ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բազմազբաղ էք, ձեր գործին, ընտանիքին եւ առօրեայ աշխատանքին միջեւ: Ասիկա ձեզմէ կը պահանջէ յաւելեալ եռանդ եւ ուժ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հաճելի շաբաթավերջ եւ զուարթ երեկոյ` հանգստաւէտ պայմաններով` բարեկամներու հետ. փնտռուած անձը պիտի ըլլաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ծայրայեղ գործունէութիւնը առիթ պիտի տայ ձեզի ամէն ինչ կատարելու` թէ՛ տան թէ՛ գործատեղիին մէջ. հետեւաբար կրնաք ունենալ վէճեր:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր գործին եւ անձնական կեանքին մէջ պիտի ունենաք զօրաւոր ներշնչում, որոնցմով պիտի յառաջանան ձեր գործերը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ոմանց համար պարտքեր կարգադրելու, ուրիշներու համար դրամ շահելու` առիթներ պիտի ըլլան: Օրը պիտի անցընէք դրամական հաշիւներ կարգադրելով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գործի եւ անձնական հարցի լաւ ծրագրում մը պիտի յոգնեցնէ ձեզ եւ պիտի ճնշէ ձեր վրայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր զգացած յոգնութիւնը շուտով պիտի փարատի ֆիզիքական մարձումով կամ հանգիստ շաբաթավերջով մը: Ականջ տուէք ձեր մարմնին պահանջներուն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի ունենաք ընկերային խանդավառ ժամեր, շարժուն եւ լաւ առիթներ, թերեւս` ճամբորդութեան ծրագիր մը կամ շաբաթավերջի բարեկամական հրաւէր մը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Յամառութիւն մը, անհամաձայնութիւններ կը սպառնան ձեր օրը խանգարել` առանց ձգելու նուազագոյն հանգիստը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Փոքր ճամբորդութիւն մը, հաճելի շաբաթավերջ մը` բարեկամներով, նոր հանդիպումներ, տարբեր հաճոյքներ ձեզ պիտի ուրախացնեն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընտանեկան առկախ հարցերը եւ այլ գործունէութիւն պիտի լեցնեն ձեր օրը, որոնք պիտի իրագործուին կատարեալ յաջողութեամբ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հակառակ ձեր սովորութեան` բախումներ պիտի ունենաք ուրիշներու հետ, որոնք պատճառ պիտի ըլլան վէճերու եւ անհամ խօսքերու: