Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան-Յորդանան Վեհաժողովի Ընթացքին Համակարգումի Եւ Խորհրդակցութեան Շուրջ Համաձայնութիւն

June 11, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան միօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Ամման` ընդառաջելով Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորի հրաւէրին:

Նախագահ Աուն հասաւ Յորդանանի Մարքա զինուորական օդակայան, ուր զինք դիմաւորեց Ապտալլա Բ. թագաւորը:

Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ Լիբանան կը գնահատէ դժուար պահերուն Յորդանանի` Լիբանանի կողքին կանգնիլը:

«Այս այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ հասարակաց տագնապներու դիմակայման, ահաբեկչութեան ու ծայրայեղականութեան վտանգներուն դէմ դնելուն ու մեր պետութիւններուն անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու համար արաբական ջանքերու միաւորման կարիքի աճին լոյսին տակ», նշեց Աուն:

Լիբանանի նախագահն ու Յորդանանի թագաւորը համաձայն գտնուեցան հասարակաց շահերուն ու արաբական հարցերուն ծառայող, ինչպէս նաեւ շրջանային կայունութեան նպաստող` երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման ու զարգացման կարեւորութեան շուրջ:

Նախագահ Աուն եւ Ապտալլա Բ. թագաւոր համաձայնութիւն գոյացուցին շարունակելու տարբեր խնդիրներու վերաբերեալ համակարգումն ու խորհրդակցութիւնը եւ անոնց քաղաքական լուծումներ գտնելու համար աշխատանքը աւելցնելու շուրջ:

Անոնք շեշտեցին ապահովական եւ զինուորական գործակցութեան կարեւորութիւնը, մասնաւորաբար ահաբեկչութեան, կազմակերպուած ոճիրի, թմրեցուցիչի մաքսանենգման դէմ պայքարին մէջ, ինչպէս նաեւ ապահովական համակարգումի եւ տնտեսական ու առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ որոշեցին աշխատանք տանիլ ստեղծելու շարք մը ոլորտներու մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համակարգումի բարձր մեքանիզմի ստեղծման համար:

Երկու ղեկավարները շեշտեցին, որ կը մերժեն պաղեստինցիները տեղահանելու որեւէ ծրագիր:

 

 

Նախորդը

Պիտիասի Եւ Տէյր Քանունի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Վրայ Անջատ Յարձակումներ

Յաջորդը

Պաքու. «Ռուսիոյ Նախագահի Օգնականի Ղարաբաղի Պատկանելիութեան Մասին Խօսքերը Ափսոսանք Եւ Զարմանք Կը Յառաջացնեն»

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.