ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շռայլ էք եւ դրամի նեղութեան մէջ էք. զգաստացէք եւ սանձ դրէք քանի ուշ չէ: Եթէ այսպէս շարունակէք, կրնաք դժուարութիւններու հանդիպիլ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ամէն մարդ ձեզի դէմ կ՛աշխատի. արդեօք դուք բաժին չունի՞ք այս դրութեան մէջ. աւելի ընկերային եղէք եւ կամաց-կամաց հարցը կը լուծուի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ խճողուած յայտագիր մը կարելի չէ լիուլի կատարել. մէկ կողմ դրէք երկրորդական գործերը, որոնք իրենց աւելի ուշ հետեւողաբար կարելի է կատարել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Լաւ ուսումնասիրուած գործ մը կատարելը դիւրին կ՛ըլլայ. դասաւորեցէք ձեր ծրագիրները եւ պիտի տեսնէք, թէ դժուար չէ իրագործելը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր աշխատատեղիի պաշտօնակիցներուն հետ շատ մի՛ մտերմանաք, որպէսզի կարենաք զիրար յարգել եւ լաւ արդիւնք ձեռք բերել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր մեղմ բնաւորութիւնը ձեզի յաջողութեան կ՛առաջնորդէ, ունիք շրջապատ մը, որ ձեզ կը յարգէ եւ միշտ ձեր կարծիքին կը դիմէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անսանձ կը ծախսէք. ժամանակն է ձեր եկամուտը քննելու եւ ըստ այնմ կարգաւորելու ձեր գործերը: Ամէն պարագայի ստիպուած էք խնայողութեամբ ապրիլ, թէեւ լաւ օրերը պիտի չուշանան:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ձեզ դարպասողներ կան, մի՛ հակադարձէք, կրնայ հարցը լրջանալ եւ ձեր ապագան բախտորոշուի յաջողութիւն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այս օրերուն զգուշացէք արեւէն եւ պաղ ըմպելիներով զովացէք, քանի որ հակամէտ էք արեւահարութեան, զգուշութիւնը լաւ բան է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անտարբեր մի՛ մնաք այն ծրագիրներուն նկատմամբ, որոնք ձեզի հաճելի են: Այդ ծրագիրները գործադրելով` ձեր ապագան կերտած կ՛ըլլաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անձ մը կրնայ ձեր գործին մէջ ժխտական գտնուիլ ձեզի հանդէպ, ինչ որ կրնայ վնասել ձեր ասպարէզին: Հարցին հսկեցէք եւ հետապնդեցէք լրջութեամբ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երկու անձերու միջեւ բարեխօսութեան դեր մը պիտի կատարէք եւ լաւ ազդեցութւն պիտի ունենաք: Անոնց յաջողութեամբ դուք ալ գոհունակութիւն պիտի ունենաք: