ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անտեղի եւ վատ տրամադրութիւն մը պիտի ունենաք ուրիշի մը հարցին վերաբերեալ: Ձեզի կը մնայ ըլլալ համբերատար եւ լաւատես:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անակնկալ հարց մը արգելք պիտի ըլլայ ձեզի յառաջանալու ձեր ծրագրին մէջ: Պէտք է տրամադրէք յարմար ժամանակ` հարցերը լուծելու համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այսօրուան ձեր գործունէութիւնը ձեր ուզած ձեւով պիտի չընթանայ: Կացութիւնը պիտի մնայ շփոթ: Պէտք է համբերէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ աշխատելու տրամադրութիւն չունիք, հանգստացէք: Փոխարէնը` վաղը կրնաք արդիւնաւէտ գործունէութիւն ունենալ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մարզանքը ձեր լաւագոյն բարեկամը պիտի ըլլայ: Որքան որ կրնաք, կանոնաւոր կերպով կիրարկեցէք մարզանքը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր զաւակները ձեր ջիղերը պիտի խանգարեն. համբերատար եղէք, որպէսզի հարցերը չբարդանան, քաջութի՛ւն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նոր աշխատանք մը լաւ բախտ մը պիտի ըլլայ ձեզի համար, պիտի կարենաք յառաջանալ ձեր ասպարէզին մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատանքը խստօրէն պիտի քննադատուի, եւ դուք դժուարութիւն պիտի ունենաք հանդուրժելու, պէտք է համբերէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բարձրաձայն եւ զօրաւոր կերպով գնահատեցէք ձեր բախտաւորութիւնը: Ասիկա պիտի ազդէ ձեր շուրջիններուն վրայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օրուան հարցերը շուտով պիտի խանգարուին. պէտք է անմիջապէս հարցերուն առաջքը առնէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լաւ բարեկամները միշտ պատրաստ են ձեր հրաւէրին պատասխանելու: Այսօր ունիք հաճելի հրաւէր մը եւ նոր բարեկամներ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ձեր գործին մէջ ձեր ուզածը չկարենաք ստանալ, հիւանդութեան մի՛ վերածէք: Ապագային կրնաք աւելի լաւ հանդիպումներ ունենալ: