Հալէպահայ Կեանք
Յիսնամեակի Հանդիսութիւնները
Ապրիլ 24, շաբաթ, Հալէպի բոլոր հայկական խանութները եւ գործատեղիները ինքնաբերաբար փակուած էին:
Հայոց բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգիստ տեղի կ՛ունենային, եկեղեցական արարողութիւնները ամէն կողմ կը ձայնասփռուէին բարձրախօսով:
Հայ ժողովուրդը գունդագունդ եկեղեցի կը խուժէր` խոնարհելու համար ապրիլեան նահատակաց յիշատակին առջեւ:
Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին, ուր տեղի պիտի ունենար նաեւ առաջին յուշատօնը, աննախընթաց բազմութեամբ մը լեցուած էր, ոչ միայն եկեղեցին եւ շրջափակը` այլ` շրջակայ հայ վարժարանին մանկապարտէզը իր սրահով եւ դասարաններով. ու ժողովուրդը երկիւղած` կ՛ունկնդրէր եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւնները եւ գործադրուած յայտագիրը:
Առաւօտուն ժամը ճիշդ 8-ին Բերիոյ թեմին առաջնորդ Ղեւոնդ արք. զգեստաւորուած, առաջնորդարանէն «Հրաշափառ»-ով եկաւ եկեղեցի: Թափօրը հազիւ կրցաւ Ս. խորան հասնիլ բազմութեան պատճառով:
Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ քառաձայն` եկեղեցւոյ «Զուարթնոց» երկսեռ երգչախումբին կողմէ:
Ս. պատարագին ներկայ էին քրիստոնէական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, որոնք հայ եկեղեցւոյ Ս. պատարագի երգերէն խորապէս ազդուած` իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին սրբազան հօր:
Յուզիչ էր հոգեհանգիստը, առաքելական եւ կաթողիկէ երկու առաջնորդներու կարգադրութեամբ Լայիքեան գերապայծառ շուրջառով, թագով ու գաւազանով եւ մասնակցութեամբ ներկայ եպիսկոպոսներուն ատեանին մէջ յուշարձանին առջեւ նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան եւ փոխադարձաբար Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս շաբաթ կէսօրէ ետք Ս. Վարդան կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հոգեհանգիստին նախագահեց զգեստաւորուած, ինչ որ խոր տպաւորութիւն ձգեց ներկաներուն վրայ:
Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. պատարագէն եւ հոգեհանգիստէն ետք տեղի ունեցաւ յուշատօնը, բացումը կատարեց Լայիքեան գերապայծառ, «Զուարթնոց» եւ «Կոմիտաս» Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ երգչախումբերը երգեցին կրօնական եւ ազգային երգեր, խօսեցան Հայկազեան վարժարանի ուսուցիչ Յարութիւն Նաճարեան եւ Կիլիկեան Ճեմարանի տնօրէն Ռուբէն Տիրարեան, Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի սան-սանուհիները խումբով արտասանեցին «Անլռելի զանգակատունը», Յովհաննէս Տէր Գէորգեան արտասանեց «Դէպի Կառափնարան»-ը, իսկ Սարգիս Սարգիսեան մեներգեց «Լուսաւորչի կանթեղ»-ը, փակումը կատարեց Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս: Նորին սրբազնութիւնը նախ յուզումով ողջունեց ներկաները` հայ ժողովուրդի Չարչարանքի եւ խաչելութեան վեհավայրերէն` Տէր Զօրէն, Եփրատէն ու Խապուրէն, ուր գացած էր ապրիլեան նահատակաց յիսնամեակին բացման Ս. պատարագը մատուցանելու եւ հոգեհանգիստ կատարելու, ապա շեշտեց ազգային եկեղեցական կազմակերպութիւններուն գործը` իբրեւ Սուրբ Վրէժ:
Յուշատօնը փակուեցաւ «Տէր կեցո՛» մաղթերգով եւ առաջնորդ հօր օրհնութեամբ: Յիշատակի հանդէսներ տեղի ունեցան նաեւ հայ կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ:
Մայիս 2, կիրակի, ի յարգանս ապրիլեան նահատակներուն, հանդիսաւոր սուրբ պատարագ եւ մատաղօրհնութիւն տեղի ունեցան Տաուտիէի բարձունքին վրայ` Ս. Վարդան եկեղեցւոյ ընդարձակ բակին մէջ, հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ:
Ս. Պատարագը մատուցեց Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս եւ տպաւորիչ քարոզով մը ոգեկոչեց ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը` իբրեւ զոհողութեան մարմնացում:
Ս. պատարագը երգուեցաւ Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ երկսեռ երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Ժիրայր Իսկենեանի: Ս. պատարագը ձայնասփռուեցաւ բարձրախօսով:
Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցան հոգեհանգիստ եւ մատաղօրհնութիւն, եկեղեցական արարողութենէն ետք գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը, խօսեցաւ Ռուբէն Տիրարեան, փակումը կատարեց սրբազան հայրը` իր խօսքով եւ «պահպանիչ»-ով:
Հալէպահայ ուսանողական միութիւնները եւս ապրիլեան յիշատակի հանդէս մը կազմակերպեցին ապրիլ 23, ուրբաթ երեկոյ, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Ժիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»-ի
Դաշտահանդէսը
Այլեւս աւանդական գեղեցիկ սովորութիւն մըն է դարձած «Թռչնոց բոյն»-ի սոյն դաշտահանդէսը, որ ընդհանրապէս կը կատարուի մայիսի առաջին շաբթուան մէջ: Մայիս եւ գարո՜ւն, երբ բնութիւնը արդէն իր ամէնէն գունագեղ ու շողշողուն պատմուճանը հագած կ՛ըլլայ:
Այս տարի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 8 մայիսին շաբաթ կէսօրէ ետք: Ժամանակէն առաջ մեծ բազմութիւն մը եկած եւ լեցուցած էր հաստատութեան հարթուած ու զարդարուած դաշտը, մեծ մասը Պէյրութէն` ժամանած անձնական ինքնաշարժերով ու պասերով:
Ժամը 3 է: Տղոց եւ աղջկանց համաչափ ու ներդաշնակ տողանցքը կը սկսի վարժարանի քայլերգով: Պուրճ Համուտի շեփորախումբը մերթ ընդ մերթ նուագելով գեղեցիկ կտորներ` աւելցուց դաշտահանդէսի խանդն ու եռանդը: Ապա մանկապարտէզի փոքր ու պճտուն տղաքն ու աղջիկները աշխուժօրէն կատարեցին իրենց մարզանքի, շրջանակի խաղերու եւ վազքերու բաժինները: Խումբերը երկու կողմի բաժնուած էին, ճերմակ եւ կարմիր: Արդ, ամէն մէկ խումբ օրուան յաղթանակը տանելու վճռակամութեամբ դաշտ իջած էր: Հետզհետէ տեղի ունեցան տակառ գլորելու, պտուղ հաւաքելու, կարճ ու երկար փայտարշաւներու, մանուկ հագցնելու, մարդ շինելու եւ ծաղիկ տնկելու շատ հետաքրքրական մրցումները, որոնք իսկապէս նորութիւններ էին ու ծափահարուեցան խանդավառօրէն:
Շատ հաճելի էր դիտել եւ ունկնդրել արաբական տեպքէն ու կուժերով հայկական պարը «Համբարձում եայլա»-ն` կատարուած աղջիկներու կողմէ: Այլ ի՞նչ ըսել բարձրութիւն ու երկայնք ցատկելու խաղերուն, որոնք տեղի ունեցան մեծ ճարտարութեամբ: Յայտնի էր, որ ասոնք արդիւնք էին երկար ու յարատեւ փորձերու, հետեւաբար` արժանի գնահատանքի եւ բուռն ծափերու:
Ասոնց յաջորդեցին զիկզակ վազքերը, դրօշարշաւ, ձիարշաւ եւ տոպրակի վազքերն ու այլեւայլ մրցումները: Բոլոր խաղերուն մասնակցող մատաղ ու կենսունակ տղոց ու աղջիկներու դէմքերուն վրայ համակ խինդ ու ժպիտ կը ճառագայթէր: Պատճա՞ռը. անշուշտ զիրենք ջերմեռանդօրէն շրջապատող, զիրենք հոգեպէս սիրող, իրենց մրցումները քաջալերելու եւ գնահատելու համար եկած ժողովուրդին ներկայութիւնը:
Պարանաձգութեան եւ մանչերու արգելարշաւին ներկաներու խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին: Դաշտահանդէսը վերջ գտաւ տողանցքով ու մրցանակաբաշխութեամբ, կարմիր խումբի յաղթանակով:
Այսպէս, քանի մը ժամ շատ ուրախ պահեր անցնելէ ետք, գոհունակ սրտով ներկաները բռնեցին վերադարձի ճամբան, շնորհակալութեան խորին զգացումներով` ուղղուած հաստատութեան սիրելի ու յարգելի տնօրէնուհի միս Աննա Ճեքըպսընի, իր օգնականներուն, ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան:
Ա. ԳՐԱՃԵԱՆ
