ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ընտանեկան յարաբերութիւնը սիրալիր պիտի չըլլայ: Եթէ հաշտութիւնը կարելի է ներկայիս, ձեր դիրքը որոշեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընտանիքի մէջ ժամանակ անցուցէք. լաւ յիշատակներու համար վերադարձէք ձեր մանկութեան վայրերը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նախքան վտանգաւոր կէտի մը հասնիլը` ձեր պիւտճէն քննեցէք: Վտանգը նախատեսելը իմաստութիւն է, գործի անցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ամօթխածութիւնը մի՛ շեշտէք: Կը սիրէք յարաբերիլ ուրիշներու հետ: Ուրեմն կատարեցէք ձեր փափաքը: Ընկերութենէն հեռու մի՛ մնաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պարանը զօրաւոր մի՛ քաշէք, կրնայ կտրուիլ եւ կը հիւանդանաք: Ասիկա կը նշանակէ, որ չափազանցութիւններէ հեռու մնաք, բնական ապրեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր բարեկամներուն նկատմամբ շատ պահանջկոտ մի՛ ըլլաք: Անոնք կ՛ընեն այն, ինչ որ կրնան ընել: Կեդրոնացէք ձեր սեփական ուժին վրայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մտահոգութիւնները ձեզ կ՛ընկճեն. թոյլ մի՛ տաք, որ ընկրկիք, դրական մնացէք: Ձախողութիւնները կու գան ու կ՛երթան ձմրան օրերու նման:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շնչառութեան փորձեր կատարեցէք հանգստանալու համար: Հեռու մնացէք յոգնեցուցիչ աշխատանքներէ եւ քնացէք ճիշդ ժամերուն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Տնտեսական չնախատեսուած հարց մը պիտի ունենաք, իրար մի՛ անցնիք, բայց կազմակերպուեցէք կարելիութեան սահմանին մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դժգոհ էք, կը կարծէք, որ ամէն մարդ ձեր դէմ ելած է. դադրեցէք տրտնջալէ: Անտեղի կերպով տրտունջներ մի՛ ունենաք, անիմաստ է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Վատ տրամադրութեամբ պիտի արթննաք, չէք ուզեր ոեւէ մէկը տեսնել: Զուր տեղ ձեր տրամադրութիւնը մի՛ քանդէք, որովհետեւ ձեր ենթադրածը սխալ է, ուշքի եկէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մարզանքը կարգապահութիւն կը պահանջէ: Հետեւաբար առաջին դասէն իսկ մի՛ լքէք մարզանքը, որմէ ֆիզիքական շատ օգուտ կրնաք քաղել: