չափազանց նուրբ պահու մը մէջ, երբ Իրանի իսլամական հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հիւլէական բանակցութիւնները վերսկսելու միջազգային աշխուժ ջանքեր կը թափուին, ինչ որ յստակօրէն ցոյց կու տայ դիւանագիտական ուղին դիտաւորեալ կերպով խոչընդոտելու եւ շրջանային ու միջազգային խաղաղութեան վրայ ծանր հետեւանքներ ունեցող աւելի ընդարձակ տագնապ հրահրելու մտադրութեան գոյութիւնը», նշեց Օմանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին դատապարտեց Իրանի իսլամական հանրապետութեան հողերուն վրայ իսրայէլեան լկտի յարձակումը` շեշտելով բռնի ուժի կիրարկման մերժումը եւ տարակարծութիւններու լուծման համար երկխօսութեան ուղիի որդեգրման անհրաժեշտութիւնը:
Նախարարը նաեւ նշեց, որ իսրայէլեան յարձակումը կը խոչընդոտէ մագլցումը նուազեցնելու եւ դիւանագիտական լուծումներու հասնելու ջանքերը:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «բուռն կերպով» դատապարտեց իսրայէլեան յարձակումը, «որ թիրախաւորեց եղբայրական Իրանի իսլամական հանրապետութեան հողերը»` զայն նկատելով «Իրանի գերիշխանութեան եւ անվտանգութեան բացայայտ ոտնահարում մը»:
Նախարարութիւնը շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է իր իրաւական ու բարոյական պատասխանատուութիւններուն տէրը կանգնի եւ «շտապ կերպով» դադրեցնէ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատեց «իր դիրքորոշումը, որ կը մերժէ բոլոր տեսակի բռնարարքները, կոչ կ՛ուղղէ ինքնազսպումի եւ խուսափելու մագլցումէն, որ տագնապի տարողութիւնը կրնայ մեծցնել եւ շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ականահարել»:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ դէմ է Իրանի գերիշխանութեան, անվտանգութեան ու հողային ամբողջականութեան ոտնահարման, կացութեան մագլցումին եւ Միջին Արեւելքի մէջ տագնապներու ընդլայնման»:
Բրիտանիոյ վարչապետ Կիր Սթարմըր Իրանի վրայ իսրայէլեան «մտահոգիչ» յարձակումներուն անդրադառնալով կոչ ուղղեց «ինքնազսպումի եւ դիւանագիտութեան վերադառնալու»:
«Այս հարուածներուն վերաբերեալ տեղեկութիւնները մտահոգիչ են, եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` ետդարձ կատարելու եւ շտապ կերպով լարուածութիւնը մեղմացնելու: Մագլցումը շրջանին մէջ ի շահ ոչ ոքին է», նշեց ան:
Բրիտանիոյ վարչապետը նաեւ ընդգծեց. «Միջին Արեւելքի մէջ կայունութիւնը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ, եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք լարուածութիւնը մեղմացնելու»:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի զինեալ ուժերու հարցերու յանձնախումբի աւագ դեմոկրատական անդամ Ճեք Ռիտ քննադատեց Իսրայէլը` նշելով. «Իսրայէլի Իրանի վրայ օդային հարուածներ հասցնելու մտահոգիչ որոշումը անպատասխանատու մագլցում մըն է, որ շրջանին մէջ բռնարարքները կրնայ հրահրել»:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, թէ Ռուսիան մտահոգ է եւ կը դատապարտէ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ լարուածութեան մէջ սուր մագլցումը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Մենք կոչ կ՛ուղղենք` խուսափելու որեւէ սրումէ, որ կրնայ վտանգել շրջանի կայունութիւնը»:
Ան միեւնոյն ժամանակ յիշեցուց, որ Ֆրանսան բազմիցս արտայայտած է «խոր մտահոգութիւն իրանեան հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ» եւ ընդգծած Իսրայէլի «ինքզինք պաշտպանելու» իրաւունքը:
Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց նոյնպէս բոլոր կողմերուն կոչ ուղղած է զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ զգուշացուցած անկայունութենէն: