Խմբագրական.
Ոգեկոչումէն Ետք
Հայութիւնը իր ամբողջական զանգուածով, իր բոլոր զաւակներուն հոգեցունց մասնակցութեամբ, աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, բոլոր երկինքներու տակ, օրուան խորհուրդին պահանջած վեհութեամբ եւ իր արդար դատին խոր գիտակցութեամբ ոգեկոչեց յիսուն տարի առաջ աննախընթաց ցեղասպանութեան մը զոհ գացած իր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն խնկելի յիշատակը:
Տեղ մը մարդկային ծովու անվերջանալի յորձանքով մը, ուրիշ տեղ սակաւաթիւ մասնակցողներով, մեծ ու փոքր գաղութներու մէջ համազգային եղաւ ոգեկոչման այս արտայայտութիւնը, ինչպէս որ համազգային եղած էր աղէտը ու համազգային` այդ աղէտին պատճառած ահաւոր ցաւը, յիսուն տարիներու ընթացքին:
Իր դատին ու արդար պահանջներուն առջեւ, հայութեան այս տպաւորիչ կեցուածքը խոր ազդեցութիւն ունեցաւ Համաշխարհային հանրային կարծիքին վրայ, որ յիսնամեակի տօնակատարութեանց առիթով ոչ միայն դրուատական տողեր նուիրեց հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ վեր առաւ Թուրքիոյ կողմէ հայութեան հանդէպ պետական որոշումով գործադրուած ցեղասպանութիւնը, շեշտելով, որ բոլոր այդ վայրագութեանց անպատիժ մնալը ցեղասպաններու, որոնք եւրոպացի անուանի մտաւորականներու կարծիքով, աշկերտները եղան Թալէաթներու, Շաքիրներու, Ճեմալներու եւ Էնվերներու:
Գործուած ոճիրէն յիսուն տարի ետք համաշխարհային մամուլին կողմէ Թուրքիոյ ցեղասպանական արարքին հրապարակային դատապարտումը եւ հայ ժողովուրդի պահանջին արդար նկարագրին շեշտումը հիմնական նպատակներէն մէկը եղաւ այն համազգային հանդիսութեանց, որոնք տեղի ունեցան աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը` յայտնելու համար աշխարհին, թէ հայութիւնը այսօր աւելի քան երբեք տէր կը կանգնի իր բազմաչարչար դատին եւ անտեղիտալիօրէն կը պահանջէ իր անժամանցելի իրաւունքներուն ամբողջական գոհացումը:
Յիսնամեակի այս հանդիսութիւնները, այդ առթիւ եղած հրատարակութիւնները, հայութեան բոլոր հոսանքներուն միջեւ ստեղծուած միասնականութիւնը քաղաքական աքթի բնոյթը ունին առաւելաբար` իբրեւ արտայայտութիւնը ժողովուրդի մը անմոռանալի պահանջներուն, իբրեւ վկայութիւնը այն իրողութեան, որ հայութիւնը ներքնապէս զօրացած, իր դատին արդարութեանը խոր գիտակցութեամբ, այսօր մարդկութեան ու աշխարհին առջեւ կը դնէ արդարութեան խնդիր մը, քաղաքական հրատապ հարցի մը լուծման հիմնական պահանջը:
Յիսնամեակը հանգրուան մըն է, կարեւոր հանգրուան մը` մեր դատի հետապնդման ճամբուն վրայ: Առիթ մը` աշխարհին յիշեցնելու, թէ անարդարութիւններու վատթարագոյնին ենթարկուած ժողովուրդ մը ձայն կը բարձրացնէ իր ամէնէն տարրական իրաւունքներուն ի խնդիր:
Յիսնամեակը եղաւ ու պիտի ըլլայ վերազարթնումի հանգրուան մը մեր ժողովուրդին համար: Սեփական ուժերու գնահատման ու զօրացման գերազանց առիթ մը: Հոգեպէս զօրացած, իր իրաւունքներուն աւելի քան երբեք տէր ամբողջական հայութիւն մը այսուհետեւ աւելի գիտակից ու աւելի անզիջող պահանջատէրը պիտի հանդիսանայ իր դատին:
Ոգեկոչման հանդիսութիւններէն ետք բուն աշխատանքի ժամն է, որ կը հնչէ մեր ժողովուրդին համար: Բոլորս պատրաստ պիտի ըլլանք այդ աշխատանքին: Բոլորս նուիրեալները պիտի ըլլանք մեր պահանջներու անվհատ հետապնդման: Պիտի կատարենք մեր պարտականութիւնը պատմութեան ու այն նուիրականութիւններուն հանդէպ, որոնք կը կազմեն հայ ժողովուրդի էութիւնը` իբրեւ հարազատ արտայայտութիւնը պատմական իր մեծ առաքելութեան:
Հայ ժողովուրդը արդարութիւն կը պահանջէ:
Այս պահանջը պիտի արձագանգէ երկրէ երկիր, կ՛արձագանգէ արդէն, ու հանգիստ եւ դադար պիտի չունենանք, մինչեւ որ արդարութիւնը վերջապէս ժպտի մեր երեսին:
Արդարութեան այս պահանջը հաւատքի վերածուած է մեր մէջ ու ատիկա կրնայ իրականանալ եւ պէտք է իրականանայ հայ ժողովուրդին պատկանող հայրենի հողերուն` իր փուն սեփականատիրոջ վերադարձով: