Ամեր. Ծերակոյտը Հայկական Եղեռնի Մասին
Ընդունուած Է Յատուկ Բանաձեւ Մը,
Որ Մանրամասն Յիշատակութիւնը Կ՛ընէ
Հայկական Ջարդերուն Եւ Մեր Պահանջներուն
Նոր ստացանք ամերիկեան Քոնկրեսի պաշտօնաթերթ «Քոնկրեշընլ Ռեքըրտ»-ի ապրիլ 23-ի թիւը, ուր ի միջի այլոց կը յայտարարուի, թէ ծերակոյտի ապրիլ 23-ի նիստին Եղեռնի յիսնամեակին առթիւ խօսած են չորս ծերակուտականներ` Պըրչ Պէյի` ազատական դեմոկրատ, Ինտիանայէն, Վէյնս Հէյրքի` նոյնպէս ազատական-դեմոկրատ, վերոյիշեալ նահանգէն, Փոլ Տակլըս` ազատական-դեմոկրատ ծերակուտական, Իլլինոյ նահանգէն, եւ Ռոմեն Թրուսքա` հանրապետական ծերակուտական, Նեպրասքայէն:
Չորս ծերակուտականներն ալ յիշեցուցած են ծերակոյտի` հայերու ենթարկուած ահաւոր ջարդերը, թուրքերուն կողմէ, եւ ներկայացուցած են բանաձեւ մը, որ պատրաստուած էր Եղեռնի յիսնամեակի տօնակատարութեան Շիքակոյի յանձնախումբին կողմէ: Բանաձեւը, որ մանրամասն յիշատակութիւնը կ՛ընէ հայկական ջարդերուն եւ մեր պահանջներուն, ընդունուած է ծերակոյտէն ու արձանագրուած` պաշտօնաթերթին մէջ:
Թուրք Թերթերը
Մարզաւանի Յուշատօնի Մասին
Ցաւով Ու Նողկանքով Տեսանք, Թէ «Թրքասէր»
Լիբանանը Արտօնեց Այդ Անպատկառ Միթինկը»
Կը Գրէ «Ենի Ստամպուլ»
«Հայկական Ջարդ Տեղի Ունեցած Չէ. Նասըրի, Մակարիոսի
Եւ Մոսկուայի Խորհուրդով Կը Գործեն Հայերը»
«Ենի Ստամպուլ»-ի մէջ թուրք ծերակուտական Թեւեթօղլու «Մեր ներքին եւ արտաքին թշնամիները» խորագրով կը գրէ.-
Թուրքին եւ իսլամին թշնամիները մէկ հատ չեն, շատ են, անջատ-անջատ կ՛երեւին, բայց երբ հարկ ըլլայ, միացեալ ճակատ կը կազմեն երկրին մէջ թէ երկրէն դուրս եւ անխղճօրէն կը յարձակին թրքութեան եւ իսլամութեան վրայ:
Մեր ամէնէն զօրաւոր կռուանը, մեր մեծագոյն ուժը անկասկած մեր ազգութիւնն է, մեր կրօնն է: Հակառակ անոր որ միացեալ ճակատ մը չենք կազմած կամ չենք կրցած կազմել, ստիպուած ենք սակայն առաւելագոյն բծախնդրութեամբ եւ ուշի ուշով հետեւիլ ազգութեան եւ կրօնի հրձիգներու բոլոր քայլերուն: Անոնք, որոնք կը ճամբորդեն եւ հնարաւորութիւն կ՛ունենան Պէյրութ եւ կամ Փարիզ հանդիպելու, թուրքի եւ իսլամի այդ թշնամիներուն արտասահմանի մէջ ունեցած գործունէութեանց տեսակ-տեսակ նմուշները կը տեսնեն: Քանի մը օր առաջ պէյրութցի պատմական անձնաւորութիւն մը իր անթերի թրքերէնով ինքզինք ներկայացուց իբրեւ «նախկին հայրենակից մը: Թուրքին անցեալ շրջաններու վեհանձնութենէն եւ նկարագրի գիծերէն նմուշներ տուաւ, իր շնորհապարտ զգացումները յայտնեց, եւ պախարակեց այն տխմար հայերը, որոնք Պէյրութի ալ հանգիստը կը խռովեն, եւ Մակարիոսի, Մոսկուայի եւ Նասըրի խամաճիկներն են պարզապէս:
Երբ այս է իրականութիւնը, միւս կողմէ ցաւով եւ նողկանքով տեսանք, թէ մեր հարեւանը` Լիբանան, որուն կառավարութիւնը, խորհրդարանը եւ ժողովուրդը հարիւրին իննսուն թրքասէր, են, թրքութեան կապուած են, պաշտօնապէս արտօնեց, որ իր իսկ մայրաքաղաքին մէջ հայկական անիրաւ եւ անպատկառ միթինկ մը գումարուի` լիբանանեան պետութեան ներկայացուցիչներուն իսկ մասնակցութիւնով:
Կիպրոսի մէջ անմեղ մանուկները եւ անոնց մայրերը սպաննող ոճրագործ ձեռքերը եւ Սուրիոյ մէջ մզկիթները ռմբակոծող ձեռքերը միեւնոյնն են: Քսաներորդ դարու սեւ արատը` Մակարիոս, իր ոճիրները ամէնուն աչքին առջեւ կը գործէ, եւ նոյն Մակարիոսին «ոճիրներ նզովող պարսաւագիրները»: Պէյրութի եկեղեցիներուն եւ սթատիումին մէջ կը կարդացուին: Այս պարագան պէտք է օրինակ հանդիսանայ թուրքին ալ, իսլամին ալ, բոլոր խղճամիտ եւ ողջմիտ մարդոց ալ: Երբ ոճրագործները պատմութեան խորերը վերոյիշելով կ՛ուզեն իրենք զիրենք որբացնել, դժուար է գիտնալ, թէ ովքե՞ր կը ջանան օգտուիլ այս գրգռութիւններէն եւ դաւերէն: Դժուար չէ սակայն այս հրձիգութեան մէջ տեսնել տեսակ տեսակ օձեր եւ իժեր, որոնք բոյն դրած են Մոսկուայի, Փարիզի, Աթէնքի, Լեֆքոշէի, Թել Աւիվի եւ Գահիրէի մէջ: Անոնք վատութեան ուժերն են, որ կ՛ուզեն թրքութիւնը եւ իսլամութիւնը բաժան-բաժան ընել, բնաջնջել, դարերէ ի վեր հազարումէկ տարազներու մէջ ծպտուած, ուզած են ներկայացող ամէն առիթէ օգտուիլ եւ թափ տուած են իրենց նզովեալ չարիքներուն:
Պէյրութի խամաճիկ հայերը թող լաւ գիտնան, թէ այսօր իրենց դէմը ո՛չ օսմանեան պետութիւնը կայ, ո՛չ ալ Ճեմալ փաշան: Այլ կայ Մուսթաֆա Քեմալ փաշային հիմնած Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, զոր ապրեցուցած է եւ առ յաւէտ պիտի ապրեցնէ թուրք ազգը, եւ թուրք երիտասարդութիւնը անոր պահապանն է:
Ստիպուած ենք շատ աւելի արթուն, ուշադիր եւ բծախնդիր ըլլալ` մեր բարեկամներն ու թշնամիները ճշդելու համար: Ստիպողաբար եւ փութով պէտք է աչքէ անցընենք մեր պաշտօնեաները, որոնք երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս կը զբաղին այս խնդիրներով:
Թուրք Ծերակուտականի Մը Լրբութիւնը
Թուրք ծերակուտական Սատի Քոչաշ, թրքական ծերակոյտի անցած երեքշաբթի օրուան նիստին, օրակարգէ դուրս խօսելով, յայտնած է, որ նախագահ Նասըրի եւ հելլէներու դրդումով Պէյրութի, Նիւ Եորքի եւ Փարիզի մէջ կատարուած հայկական միթիկներն ու ցոյցերը, Թուրքիան սխալ պիտի ճանչցնեն համաշխարհային հանրային կարծիքին:
Եւ շեշտելէ վերջ թէ կառավարութեան արտաքին ներկայացուցիչները այս մասին իրենց վիճակուած պարտականութիւնները չեն կատարած, ըսած է.
«Պատմութիւնը խեղաթիւրել` կը նշանակէ յիսուն տարի առաջ պատահած ինքնապաշտպանութիւն մը հայկական ջարդ յորջորջել: Իբրեւ հայկական խնդիր մէջտեղ նետուիլ ուզուած դէպքը միակողմանի դէպք մը չէ: Կան բազմաթիւ պատմական փաստաթուղթեր` ցոյց տուող, որ այս դէպքերը ցոյց տրուածին պէս չեն: Այդ շրջանին արեւլ. Անատոլուի մէջ մեզի դէմ մարտնչող ռուս բանակի սպաներուն պաշտօնական տեղեկագրերով ալ իրականութիւնները պարզուած են»:
Քոչաշ կարդացած է յօդուածներ դէպքերուն ականատես ռուս դեր գնդապետի մը պատրաստած տեղեկագրէն, ուր կ՛ըսուի. «Հայերը սկսան ապստամբութեան: Անոնք ձեռնարկեցին իրենց թուրք դրացիները զանգուածաբար սպաննելու»: Ռուս սպային ըսածին պէս` հով ցանողը փոթորիկ հնձած է»:
Ծերակուտականը շեշտեց նաեւ, որ դեռ հնչակները եւ դաշնակները կը ջանան հայոց ճակատագրին հետ խաղալ:
Քոչաշ անհրաժեշտ նկատեց ձեռնարկ ընել, որպէսզի խնդրոյն իրական ճակատը պարզուի համաշխարհային հանրային կարծիքին եւ ըսաւ. «Արդարանալի չէ այս քարոզչութեան հանդէպ մեր անտարբեր մնալը: Կ՛ուզեմ հասկնալ, որ աշխարհի բազմաթիւ տեղերը գտնուող մեր մամլոյ կցորդները եւ խորհրդականները ինչպիսի՞ ջանք թափած են այս սխալ հրատարակութեանց դէմ: Ունինք այնպիսի մամլոյ կցորդներ, որոնք նոյնիսկ կ՛անգիտանան հայկական խնդիրը: Միթէ զբօսաշրջիկային գործավարութեան պաշտօնը ազգը ձանձրացնելու աստիճան ռատիոյով զբաղի՞լ պիտի ըլլայ»:
Կիւլպէնկեան Հիասթափ Ըրած Է…
Թրքական թերթերը մեծ գոհունակութեամբ հրատարակած էին Նուպար Կիւպէնկեանի վերագրուած յայտարարութիւն մը, թէ` Թուրքիոյ հայերը կ՛ապրին անդորրութեան եւ բարօրութեան մէջ:
Այս ընդհանուր գոհունակութենէն օր մը ետք, սակայն, թրքական մամուլը յուսախաբ եղած է` յայտնելով, թէ Կիւլպենկեան մասնակցած է Լոնտոնի հայոց եկեղեցիին մէջ Եղեռնի յիսնամեակին առթիւ տեղի ունեցած կրօնական արարողութեան:
Թրքական թերթեր կը հրատարակեն նաեւ Կիւլպէնկեանի եկեղեցի եկած պահուն քաշուած նկարը:
Ջարդ Պատահած Չէ»…
«Սոն հաւատիս», «Հայե՛ր, նորէն ունելի՞ պիտի ըլլաք» խորագրով երկար յօդուածի մը մէջ հետեւեալ լրբենի տողերը կը գրէ.-
Հայ ժողովուրդը տարօրինակ ճակատագիր մը ունի, որ դարերով ընկերացած է իրեն: Օտարականները զինք փայփայած եւ սիրաշահած են, յետոյ գործիք ըրած են իրենց յոռի նպատակներուն: Հայերը հետագային աւելի շփացան, դրամ եւ զէնք հայթայթեցին` նպատակ ունենալով արեւելեան Անատոլուի մէջ յանկարծական ըմբոստութիւն մը յարուցանել:
1915-ի Ընդհ. պատերազմին հայ ժողովուրդը իր ոխերիմ թշնամիին` յոյներուն գրգռութեանց գործիք եղաւ եւ դաշնակ քոմիթէին բաղձանքները երեւան ելան. կ՛ուզէին Թուրքիան ներսէն եւ դուրսէն հարուածել: Այս ըմբոստութեան դէմ միջոցներ ձեռք առնելու համար այն ատենուան թուրք կառավարութիւնը որոշեց տեղահան ընել հայերը, եւ որովհետեւ արեւելեան Անատոլուի ձմեռը չափազանց սաստիկ է, տարագրուած հայերը ճամբաները մեռան եւ կորան դժբախտաբար անօթութեան թշուառութեան, չարչարանքին իբրեւ հետեւանք: Իրականութիւնը այս է, եթէ ոչ` ջարդ չէ պատահած: