Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիտիասի Եւ Տէյր Քանունի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Վրայ Անջատ Յարձակումներ

June 11, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկու անջատ դէպքերու ընթացքին Պիտիասի եւ Տէյր Քանունի բնակիչները արգելք հանդիսացած են պարեկութիւն կատարող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու: Երիտասարդ մը ապտակած է ՖԻՆԻՒԼ-ի զինուորներէն մէկը:

Մեկնաբանելով երկու դէպքերը` ՖԻՆԻՒԼ շեշտեց, որ ազատ շարժումը ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան գործադրութեան հիմնական պայման կը նկատուի, եւ ատիկա կը ներառէ անկախ եւ անկողմնակալ կերպով աշխատելու կարողութիւնը:

ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժը իր զինուորներուն թիրախաւորման շարունակումը նկատեց անընդունելի եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց անհրաժեշտ բոլոր քայլերը որդեգրելու` երաշխաւորելու համար խաղաղապահներուն առանց խոչընդոտներու կամ սպառնալիքի իրենց առաքելութիւնը կատարելը:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամներուն վրայ յարձակումը եւ պահանջեց անոր հեղինակները հաշուետուութեան ենթարկել, իսկ լիբանանեան բանակը ամրապնդեց շրջանին մէջ իր ներկայութիւնը եւ ձեռնարկեց յարձակումի հեղինակներու հետապնդման:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ բուռն կերպով դատապարտեց «Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն` ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ իրերայաջորդ յարձակումները»` նշելով. «Այսպիսի վարմունքը հարաւային Լիբանանի եւ անոր բնակչութեան անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կը վտանգեն եւ ազգային շահին կը վնասեն»:

Վարչապետը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց. «Լիբանանը նախանձախնդիր է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան վերանորոգման, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան ուղղութեամբ յառաջ ընթանալը եւ հարաւային սահմաններուն վրայ անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանումը»:

Սալամ առնչակից ծառայութիւններէն պահանջեց. «Անհրաժեշտ է աշխատանքի լծուիլ` կալանաւորելու համար միջազգային խաղաղապահ ուժերուն վրայ յարձակում գործած անձերը եւ զանոնք առնչակից արդարադատութեան փոխանցելու»:

Ամալ շարժումը յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը կը շարունակէ միջազգային եւ գործնական վկան մնալ յարձակողապաշտութեանը Իսրայէլի, որ կը ջանայ դաւադրութիւն սարքել միջազգային ուժերուն դէմ անոնցմէ եւ Լիբանանէն վրէժ լուծելու համար` բոլորին կոչ ուղղելով` կողքին կանգնելու «այս միջազգային վկային, որ Լիբանանի մէջ իր երթի ընթացքին դարձած է հարաւցիներու մէկ անբաժանելի բաղադրիչ մասը»:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց. «Միջազգային ուժերը հարաւային Լիբանանի մէջ պահելը աւելի քան անհրաժեշտ է` խուսափելու համար աշխարհի վրայ տարածուած քաոսի եւ պատերազմի ժամանակաշրջանին մէջ անորոշութեան մէջ մտնելէ»:

 

 

 

Նախորդը

Լը Տրիան Այցելեց Պըրրիի Եւ Սալամի

Յաջորդը

Լիբանան-Յորդանան Վեհաժողովի Ընթացքին Համակարգումի Եւ Խորհրդակցութեան Շուրջ Համաձայնութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.