ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այս երեկոյ կ՛ուզէք ճաշարան մը երթալ: Ձեր ընկերները պատրաստ են ձեզի հետեւելու: Հաճելի երեկոյ մը պիտի վայելէք միասնաբար:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր աշխատանքին մէջ նոր փորձառութեան մը պիտի ձեռնարկէք, որ քիչ մը ժամանակի պիտի կարօտի: Հետապնդեցէք, որպէսզի յաջողութիւն ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ճամբորդութիւն մը մեծապէս պիտի ազդէ ձեր տրամադրութեան վրայ, եւ պիտի փափաքիք ամէն տարի նման արկածախնդրութիւններ ունենալ: Կամենալը կարենալ է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բարեկամի մը նիւթական օգնութիւն մը ըրած էք, որ գրեթէ մոռցուած էր. այսօր անակնկալօրէն այդ գումարը պիտի վերադարձուի ձեզի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր շուրջիններուն հարցերով չէք հետաքրքրուիր եւ անտարբեր էք. ասիկա իրենց համար վիրաւորական է. աւելի փափկանկատ եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հակառակ արձակուրդի մէջ ըլլալնուդ` միշտ մտահոգութիւններով կ՛ապրիք. ասիկա ձեզի համար հանգիստի ժամ է, ձեր հոգերը մէկդի դրէք եւ ուրախ ժամանակ անցուցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ամէն հոգ մէկ կողմ դրէք եւ վայելեցէք արձակուրդի օրերը. մարզանքներ ըրէք եւ քալեցէք, որպէսզի կազդուրուիք եւ լաւ տրամադրութեամբ վերադարձէք տուն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընտանեկան հարց մը ձեզ պիտի տխրեցնէ. մեծ հոգ մը չէ եւ խոշորացոյցով մի՛ դիտէք հարցը: Լուծումներ պիտի գտնէք` այդ հարցերը չէզոքացնելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Առօրեայ դժուար ժամերէ ետք այս երեկոյ երաժշտական ձեռնարկի մը ներկայ պիտի գտնուիք, որ մեծապէս պիտի հանգչեցնէ ձեզ: Բարի՛ վայելում:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արձակուրդին շատ շռայլ եղած էք եւ դժուարութիւններու պիտի հանդիպիք. անլուծելի հարց մը չէ: Ձեր ծախսերը կարգի բերէք եւ անպէտ բաները մէկ կողմ դրէք, որպէսզի կարենաք հաւասարակշռել ձեր դրամապանակը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ամէն բան կատակի կ՛առնէք եւ ոչ մէկ բանի կարեւորութիւն կու տաք: Եթէ կ՛ուզէք ընկերային կեանք ունենալ, ձեր շրջապատին կարեւորութիւն տուէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ծնողները արդէն պէտք է սկսին իրենց զաւակներուն դպրոցական պէտքերը հոգալու: Արձակուրդը վերջ գտած է, եւ լուրջ գործեր ընելու ժամանակն է: