Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Մայիս 1965)

Մայիս 1, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յիսնամեակի Յուշատօնէն Օր Մը Ետք

Արտակարգօրէն Խանդավառ Մթնոլորտի Մէջ
215 Նորագիրներ Անցան ՀՅԴ-ի Շարքերը

Արտակարգ խանդավառութեան եւ գաղափարական բարձր ապրումներու պահեր ապրեցան մեր այն ընկերները, որոնք անցած երկուշաբթի գիշեր Պուրճ Համուտի ժողովրդային տան հանդիսասրահին մէջ ներկայ գտնուեցան երկու հարիւր տասնեւհինգ պատանիներու հաւաքական երդման յուզիչ արարողութեան:

Երկու հարիւր տասնեւհինգ պատանիներ, բանակ մը ամբողջ, որոնք կու գային զինուորագրուելու ՀՅԴաշնակցութեան շարքերուն` «Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան դատին ծառայելու» սրբազան ուխտով:

Բոլոր դէմքերուն վրայ ուրախութեան ժպիտներ կը ծաղկէին ի տես այս խանդավառ պատանիներուն, որոնք կուսակցական դաստիարակութեան լրիւ շրջանը բոլորած, ինքնագիտակից մատուցումով մը, իրենք զիրենք կը դնէին հայրենիքի ու ազգի ծառայութեան մէջ:

Այն իրողութիւնը, որ այս նորագիրներուն Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքէն ներս մուտքը յատուկ կարգադրութեամբ տեղի կ՛ունենար այս օրերուն, երբ հայ ժողովուրդը կ՛ոգեկոչէ իր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը, մասնաւոր նշանակութիւն եւ խորհուրդ մը կու տար այս արարողութեան` իբրեւ կենսունակութեան մէկ արտայայտութիւնը մեր ժողովուրդին եւ անոր սիրելի կազմակերպութեան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կ. կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Եղնիկ Գոնիալեանի կողմէ նորագիրներուն ուղղուած ողջոյնի խանդավառ խօսքերէն ետք, երդման արարողութիւնը կատարեց Կարօ Սասունի, յայտնապէս յուզուած, հազիւ զսպելով իր արցունքները, ի տես երիտասարդներու այս փաղանգին, որ կու գայ խտացնելու շարքերը նուիրեալներու:

Յիշելով սրտայոյզ դրուագներ անցեալէն, մասնաւորաբար իր երդման արարողութիւնը, որ կատարուած է եօթը մոսիններու մկրտումով եւ նոյնքան թիւով հայդուկներու համբոյրով, հայրենի լեռներուն մէջ, Կ. Սասունի, իբրեւ խորհրդանիշ հայ ժողովուրդի վերածաղկումին ապրիլ 24-էն ետք, նորագիրներու այս սերունդը կոչեց «Մայիս 28»-ի սերունդ:

Ապա խրոխտ ու թաւ ձայներու համերգ մը բարձրացաւ, երբ երկու հարիւր տասնհինգ երիտասարդներ միաբերան կրկնեցին դաշնակցական երդումի պարզ ու խորիմաստ բառերը:

Այնքան յուզիչ էր պահը եւ այնքան տպաւորիչ, որ այդ գիշեր ներկայ բոլոր ընկերները վերանորոգեցին իրենց ուխտը` խանդավառ ու զուարթ տրամադրութեամբ:

Այնուհետեւ յաջորդաբար խօսք տրուեցաւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող քանի մը ընկերներու, որոնք երէց ընկերոջ յորդորները ըրին նորագիրներուն:

Վերջին խօսքը տրուեցաւ Բաբգէն Փափազեանին, որ կարճ` այլ իմաստալից կերպով նորեկ ընկերներուն ներկայացուց դաշնակցականէ մը պահանջուած հիմնական արժանիքները, որոնց տիրանալով միայն կարելի է արժանի ըլլալ դաշնակցական կոչուելու:

Երդման արարողութեան այս տպաւորիչ արարողութիւնը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր»-ով, որ երգուեցաւ միաբերան բոլոր ընկերներու կողմէ:

 

Յիսնամեակի Առթիւ
Ազգային Ուղղութեան Վարիչներէն

Հանրի Մուխայպերի
Խօսքը Լիբանանեան Հեռատեսիլէն

Անցեալ հինգշաբթի լիբանանեան հեռատեսիլէն ազգային ուղղութեան իր քրոնիքին մէջ Հանրի Մուխայպեր խօսեցաւ հայ ժողովուրդի մասին.-

Կառավարութեան եւ հայ ղեկավարներու կողմէ ապրիլ 25-ի յուշատօնին տրուած լուծումը նպաստաւոր եղաւ: Արդարեւ, այդ լուծումը կը ներկայացնէ կրկնակ առաւելութիւն մը. մէկ կողմէ` յարգանք հանդէպ խօսքի ազատութեան, որ հիմքն իսկ է լիբանանեան ժողովրդավարութեան. միւս կողմէ` յարգանք հանդէպ ուրիշ նոյնքան բացարձակ հրամայականի. հանրային կարգի պահպանման հրամայականին:

Ուստի որոշուեցաւ, որ միթինկ մը տեղի պիտի ունենայ Մարզական աւանին մէջ, բայց` առանց թափօրի, որպէսզի առիթ չտրուի պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսացողներու կողմէ ստեղծուելիք հաւանական որեւէ միջադէպի:

Երրորդ` հարկ է յիշել այն խորհրդանշական ժեսթը, որ հայ համայնքի կրօնական պետերը որոշած են կատարել: Անոնք ծաղկեպսակ մը պիտի դնեն Նահատակաց յուշարձանին առջեւ` հանդիսաւորապէս յայտնելու համար իրենց անքակտելի կապը իրենց լիբանանեան նոր հայրենիքին:

Բայց ի՞նչ կը ներկայացնէ հայ համայնքը: Կը համախմբէ 130,000 քաղաքացիներ` լիիրաւ քաղաքացիներ, որոնք ունեցան արժանիքը շատ արագ եւ մեծ քաջութեամբ մտնելու Լիբանանի ազգային այժմէութեան մէջ:

Անոնք կը վարեն քաղաքական գործօն կեանք մը, հինգ երեսփոխաններով ներկայացուած են խորհրդարանէն ներս եւ գործունեայ ու օրինապահ պաշտօնեաներով` պետական վարչութենէն: Կառավարութեան մէջ անոնք ունեցան ներկայացուցիչ մը` նախարարով մը:

Լայն տեղ մը կը գրաւեն առեւտուրի մէջ, ինչպէս նաեւ ազատ ասպարէզներու (բազմաթիւ փաստաբաններ, բժիշկներ եւ ճարտարագէտներ հայկական ծագում ունին), կրթութեան եւ մամուլի մէջ: Բազմաթիւ լրագրողներ, ամէնէն արժէքաւորներէն, իրենց շարքերէն դուրս եկած են:

Ասոնցմէ դուրս կան գործունէութեան նշաններ, որոնք ակնբախ են: Մեզմէ` այլ համայնքներու անդամներէն շատ առաջ, հայկական ծագումով մեր հայրենակիցները ի յայտ բերին մշակութային բեղուն գործունէութիւն մը: Երկար տարիներէ ի վեր անոնք ունին իրենց գրական եւ գեղարուեստական ակումբները, թատերական խումբերը, նուագախումբերն ու երգչախումբերը: Չմոռնանք նաեւ մարզական ակումբները, որոնք ծաղկուն են: Կը բաւէ կարդալ հեծելարշաւի մը մասնակցողներու ցանկը` հաստատելու համար,

թէ անուններուն երեք չորրորդը հայեր են…

Հայերը կը գտնենք բոլոր մարզերու մէջ: Ամէնուրեք, ուր աշխատանք մը ճարտարութիւն եւ յամառութիւն կը պահանջէ, կը տեսնենք հայ մը, որ քաջութեամբ արեւին տակ իր տեղը կը կերտէ:

Ինչպէս բոլոր համայնքներու, հայկական համայնքին մէջ ալ կան լաւ եւ նուազ լաւ տարրեր:

Այսուհանդերձ, կան ընդհանրական, հաւաքական կարգ մը յատկութիւններ, որ կարելի չէ ուրանալ: Ասիկա քաղաքացիական ըմբռնումն է, կարգապահական ոգին եւ սերտակցութեան զգացումը, որոնք շատ զարգացած են այս քաղաքացիներուն մօտ, եւ որոնք մեծ նպաստ կրնան բերել մեր հայրենիքին:

Ու նաեւ հետեւեալը, որ հիանալի կը գտնեմ, աղքատութեան իր ամէնէն գէշ օրերուն չեղաւ հայ մը, որ ձեռք երկարէ օգնութիւն կամ ողորմութիւն ստանալու համար:

Ահա թէ ի՛նչ որ կը կարծեմ պէտք էր ըսուէր այսօր հայ համայնքի մասին: Կը կրկնեմ միտք մը, զոր յաճախ առիթն ունեցած եմ արտայայտելու. իրարու ճանաչման ճիգ մը պէտք է համայնքներու միջեւ: Աւելի լաւ ճանչնալով` անոնք կրնան փոխադարձաբար զիրար հարստացնել:

Լիբանանցիին ամէնէն քիչ գիտցածը Լիբանանն ու լիբանանցիներն են:

Մեր երկրին մէջ կան 16 համայնքներ: Ասիկա վախ պէտք չէ պատճառէ մեզի, այլ միայն` ուրախութիւն: Որովհետեւ, կրկնելով խօսքը զօրավար Տը Կոլին, որուն հիւրը պիտի ըլլայ մեր նախագահը քանի մը օրէն, «մեր հարստութեան աղբիւրը մեր տարբերութիւններն են»

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խմբագրական Հայրենիք-ի. Թօթափեցի՛նք Հարիւր Տարուան Միայնութիւնը…

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?