Եղեռնի Յիսնամեակը
Դամասկոսի Մէջ
Ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակի տխուր ոգեկոչումը միասնակամ, կարգապահ, արժանավայել շուքով եւ պատշաճ հանդիսութիւնով տօնակատարուեցաւ Դամասկոսի մէջ:
Հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը, համախորհուրդ աշխարհական ներկայացուցիչներու, միաձայնութեամբ որոշեցին շաբաթ 24 ապրիլին կազմակերպել կրօնական հսկայ երթ մը, եւ կիրակի, 25 ապրիլին, սգահանդէս մը:
Շաբաթ Օրուան Երթը
Շաբաթ, 24 ապրիլ: Փակ են բոլոր հայկական վարժարաններն ու վաճառատուները: Երեք հայ յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՛ունենան Ս. պատարագներ, հոգեհանգստեան արարողութիւններ եւ պաշտամունքներ:
Ժամը 9:30-ին վերջացած են աղօթքները. որոշուած կեդրոնատեղին` հայ կաթողիկէ եկեղեցիին բակը լիքն է մեծ բազմութեամբ մը: Մինչ կոչնակները տխրօրէն կը ղօղանջեն, շքեղ երթը ճամբայ կ՛ելլէ. առջեւէն կը քալեն ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շեփորախումբը` մերթ ընդ մերթ հնչեցնելով Շոփենի տխուր մահերգը, որուն կ՛ընկերանայ հատ հատ տխրալուր դոփիւնով թմբկահարներու խումբը: Յետոյ կու գան երկու շարքերու վրայ ՀՄՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու եւ գայլիկներու խումբը, ինչպէս նաեւ` ՍՕ խաչի արենուշները: Ատոնց կը հետեւին, զոյգ շարքերով, կարգապահ եւ լրջադէմ, ուսընդանութ սեւ երիզներով Ազգ. Թարգմանչաց, Զաւարեան, Սահակեան, Միացեալ, Հայ աւետարանական եւ Հայ կաթողիկէ Ալիշան եւ Ան. յղ. հայ քոյրերու վարժարաններու աշակերտ-աշակերտուհիները` իրենց դաստիարակներով: Սկաուտներու եւ դպրոցականներու զոյգ շարքերուն ընդմէջէն կը քալեն, կարմիր սպիտակ վարդերու մեծափունջ ծաղկէ խաչեր, պսակներ եւ արմաւենիի ճիւղեր կրող սեւազգեստ երիտասարդ երիտասարդուհիներ` զանազան կրթական, մարզական եւ մշակութային հաստատութիւններ ներկայացնող:
Դպրոցական եւ մարզական խումբերուն կը յաջորդէր կրօնականներու խումբը: Առջեւէն կը քալէին` զգեստաւորուած երգեցիկ խումբը, դպիրները, սարկաւագները, խնկակիրները: Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետը, Եդ. ծ. վրդ. Գորտիգեանը, խաչ ի ձեռին, քովէն Հայ Աւետ. համայնքի կրօնապետը` պատուելի Մ. Ճինպաշեանը` շրջապատուած հայրերէ, Մ. վրդ. Ճուռեան, Պ. վրդ. Ադամեան եւ Անդ. վրդ. Չագըճեանէ: Ասոնց ետին, խոր լրջութեամբ եւ երկիւղածութեամբ, յամրօրէն կը հետեւէր ժողովուրդը` ամէն հոսանքէ, ամէն հասակէ, ամէն դիրքի կամ վիճակի պատկանող մօտ 5 հազար հայեր: Ու այսպէս, մարդկային հսկայ զանգուածը, վեհաշուք ու կարգապահ շարքերով հայ Առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցին: Երբ կրօնականներու դասը կը հասնի եկեղեցիին առջեւ, անոնց կը միանայ սրբազան առաջնորդը` Շաւարշ եպս. Գույումճեանը` Պարգեւ եւ Մաշտոց քահանաներու հետ, ինչպէս նաեւ` դպրաց դասն ու սարկաւագները:
Եռապատկուած թափօրը կը քալէ դէպի Ազգային գերեզմանատուն: Գերեզմանատան մէջ նոր շինուած յուշարձանի առջեւ երեք կրօնապետներ միատեղ կ՛երգեն ու կ՛աղօթեն, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը կը նուագէ Շոփէնի մահերգը եւ «Ցանկամ տեսնեմ Կիլիկիա»: Տոքթ. Կ. Գարակէօզեան գլխաւոր յղացողն ու կերտիչը սոյն յուշարձանին, հակիրճ եւ իմաստալից բացատրական մը կու տայ յուշարձանի շուրջ: Յուզուած են բոլորը, ոմանց աչքերէն արցունքներ կը հոսին: Չկայ մէկը այդ բազմութեան մէջ, որ տուած չըլլար զոհ մը Մեծ եղեռնին, վերապրողներ կը վերյիշեն իրենց կեանքի գարնան սեւ օրերը: Վերապրողներու եւ նահատակներու զաւակներ ու թոռներ նոյնքան գիտակից գործուած մեծ չարիքին տարողութեան, տխրադէմ, բայց ինքնավստահ, կը միացնեն իրենց աղօթքները կրօնապետներուն աղօթքներուն, ու ամբողջ հաւատաւոր հայութեան հոգեշունչ ու մեծիմաստ խօսքերը հայութեան սրտէն կը բարձրանայ առ Աստուած:
Յետոյ տեղի ունեցաւ յուշարձանի բացման արարողութիւնը, աւետարանական համայնքի հովիւ պատուելի Մանուէլ Ճինպաշեան կտրեց խորհրդանշական ժապաւէնը, հայ կաթողիկէ առաջնորդ Եդ. ծ. վրդ. Գորդիկեան մշտատեւ վառուելիք ջահը վառեց, իսկ Շաւարշ եպս. Գույումճեան յուշարձանին օծումը կատարեց` հիմին մէջ զետեղելով ափ մը Տէր Զօրի աւազէն, ափ մը հայրենի հողէն եւ փունջ մը ծաղիկներ Էջմիածնի պարտէզէն: Յետոյ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղումը եւ համայն ժողովուրդի կողմէ երգուած Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ սոյն հոգեպարար արարողութիւնը:
Կիրակի, 25 Ապրիլի Հանդէսը
Կիրակի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ Եղեռնի յիսնամեակին նուիրուած յիշատակի հանդէսը: Ընդարձակ բակը նեղ կու գար պարփակելու համար հետզհետէ ժամանող ծովածաւալ բազմութիւնը: Հանդէսը դրուած էր երեք հայ յարանուանութեանց պետերու հովանաւորութեան տակ: Ներկայ էին նոյնպէս յոյն կաթողիկէ առաջնորդը` մութրան Թաուիլ, սուրիանի օրթոտոքսներու պատր. փոխանորդը, քաղդէացիներու ժողովրդապետը` հայր Լուիս Մելոնի, աւետ. վերապատուելին` Տաւուտ Մըթրի, տեղական թերթերու ներկայացուցիչներ, օտար գործակալութեանց թղթակիցներ, սուրիական ռատիօ-թելեվիզիոնի պատկերահաններ եւ համայն դամասկահայ ժողովուրդը:
Բեմին վրայ, մէկ կողմէն միւսը 8+6 մեթրի վրայ, մեծածաւալ պաստառի վրայ երիտասարդ գծագրիչ Աբրահամ Մահսերեճեանի վրձինի տակ ամբողջ Եղեռնը իր ահաւոր պատկերներով կը ցոլանար` մահուան կարաւանը, աքսոր, ջարդ, կախաղան եւ սպանութիւն: Որոշեալ ժամուն հանդէսը սկսաւ սուրիական քայլերգով, զոր կատարեց հայ կաթողիկէ «Հայ քնար» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Անդ. վրդ. Չագըճեանի, եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Անտրէ Կարապետեանի:
Բացման խօսքը ըրաւ յանձնախումբի նախագահ տոքթ. Կարպիս Գարակէօզեան եւ հրաւիրեց ներկաները վայրկեան մը ոտքի կենալու` յարգելու համար յիշատակը միլիոն մը նահատակներու: Յետոյ գործադրութեան դրուեցաւ խնամուած ու կոկիկ յայտագիր մը` օրուան տօնին պատշաճ:
Օրուան բանախօսներէն առաջինը եղաւ աւետարանական համայնքի հովիւ, երիտասարդ պատուելի Մ. Ճինպաշեան, իմաստալից, առնական եւ հայրենասիրութեամբ թրծուած խիստ շահեկան ճառ մը խօսեցաւ, որ բոլորին գնահատանքին արժանացաւ:
Տոքթ. Կարպիս Գարակէօզեան արաբերէն լեզուով օրուան հանդէսին իմաստը բացատրեց օտար հրաւիրեալներուն եւ ներկայացուց օրուան արաբ բանախօս, ծանօթ մտաւորական եւ հրապարակագիր Զեքի պէյ Արսուզին եւ բեմ հրաւիրեց զայն: Զեքի պէյ, ընտրեալ մտաւորական, գրագէտ եւ տեսաբան, հայոց պատմութեան քաջածանօթ եւ հայ ժողովուրդի մօտէն ծանօթացած Սանճագէն եւ Սուրիայէն, խորիմաստ եւ փառաւոր ճառ մը խօսեցաւ:
Յետոյ խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Եդ. ծ. վրդ. Գորտիկեան: Ան արաբերէնով խիստ շահեկան, իմաստալից եւ կուռ ճառ մը խօսեցաւ, մեր վերջին հարիւրամեակին պատմականը ըրաւ, մեր եւ ուրիշ ազգերու կրած տառապանքներու վրան ծանրացաւ, բոլորն ալ` թրք. բռնակալութեան զոհ: Ջատագովեց արաբ ազնիւ ժողովուրդին ասպնջականութիւնը` հանդէպ հայ խլեակներուն, անոնց ամենաճակատագրական օրերուն, հատուածներ բերաւ պատմական եւ կրօնական գիրքերէն, դրուատեց նաեւ հայ ժողովուրդին ուղղամտութիւնը եւ երախտագիտական զգացումները, յիշատակեց նաեւ արաբ ժողովուրդի դահիճ Ճեմալ փաշայի ահաբեկումը Թիֆլիսի մէջ, հայերու ձեռքով:
Վերջին բանախօսը եղաւ Հայ Առաքել. համայնքի առաջնորդ Շաւարշ եպս. Գույումճեան. ան իր խօսքերով պանծացուց նահատակները, նմանութիւններ նշեց ապրիլ 24-ի եւ մայիս 6-ի նահատակներու միջեւ եւ արաբ ազնիւ ազգի բարեմաղթութիւններ եւ շնորհակալութեան խօսքերով փակեց իր խօսքը:
Խօսք առաւ նոյնպէս արաբ ծերունազարդ գրագէտ մը` Ֆայեզ Քասէյն` իբրեւ ականատես վկան հայկական ջարդերու, որ օրին հրատարակած է արաբերէն լեզուով գիրք մը, որ թարգմանուած է անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի:
Սոյն խիստ տպաւորիչ հանդէսը վերջ գտաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով:
ԺՈԶԵՖ ՂԱԶԱՐԵԱՆ