Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Մայիս 1965)

Մայիս 5, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 Մայիս 1916
Այստեղէն Ալ Թուրքը Անցած Է

Արարչագործութեան առաջին օրէն, պատմութեան արշալոյսին իսկ, մարդկային կոչուած քաղաքակրթութեան հիմերը շաղուած ու շաղախուած են քրտինքով, արիւնով եւ արցունքով: Յորդառատ հասած է մարդկային արիւնը անպատասխանատու վանտալներու եւ վայրենաբարոյ հորդաներու ձեռքով:

Զոհուած ու անհետ կորսուած են ցեղեր ու ազգեր` ճզմուելով անզուսպ ու արիւնկզակ վայրենիներու կրունկներուն տակ:

Թուրքերուն արշաւները յափշտակողական եղած են: Մտնելով Փոքր Ասիա եւ գրաւելով յոյներու, հայերու, արաբներու եւ քիւրտերու հայրենիքները` իւրացուցած եւ բնակութիւն հաստատած են անոնց հայրենիքներու մէջ` աւերելու, քանդելու, այրելու եւ սրբելու համար ամէն կարգի քաղաքակրթական հետքեր ու նշմարներ:

Արաբ ժողովուրդները շատ ուշ զգացին թրքական լուծին հարթիչ ծանրութիւնը: Տգիտութիւնն ու կրօնական հաւասարութիւնը ընդարմացուցիչ դեր մը ունեցան անոնց քաղաքական կեանքին վրայ:

Լիբանան 17-րդ դարու առաջին կիսուն, Ֆախրէտտին երկրորդի դարուն սկսաւ ազատագրական խլրտումներու, եւ սակայն արեան մէջ խեղդուեցաւ սկսուած գործը: Ֆախրէտտին գլխատուեցաւ Պոլսոյ մէջ, իր երեք զաւակներով:

Էմիր Պեշիրի ջանքերն ալ ապարդիւն մնացին: Իր մահէն քիչ յետոյ, թրքական դրդումներով ծագում առնող միջքաղաքացիական կռիւները պատճառ դառնալով օտար պետութիւններու միջամտութեան, 1861 թուականին Լիբանան օժտուեցաւ ներքին ինքնավար վարչութեամբ մը, որուն բարիքները վայելեց կէս դարէ աւելի, մինչեւ Ա. Աշխարհամարտին սկիզբները: Թուրքիա այս պատերազմին մասնակցութեամբ գերմաններու կողքին լաւագոյն պատեհութիւնը ունեցաւ հին հաշիւներ կարգադրելու համար ռայա ժողովուրդներուն հետ. 1914 յուլիս 10-ին սեֆերպիրլիք հռչակելէ անմիջապէս յետոյ, հայաբնակ նահանգներուն վարչական բարենորոգութեան համար պաշտօնի կանչուած Հոֆ եւ Վեսթենեկ ճամբու դրուելով, կիսանկախ Լիբանանի ինքնավարութեան վրայ սեւ գիծ մը քաշուեցաւ: Մութասարըֆ Օհաննէս փաշա Գույումճեանի պաշտօնին վերջ տրուեցաւ:

1914-1918 Օսմանեան տիրապետութեան վերջին շրջաններուն, Լիբանան ալ հայերուն նման յոռի, դաժան վարչութեան մը բոլոր անիրաւութիւններուն տոկալով` դառնութեան բաժակը ցմրուր քամեց. անօթութիւն, սով, համաճարակ` աւերներ գործեցին երկրին մէկ ծայրէն միւսը. բանտ, աքսոր, հալածանք ու տանջանք` միակ բաժինն էին խաղաղասէր ու չարքաշ ժողովուրդի մը: Բոլոր խաւերէ, ծանօթ եւ անծանօթ բազմաթիւ անձեր զանազան պատիժներով ու շատ անգամ ալ մահուամբ պատուհասուեցան: Ֆրանսական հիւպատոսարանի խուզարկութենէն ետք, մոնսենիէոր Շիպլի Անատոլուի խորերը աքսորուելով` հոն ալ մահկանացուն կնքեց խորհրդաւոր պայմաններու տակ:

Օրուան մարոնի պատրիարք երջանկայիշատակ Հուէյք ալ նոյն ճակատագրին ենթարկուած պիտի ըլլար, եթէ քիչ մը յանդգնութիւն ցոյց տալով` ընդդիմացած չըլլար ներկայանալու պատերազմական ատեան: Պատրիարք Հուէյք անդրդուելի մնաց իր յամառութեան վրայ, եւ խնդիրը անգամ մըն ալ չարծարծուեցաւ:

1916 մայիսին Ալէյի մէջ կազմուած պատերազմական ատեանը աննախընթաց խժդժութեամբ բռնութիւններ բանեցուց լիբանանցիներուն վրայ: Ճեմալ փաշայի անմիջական հովանաւորութեան տակ եւ Ֆախրէտտին փաշայի նախագահութեամբ գործող ատեանը Ռիատ Սոլհը Անգարա աքսորեց: Լիբանանցի տասնեւչորս եւ սուրիացի 7 հայրենասէր մտաւորականներ` բանաստեղծ, փաստաբան, խմբագիր, եւ այլն. պետութեան դէմ դաւաճանական գործունէութեամբ ամբաստանուելով` զանազան անլուր չարչարանքներու առարկայ դարձան: Գրագէտ Էօմեր Համիտի, Մուհամետ Շանթի նախագահին երեսն ի վեր պոռալով` «Այո՛, անկախութիւն, ազատութիւն կ՛ուզենք եւ այդ նպատակին իրագործման համար կ՛աշխատինք» ըսին:

Փաթրօ  Փաւլի, վերջին օրերը ըստ սովորութեան սահմանուած առօրեայ տաժանելի չարչարանքներու ենթարկուելէ յետոյ, գրած հակաթուրք յօդուածներուն փոխարժէքը ուսկից գանձած ըլլալու մասին հարցաքննուած պահուն ըսաւ.

«Գրած յօդուածներս հայրենիքիս ծառայելու նպատակաւ խղճիս թելադրանքովը գրեցի. ո՛չ անգլիացի եւ ո՛չ ալ ֆրանսացիներու հետ որեւէ յարաբերութիւն չեմ հաստատած եւ ոչ մէկ շփում ունեցած եմ անոնց հետ: Սայիտ Ագլի եւ Ահմետ Թապպարայի եւ ուրիշ հայրենասէրներու ալ օտարներու հետ յարաբերութեան մէջ ըլլալնուն մասին ոչինչ գիտեմ. իմ միակ գիտցածս այն է, որ այս մարդիկ հայրենիքի ազատութեան համար զոհուելու պատրաստ անկեղծ հայրենասէրներ եւ փառաւոր անցեալ ունեցող արաբ ազգին անկախութեան տիրանալուն համար կեանքերնին նուիրելու պատրաստակամ ֆետայիներ են: Սելիմ Իճճէատիտիի եւ Էմին Հաֆըզի մեր զէնք ունենալնուս մասին ըրած խոստովանութիւնները ձեր կողմէ յօրինուած զրպարտութիւններ են: Մենք զէնք չունինք, սակայն թրքական բռնակալութեան կործանումով մեր անկախութեան տիրանալուն շատ մեծ յոյս ունինք»:

Փաթրօ-Փաւլօ այս յանդուգն յայտարարութիւնը ընելէ ետք «Մենք անոնց սերունդէն ենք, որոնք փառք ու պատմութիւն կերտեցին» երգը երգելով` չարչարանաց խուցը մտաւ:

Արըֆ Շեհապի եւ Էօմեր Համիտի իրենց վերագրուած հայրենասիրական, ազատագրական բոլոր արարքներու ճշմարտութիւնը եւ անոնց իրագործման  համար մինչեւ մահ պայքարելու պատրաստակամութիւնը խոստովանեցան:

Սայիտ Ագլ «Իթթիհատ Լըպնանի» եւ «Նուսէյր» օրաթերթերուն մէջ գրած յօդուածներու մասին հարցապնդուած պահուն յայտարարեց.

«Ես «Իթթիհատ Լըպնան»-ի եւ «Նուսէյր» թերթերուն մէջ գրած յօդուածներովս արաբական մեծափառ կայսրութեան վերակազմութեան մասին յորդորներ ըրի ազգիս զաւակներուն: Դուք ասոր համար զիս դաւաճան  կը նկատէք եւ այսօր դատի կը քաշէք: Մի՞թէ իր երկրին փառք ու պատիւը պանծացնել ուզողը դաւաճան կը սեպուի: Ուրեմն Թուրքիան սիրելով ձեզմէ իւրաքանչիւրը մէյմէկ դաւաճաններ էք եւ դուք իմ  քրիստոնեայ ըլլալովս կայսրութիւն մը կազմելու խնդիրը իսլամներուն թողելս կը յանձնարարէք: Սակայն, պարոննե՛ր, թող ձեզի լաւ ծանօթ ըլլայ, թէ արաբական երկիրներու մէջ իսլամի քրիստոնեայի հարց չկայ: Մենք բոլորնիս համոզուած ենք, որ «կրօնը Աստուծոյ եւ հայրենիքը բոլորին համար» է: Քրիստոնեայի եւ իսլամի միջեւ խտրութիւն դնողը դուք եղաք` «բաժանեաց զի տիրեսցի» քաղաքականութեան հետեւելով»:

Այսպիսով դաւաճանութեամբ ամբաստանուած քսանմէկ անբասիր հայրենասէրներ մէկիկ-մէկիկ սարսափազդու պայմաններու տակ հարցաքննուելէ եւ դատուելէ ետք, զինուորական ընդհանուր դատախազին պահանջով գլխաւոր պատիժին` մահուան դատապարտուեցան 6 մայիս 1916 թուականին, իրենց մահով կեանք պարգեւելու համար իրենց սիրելի հայրենիքին:

ՏՈՔԹ. Գ. ԱՍԹԱՐՃԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Սրբուհի Ագնէս Վարժարանը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?