Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ յայտնեց. «Կ՛ուզեմ խուսափիլ Իրանի հետ հակամարտութենէ, եւ Իրան պէտք է զիջումներ կատարէ»:
«Չեմ ըսեր, թէ Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակում մը մօտալուտ է, սակայն անոր հաւանականութիւնը մեծ է», շեշտեց ան:
Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ ստացած են տեղեկութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ Իսրայէլ պատրաստ է Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւն մը կատարելու:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Ամերիկացի պաշտօնատարները տեղեակ են, թէ Իսրայէլ ամբողջովին պատրաստ է Իրանի դէմ գործողութիւն մը շղթայազերծելու»:
Կայանը կ՛աւելցնէ. «Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսեն, որ Իրան մերձակայ Իրաքի մէջ ամերիկեան որոշակի կառոյցներու դէմ վրէժխնդրական հարուած մը շղթայազերծէ»:
«Սի.Պի.Էս.»-ի տեղեկութեան համաձայն, ատիկա պատճառներէն մէկն էր, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մղած է Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կարգ մը պաշտօնեաներուն Իրաքէն հեռանալու հրաման արձակելու:
«Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ տակաւին կը ծրագրէ հանդիպում ունենալ իրանցի ներկայացուցիչներու հետ` Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններու նոր փուլ մը նախաձեռնելու համար», հաղորդեց կայանը:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի. Նիուզ»-ին յայտնած են. «Իսրայէլ կը սերտէ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին, հաւանաբար առանց ամերիկեան աջակցութեան, Իրանի վրայ յարձակում մը գործելու կարելիութիւնը»:
Ամերիկացի եւ եւրոպացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնեցին. «Իսրայէլ Իրանի դէմ զինուորական արարք մը գործելու շեմին է»:
Նախքան այդ, ամերիկեան զինուորական աղբիւր մը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած էր. «Պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսիթ ամերիկացի զինուորներու ընտանիքներու անդամներուն արտօնեց ապահովական պատճառներով Միջին Արեւելքէն կամաւոր կերպով հեռանալ»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, թէ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Մայքըլ Քուրիլա Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութեան պատճառով յետաձգած է օրէնսդիրներու առջեւ երէկ նախատեսուած իր վկայութիւնը:
Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը ամերիկացի քաղաքացիները յորդորեց Իրաք չայցելելու:
«Իրաք մի՛ ճամբորդեր, ահաբեկչութեան, առեւանգման, զինեալ տագնապներու, քաղաքային անկարգութիւններու կամ ամերիկեան կառավարութեան Իրաքի մէջ ամերիկացի քաղաքացիներուն արտակարգ ծառայութիւն մատուցելու կարողութեան սահմանափակութեան պատճառով: Որեւէ պատճառով Իրաք մի՛ ճամբորդեր»:
Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը նշեց. «Նկատի ունենալով շրջանային հետզհետէ աճող լարուածութիւնը, ամերիկեան կառավարութեան պաշտօնեաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն կ՛արգիլուի Մեծն Թել Աւիւի, Երուսաղէմի եւ Պիր Սապըհի շրջանէն դուրս ճամբորդել: Այս երեք շրջաններուն միջեւ ներառեալ Պեն Կորիոն օդակայան տեղափոխուիլը կ՛արտօնուի»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշեց, որ Ֆրանսան ներկայ փուլին Միջին Արեւելքի մէջ իր դիւանագէտ պաշտօնեաներուն կացութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու պատճառ չի տեսներ:
Արաբ դիւանագէտ մը «Նաշրա» կայքին յայտնեց. «Քաղաքական եւ տեղեկատուական աղմուկը, որ յանկարծ բարձրացաւ Իրանի դէմ իսրայէլեան պատերազմի եւ անոր հետեւող Իսրայէլի դէմ իրանեան պատասխանի վերաբերեալ, դիմակայման անխուսափելիութիւն չի նշանակեր, այլ կրնայ մաս կազմել ամերիկացիներուն եւ իրանցիներուն միջեւ ընթացող բանակցութիւններու հոլովոյթին»:
Դիւանագէտը նաեւ ընդգծեց. «Արեւմուտքի, Իսրայէլի եւ Իրանի շահերէն չի բխիր նոր պատերազմ հրահրել, որովհետեւ ատիկա հաւասարապէս շրջանային ու միջազգային անվտանգութեան համար վնասակար պիտի ըլլայ»:
Միւս կողմէ, պաշտօնատարներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են. «Շաբաթավերջին Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններու կայացման կարելիութիւնը հետզհետէ աւելի անհաւանական կը թուի»: