ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի գտնէք անձ մը ձեր աշխատած վայրին մէջ, որ լաւ խորհուրդ պիտի տայ ձեզի: Ընդունեցէք անոր խօսքերը` իբրեւ անկեղծ արտայայտութիւն եւ գործադրեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի կարենաք սորվիլ զսպել ձեր յուզումները: Այս կեցուածքը իմաստութիւն կ՛ենթադրէ, հետեւաբար պէտք է գործադրէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւ գումար մը ձեր ձեռքը պիտի անցնի, ինչ որ ձեր յարաբերութիւնները լաւ ընթացքի մէջ պիտի դնէ: Յարգեցէք այս նուիրատուն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կարելի է զիրար սիրել` իրարու հետ համաձայն չըլլալով հանդերձ: Վստահեցէք այն անձին, որ անկեղծօրէն կ՛արտայայտուի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Իրապէս փափաքը պիտի ունենաք որոշ գործունէութիւն մը սկսելու: Այսօր կրնաք ընտանի անասուն մը ունենալ իբրեւ բարեկամ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մարզանք ըրէք անձի մը հետ, որ պիտի գիտնայ ձեզի վարժեցնել առաւել զարգանալու այս մարզին մէջ: Ձեր մարմնին հոգ տարէք յարատեւօրէն
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կապուած մի՛ մնաք անցեալի անցուդարձերուն: Առէք այն, ինչ որ լաւ է, իսկ մնացեալը ետին ձգեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Խօսքը եւ գրելը ձեզի աջակից պիտի ըլլան: Ձեր առաջարկները պիտի ներկայացնէք անկեղծօրէն եւ վստահութիւն պիտի ստանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ինչո՞ւ փոխել խումբ մը, որ միշտ կը շահի: Փաստը տուէք այս հարցին: Ձեզմէ կը պահանջուի ըլլալ հաւատարիմ` ձեր ստանձնած աշխատանքին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի հետաքրքրուիք ձեր ծագումով եւ անցեալով: Տարբերութիւնը թէեւ պիտի հասկնաք, բայց փոփոխութեան մէջ ոչինչ պիտի տեսնէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Առողջութեան տեսակէտէն ձեր վիճակը գոհացուցիչ է: Շարունակեցէք ձեր սկսած սննդականոնը: Աւելի լաւ եւ յաջող պիտի ըլլաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Առիթ կայ տօնական օր մը անցընելու, ուրեմն պատճառ մը չկայ զայն չտօնելու եւ զուարճանալու: Հասկնալի է: