ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ծրագիրներ ունիք, սակայն կը ծուլանաք զանոնք կիրարկելու: Գործի անցէք, որպէսզի ձեր ծրագիրները իրագործուին, ինչ որ ձեզի մեծ գոհունակութիւն պիտի տայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը շատ խոստմնալի չէ. աւելի լաւ է, որ որոշ մտածումներ ի գործ չդնէք, քանի որ պիտի չյաջողիք, հանգստացէք եւ քանի մը օր վերջ նոյն գործերը յաջողութեամբ պիտի աւարտին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ինչ որ ձեր սրտին չի խօսիր, ակամայ մի՛ կատարէք: Ձեր գործերը ինքնաբուխ պէտք է ըլլան, որպէսզի ամէն ինչ դիւրին ընթանայ եւ յաջողութեամբ պսակուի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կարծէք` ձեր տան մէջ միօրինակութիւն կը տիրէ եւ ձեզի ձանձրոյթ կը պատճառէ: Կրնաք կարգ մը պզտիկ փոփոխութիւններ կատարել, որպէսզի մթնոլորտը փոխուի, եւ ձեր տրամադրութիւնը բարձրանայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Յոգնած էք եւ անտրամադիր. աշնանամուտ է, կրնաք անտառի մը մէջ պտտիլ եւ այս նոր եղանակին բարիքները վայելել: Զգալի փոփոխութիւն մը պիտի ունենաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր աստղը շատ փայլուն պիտի ըլլայ այսօր եւ` խոստումներով լեցուն: Հետեւեցէք ձեր աստղին եւ վայելեցէք անոր տուած բարիքները: Այսօր քիչ մը եսասէր եղէք եւ մոռցէք ձեր շրջապատը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուրիշներու հաճոյք պատճառելու համար անոնց քմայքները մի՛ կատարէք: Տրամաբանեցէք, եւ եթէ անոնք իսկապէս պէտք ունին ձեզի, ձեր ներկայութիւնը ցոյց տուէք: Այսօր հաճելի անակնկալ մը պիտի ունենաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարգ մը յետաձգուած գործեր ունիք, որոնք անպայման պէտք է կատարել: Երկար շունչ մը քաշեցէք եւ գործի սկսեցէք որպէսզի կարենաք կատարել, որմէ ետք հանգիստի արժանի պիտի ըլլաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանիքին մէջ հակադարձութիւններ պիտի ունենաք: Համբերութեամբ մտիկ ըրէք, եթէ մանաւանդ ձեր զաւակներն են, անոնք ալ իրենց կարգին հարցեր ունին եւ ձեր օգնութեան պէտք ունին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Իսկական փոփոխութիւն մը կատարելէ առաջ պէտք է լաւ ուսումնասիրել, նախատեսել եւ ամէն բան հաշուել, դուք ձեզի հարցումներ ըրէք եւ լաւ սերտելէ ետք գործի անցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ընտանիքին խլրտումներուն վերջ պէտք է դնել: Երիտասարդները պահանջներ ունին, դուք ձեր բարեացակամութեամբ պէտք է վերջ տաք այս կացութեան:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դժուարութիւններ ունիք եւ չէք գիտեր ինչպէ՛ս դուրս գալ. համբերութեամբ ձեր լաւատեսութիւնը պիտի վերագտնէք, եւ ամէն ինչ լաւ ընթացք պիտի ունենայ: