Խմբագրական
Յարգանք Լիբանանի
Նահատակներուն
Հերոսներու պաշտամունքը մաս կը կազմէ ժողովուրդներու կեանքին, մանաւանդ երբ անոնք պայքարած ու նահատակուած են յանուն այն վսեմ իտէալներուն, որոնց դրօշակիրը կը հանդիսանան այդ ժողովուրդները` սերունդէ սերունդ:
Լիբանան, պետութիւն եւ ժողովուրդ, այսօր կը յիշէ իր նահատակները, որոնք այս երկրի ազատութեան եւ անկախութեան երազով, կախաղան բարձրացան Պուրճի հրապարակին վրայ, Օսմանեան կայսրութեան «փոխարքայ» Ճեմալ փաշայի հրահանգով:
Ա. Աշխարհամարտին Լիբանան ահ ու սարսափի օրեր ապրեցաւ: Թրքական բռնակալութիւնը, որ չէր կրցած ընկճել լեռնական ժողովուրդին ազատատենչ ոգին, այս անգամ փորձեց սովի մատնել զայն` քաջալերուած պատերազմի շրջանի անորոշութենէն:
Ճեմալ փաշան, որ այդ օրերուն տէրն ու տիրականն էր այս շրջաններուն, ձերբակալել տուաւ բազմաթիւ մտաւորականներ եւ զանոնք յանձնեց Ալէյի պատերազմական ատեանին: Անոնք արիաբար կանգնեցան իրենց դատաւորներուն առջեւ եւ բարձրաճակատ յայտարարեցին իրենց մտածումներն եւ գաղափարները` շատ լաւ գիտնալով, թէ մահը կը սպասէր իրենց:
Օսմանեան բռնակալութիւնը խտիր չդրաւ իսլամի ու քրիստոնեայի միջեւ, ու իսլամ ղեկավարներու կողքին, քրիստոնեայ երեւելիներ կախաղան հանուեցան` մահուան մէջ կնքելով եղբայրութիւն մը որ այս երկրի կեանքին հիմը կը կազմէ:
Մայիս 6-ը լիբանանցի այդ ազնուական նահատակներուն յիշատակի օրն է, որ պաշտօնապէս կ՛ոգեկոչուի լիբանանեան պետութեան կողմէ, անկախութեան առաջին տարիներէն ի վեր: Լիբանանցի ժողովուրդը, առանց համայնքային խտրութեան, այսօր պիտի ապրի իր նահատակներուն յիշատակով` անգամ մը եւս նորոգելով իր ուխտը` անխախտ պահելու անոնց իտէալը:
Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն Լիբանանի ժողովուրդին դէմ թրքական բռնակալութեան հալածանքները մաս կը կազմէին օսմանեան պետութեան վարիչներու ընդհանուր ծրագրին, որուն նպատակն էր լայնածաւալ կայսրութեան սահմաններուն մէջ մէկ անգամ ընդմիշտ փակել հպատակ, բայց աննուաճ ժողովուրդներու հարցը:
Այդ օրերուն է դարձեալ, որ հայ եւ արաբ ժողովուրդները եղբայրացան արեան կապերով` իբրեւ ճակատագրակից, նոյն անագորոյն թշնամիին ենթակայ:
Իբրեւ օրինապահ քաղաքացիները այս ազատ երկրին, որ հանրային կեանքի ամէն հնարաւորութիւն ընծայեց իր հայ զաւակներուն, հայութիւնը ամէնէն աւելի կը զգայ այն, որ այս պահուս կը փոթորկի իւրաքանչիւր լիբանանցիի մէջ` իբրեւ ուխտապահները անյողդողդ հայրենասէրներու:
Պուրճի հրապարակին Նահատակաց յուշարձանը ոչ միայն խորհրդանիշն է այն նահատակութեան, որուն ենթարկուեցաւ այս երկրի ընտրանին, այլ նաեւ կը հանդիսանայ քանդակը այն եղբայրական ոգիին, որ նահատակները ներմուծեցին գալիք սերունդներուն:
Անոնց երազը իրականութիւն է այսօր: Լիբանան քսաներկու տարիէ ի վեր կը վայելէ բացարձակ անկախութեան մը բոլոր բարիքները: Աւելի՛ն. անիկա դարձած է վկայ-երկիր մը` զանազան ցեղերու եւ համայնքներու ներդաշնակ ամբողջութեան մը, որ կու տայ քաղաքական հասունութեան մը փաստը:
Այսօրուան հանդիսութեան հայութիւնը, որ քանի մը օր առաջ տօնեց իր Մեծ Խաչելութեան յիսնամեակը, վեհաշուք հանդիսաւորութեամբ մը, չմոռնալով երախտագիտական իր անխառն զգացումները յայտնել արաբ ազնիւ ժողովուրդին, կը մասնակցի ամբողջականօրէն` իբրեւ սրտակից ու բախտակից:
Այդ նահատակները մեր նահատակներն են, ինկած են այս երկրին համար, որ այնքան լայնօրէն բացած է իր թեւերը իր բոլոր զաւակներուն առջեւ:
Յարգանքով կը խոնարհինք անոնց անմահ յիշատակին առջեւ` այս երկրին ապագային հանդէպ նոյն հաւատքով:
Եղեռնի Յիսնամեակին
100 Հազար Հայերու Ցոյցը
Երեւանի Լենինեան Հրապարակին Վրայ
«Մեր Հողերը, Մեր Հողերը» Պոռալով
Երիտասարդները Ուզած Են Մտնել Օփերայի Շէնքը
Պատահած Են Միջադէպեր, Վեհափառը Հազիւ
Յաջողած Է Հանդարտեցնել Ցուցարարները
Հետեւեալ տեղեկութիւնները ստացանք Երեւանի մէջ կատարուած հանդիսութեանց շուրջ` ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակին նուիրուած:
Շաբաթ օր արարողութիւն մը կատարուած է Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ եւ քարոզած է Վազգէն Ա. կաթողիկոս:
Հսկայ թափօր մը, կազմուած` մանաւանդ ուսանողներէ եւ երիտասարդ բանուորներէ, Կոմիտասի, Զոհրապի եւ այլ նահատակներու նկարներով Կոմիտասի շիրիմին այցելութենէն ետք, ուղղուած է դէպի Լենինի հսկայ հրապարակը, ուր արձանի կողքին կարելի էր տեսնել մեծ ցուցատախտակներ «Երկու միլիոն զոհեր» վերտառութեամբ: Ականատեսներու համաձայն, հարիւր հազար հոգի կը հաշւուի հաւաքուած բազմութիւնը: Ամբողջ տողանցքին ընթացքին, երիտասարդները միշտ շարունակած են բացագանչել` «Մեր հողերը, մեր հողերը»:
Լենինի հրապարակին վրայ խօսք առած են Յակոբ Զարոբեան եւ Ա. Քոչինեան: Ապա հանդիսութիւն մը կատարուած է օփերայի մէջ: Բեմին վրայ տեղ գրաւած են կառավարական եւ կուսակցական ղեկավարներ, իսկ պատուոյ օթեակին մէջ` Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր շքախումբով:
Այս հանդիսութեան ընթացքին խօսք առած է նախագահ Յարութիւնեան, ապա մանրամասն եւ 45 վայրկեան տեւած ճառ մը արտասանած է Վիքթոր Համբարձումեան: Յարութիւնեան յիշած է, թէ մեր հողերը բռնագրաւուած կը մնան, իսկ ակադեմիկոս Համբարձումեան պատմականն ըրած է ապրիլեան Եղեռնին ու յիշած` նաեւ դիմադրական հերոսամարտները Շապին Գարահիսարէն Վան:
Այս առթիւ միջադէպեր տեղի ունեցած են, երբ դուրսը հաւաքուած երիտասարդները ուզած են ամէն գնով ներս մտնել` միշտ «Մեր հողերը» աղաղակելով: Յաջողելով ներս խուժել, բեմի վրայ հաւաքուած անձնաւորութիւնները հեռացած են, եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը փորձած է հանդարտեցնել ցուցարարները, հազիւ յաջողելով: