ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կրնաք իրարու հետ հաշտեցնել աշխատանքը եւ բարեկամութիւնը: Պէտք է յստակացնէք ձեր մտադրութիւնը` հասնելու համար ձեր նպատակին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շտկեցէք աշխատանքի մէջ կատարուած ձախողութիւն մը: Միջոցներ ունիք կացութիւնը կարգադրելու համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ժամանակ տուէք մարզանքի` ձեր ֆիզիքական առողջութիւնը պահելու համար: Օրը յարմար է նման օգտակար հարցեր իրագործելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր լաւատեսութիւնը օրինակելի պիտի ըլլայ ձեր շրջանակին մէջ: Մարդիկ ձեզի պիտի հետեւին: Շարունակեցէք ձեր այս վերաբերումը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Գործակից մը ձեզ պիտի դնէ փափուկ կացութեան մը մէջ. անկարելի է այս ձեւով ապրիլ, պէտք է համակերպելու ճարը գտնէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կենսանիւթի պէտք ունիք: Դեղահատեր առէք, եթէ ձեր կերած պտուղները բաւարար չեն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Սէրը պիտի ըլլայ ձեր եռանդին աղբիւրը, նկատի առէք այս պարագան եւ օգտագործեցէք բարեկամական թէ սիրոյ պահերը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ծնո՛ղք, դուք ձեզ պարտադրանքներու տակ մի՛ դնէք, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ կատարեալ ըլլալ: Աշխատեցէք պէտք եղած չափով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մերձաւորի մը յարձակունակութիւնը պիտի չէզոքացնէք: Ուշադիր եղէք ձեր յարաբերութեան ընթացքին` աւելորդ խօսքեր չխօսելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Խոստմնալից շաբաթ մը պիտի ունենաք ձեր գործերուն վերաբերեալ: Կատարեցէք այն ինչ որ կ՛ուզէք ընել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լաւ որոշում մը պիտի տաք, որ պիտի հետաքրքրէ ձեր շահերը: Եթէ նոյնիսկ անմիջապէս արդիւնք մը չստանաք, մի՛ յուսահատիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ստիպուած պիտի ըլլաք` լսելու անձի մը խրատները, որոնք պիտի հանդարտեցնեն ձեր տրամադրութիւնը: Դուք ձեզ պաշտպանեցէք:
