Լիբանան Երէկ Ոգեկոչեց
Իր Նահատակներուն Յիշատակը
Հայկական Խանութները Փակ Մնացին
Ի Նշան Սուգի
Հինգշաբթի, 6 մայիս, Լիբանան ոգեկոչեց իր նահատակներուն յիշատակը: Հանրապետութեան նախագահի եւ վարչապետի բացակայութեան, փոխվարչապետ Նեսիմ Մեժտելենի ներկայացուց նախագահը այն արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, Պուրճի հրապարակին վրայ:
Այս առթիւ ճառեր խօսեցան Ատիպ Ֆըրզլի` խորհրդարանին կողմէ, Թաքիէտտին Սոլհ` կառավարութեան կողմէ, Մոհամետ Ալի Ռըզ` նահատակներու ոգեկոչման յանձնախումբին կողմէ:
Արարողութեան ներկայ եղան նախարարներ, երեսփոխաններ, դիւանագիտական մարմնի անդամներ եւ բազմաթիւ անձնաւորութիւններ:
Լիբանանահայութիւնը, բաժնեկից դառնալով Լիբանանի ազգային սուգին, յարգեց նահատակներուն յիշատակը` փակելով վարժարանները, վաճառատուները եւ այլ հաստատութիւնները: Մասնաւորաբար հայաբնակ շրջաններու` Պուրճ Համուտի, Հաճընի, Մար Մըխայելի, Խալիլ Պետէուիի, ինչպէս նաեւ Պէյրութի կարգ մը այլ շրջաններու մէջ փակուած էին հայերու վաճառատուները:
Այսօրուան լիբանանեան թերթերը մասնաւոր կերպով յիշած են այս պարագան` հրատարակելով Պուրճ Համուտի փակ վաճառատուներուն պատկերը, եւ յայտնելով, թէ հայերը ի նշան երախտագիտութեան` բաժնեկից եղան Լիբանանի սուգին:
Հայերու Մասնակցութիւնը
Նահատակաց Սուգին
Պէյրութի ֆրանսատառ նոր օրաթերթը` «Լը ժուր» իր 6 մայիս թիւին մէջ «Հայութիւնը կ՛ոգեկոչէ մայիս 6-ի նահատակաց յիշատակը» խորագրով կը գրէ.-
Հայ համայնքի բոլոր վարժարանները փակ պիտի ըլլան այսօր, Լիբանանի սուգին առթիւ: Հայ առեւտրականները եւս կը հետեւին լիբանանեան այլ համայնքներու շարժումին:
Միւս կողմէ, հայ կրօնական պետերը, իրենց առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներուն անունով, խորապէս զգացուած այն համակրանքէն, որ ցոյց տրուեցաւ 1915-ի ջարդերու յիսնամեակին առթիւ, խոր երախտագիտութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք միացան իրենց սուգի այդ տխուր ոգեկոչման համար:
Կիպրոսի Խորհրդարանի Նախագահին
Պատգամը Հայ Ժողովուրդին
«Կը Խոստանամ Ոչ Միայն Իմ Պաշտպանութիւնը, Այլեւ Երաշխաւորութիւնը Կիպրոսի Խորհրդարանին, Թէ Մենք Պիտի Պայքարինք, Որպէսզի Արդարութիւն Ըլլայ Մեր Հայ Եղբայրներուն»
Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Կլաֆքոս Քլերիտիս, որ ներկայ գտնուած էր Նիկոսիոյ մէջ կաթ. փոխանորդի նախագահութեան տակ տեղի ունեցած յիսնամեակի հանդիսութեան, հետեւեալ պատգամը ուղղած է հայ ժողովուրդին.-
Այսօրինակ առիթի մը, երբ համայնք մը կը սգայ հազարաւորներն ու միլիոնաւորները, որոնք մեռան, մարդ դժուարութիւն կը զգայ իր մտածումները արտայայտելու համար բառեր գտնելու: Բնականոն կերպով, պէտք էր որ ինքզինքս ինքնակոչ մը զգայի ամպիոն բարձրանալով քանի մը խօսք ընելու ձեզի: Այս առիթով, սակայն, նման զգացում մը չունիմ, որովհետեւ այն, ինչ որ ձեր մտքին եւ սրտին մէջ կայ` զարհուրանքը ջարդերուն եւ ցեղասպանութեան, անծանօթ չէ ինծի, որովհետեւ իմ ժողովուրդս` յոյն ազգը եւս տառապած է եւ արեամբ վճարած` իր ազատութեան գինը: Մենք վարժուած ենք սգալու, վարժուած ենք յարգանքի տուրք տալու մեր մեռած հերոսներուն, բայց մենք վարժուած ենք նաեւ մեր որոշումները խարսխելու իրականութեան եւ նաեւ կռուելու մեր կամեցողութեանը վրայ այն բանին համար, որուն արդար ըլլալուն հաւատքը ունինք: Այդ կապակցութեամբ դուք` հայ ժողովուրդը, եւ մենք հասարակաց մեծ ժառանգ մը ունինք, եւ այդ ժառանգութեան կողքին կը կենանք ու ատոր համար կը պայքարինք:
Ես ուրախ եմ, որ այսօր դուք` հայ ժողովուրդը, հոս եկած էք ոչ միայն սգալու մեռելները, այլեւ աշխարհին հասկցնելու, թէ դուք օրինաւոր ժառանգորդներն էք հայկական հողերուն, որոնք վայրագօրէն խլուեցան մեզմէ այն ատենուան թուրք կայսերական կառավարութեան կողմէ: Յստակ է իմ մտքիս, թէ աշխարհը պարտի ըմբռնել, որ ցեղասպանութիւնը սերտօրէն կապուած է թրքական պատմութեան հետ, եւ ես հպարտ եմ, որ Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը առաջին անձը եղաւ, որ այս իրողութիւնը Միացեալ ազգերու ծանօթութեան բերաւ շատ մօտիկ անցեալին: Կը սպասենք այն օրուան, երբ վերստին արդարութիւն պիտի ըլլայ ձեզի, եւ ձեր սեփական երկիրը ձերը պիտի ըլլայ վերստին առ յաւէտ: Մինչ այդ մեր այս երկիրը, այս հողամասը, որ Կիպրոս կը կոչուի եւ որ ձեր երիտասարդները մերիններուն հետ կողք կողքի կը պաշտպանեն, թող մերինին հետ ըլլայ նաեւ ձե՛րը, եւ թող բարեկամութեամբ, համակեցութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ ապրինք միասնաբար, որպէսզի գայ այն օրը, երբ դուք կը տեսնէք Հայաստանը իբրեւ ազատ երկիր մը` ազգերու համայնքին մէջ եւ իր օրինաւոր տեղով Միացեալ ազգերու մէջ:
Այս պատգամով ես կը խոստանամ ոչ միայն իմ պաշտպանութիւնը, այլեւ երաշխաւորութիւնը Կիպրոսի Հանրապետութեան ամբողջ խորհրդարանին, թէ մենք պիտի պայքարինք, որպէսզի արդարութիւնը վերադարձուի մեր հայ եղբայրներուն:
Նիկոսիոյ Քաղաքապետին Եւ Քաղաքապետական Խորհուրդին
Հեռագիր-Պատգամը Կիպրահայ Ազգային Վարչական Ժողովին
Հայկական ջարդերու յիսնամեայ տարելիցին առիթով Նիկոսիոյ քաղաքապետական խորհուրդը իր խոր յարգանքը կը յայտնէ անմեղ զոհերու յիշատակին, որոնց կորուստը ողբաց եւ կ՛ողբայ հայ ազգը: Նողկալի ոճրագործները, որոնք յիսուն տարի առաջ հայ ազգին զանգուածային ցեղասպանութիւնը փորձեցին, պատմութեան եւ քաղաքակիրթ մարդոց խղճին առջեւ համարատու կը մնան:
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՆԻԿՈՍԻՈՅ