ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ուշադրութիւն, ձեր աշխատատեղին մրցակցութիւններ կան. լռութեամբ եւ ձեր հանդարտ նկարագիրով պիտի կարենաք բոլոր խոչընդոտները արհամարհել:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Վերջին ճամբորդութեան յիշատակները միշտ վառ են ձեր մէջ, եւ դուք այս փորձառութենէն հարստացած կը զգաք. յաճախ կատարեցէք նման ճամբորդութիւններ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ապագան կը կերտուի ծրագիրներով, որոնք խելացութեամբ պէտք է ուսումնասիրէք. պատահականութեան ձգուած գործ մը կը ձախողի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուրիշներու հարցերով բնաւ մի՛ հետաքրքրուիք եւ երանի մի՛ տաք. ձեր անձնական երջանկութիւնը փնտռեցէք եւ ձեր ընտանիքով ուրախացէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շաբթուան որոշուած գործերը հապճեպով մի՛ կատարէք. իւրաքանչիւր գործի ժամանակ մը պէտք է տրամադրել եւ մտածելով պէտք է կարգի բերել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Սիրային պատմութիւն մը ձեզ պիտի երիտասարդացնէ մարմնապէս, հոգեպէս եւ մտաւորապէս. վայելեցէք այս առիթը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արձակուրդի օրեր են, եւ ձեր զաւակները անկարգ եւ աղմկարար են. սակայն ասիկա ծնողներուն վրայ պէտք չէ ազդէ, ձեր զաւակները իրաւունք ունին ազատութեան:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Խօսքը լաւագոյն միջոցն է մարդիկը գրաւելու համար. խօսքը իր ուժը ունի, եւ դուք այդ կարողութիւնը ունիք. դիւանագէտ ալ էք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այս օրերուն թեթեւութեամբ կ՛առնէք հարցերը, սակայն գործը լրջութիւն կը պահանջէ. ուրեմն նկատի առէք ասիկա եւ ըստ այնմ ուղղութիւն առէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շատ լուրջ եւ հարցերը զննող էք. ձեր շուրջինները ձեզ շատ լաւ չեն հասկնար, սակայն ժամանակի ընթացքին ձեր կարողութիւնները պիտի գնահատուին:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յոգնած էք եւ անտարբեր այս ուղղութեամբ. իրաւունք չունիք անհոգ մնալու, լրջօրէն հետեւեցէք ձեր առողջութեան, որպէսզի կարենաք կեանքին հետեւիլ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այս ամրան ընթացքին պիտի հաստատէք նոր բարեկամութիւններ, որոնց հետ յաճախ հաճելի պահեր պիտի անցընէք: