Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիչի Փոխարէն` Վիտէօ-Խաղի Գործիք

Հոկտեմբեր 29, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

video-khagh-1_102916

Դասարանին մէջ վիտէօ-խաղեր խաղա՞լ… Ասիկա բազմաթիւ աշակերտներու երազն է. սակայն նոյն ատեն ասիկա իրականութիւն է Նորվեկիոյ Կարն քաղաքի երկրորդականի աշակերտներուն համար:

Մարզանք

video-khagh-2_102916

Օգոստոս ամիսէն ի վեր աշակերտները առիթը ունին ընտրելու ե-մարզանքի դասերը: Վիտէօ-խաղերը պիտի դառնան մարզանք` ֆութպոլի եւ հենտպոլի նման: Այս ելեկտրոնային խաղերը պիտի դասաւանդուին շաբաթը հինգ ժամ, իսկական մարզանք եւ 90 վայրկեան վիտէօ-խաղեր: Պահի ընթացքին աշակերտները պիտի մարզեն իրենց մատները, անդրադարձ շարժումները, մարմնին ընդհանուր զօրութիւնը եւ տոկութիւնը: Աշակերտը պէտք է նաեւ բարելաւէ երկար ժամանակ կեդրոնացած մնալու իր կարողութիւնը:

Նիշերը

video-khagh-3_102916

Նիշերը կախեալ չեն միայն խաղին ընթացքին արձանագրուած կէտերէն: Անոնք նկատի կ՛առնեն նաեւ խաղերուն ծանօթութիւնը, տարբեր թաքթիքներ մէջտեղ բերելու, ինչպէս նաեւ ընկերներուն հետ գործակցելու կարողութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի գործիքներուն (ստեղնաշար, մաուս, ընկալուչ…), աշակերտները պիտի բերեն իրենց անձնական գործիքները, որպէսզի անոնք կարենան աշխատիլ իրենց ծանօթ գործիքներու վրայ:

Ծանօթ

  • Նորվեկիոյ այս դպրոցը առաջին դպրոցը չէ, որ կ՛առաջարկէ վիտէօ-խաղերու դասեր:
  • Միացեալ Նահանգներու Շիքակօ քաղաքի Ռոպըրթ Մորիս համալսարանը եւ շուէտական դպրոց մը արդէն այս դասերը ներառած էին իրենց դպրոցական ծրագիրներուն մէջ:
  • Այս դասերուն հետեւող աշակերտներէն շատերը կը յուսան ապագային դառնալ արհեստավարժ խաղացողներ:
  • Այս խաղերու սիրահարները պիտի վճարուին աշխարհը պտտելու եւ վիտէօ-խաղերու մրցանքներու մասնակցելու համար:

Մայնքրաֆթի Խաղը Դպրոցին Մէջ

video-khagh-4_102916

Մայնքրաֆթը շինարարութեան վիտէօ-խաղ մըն է: Այս աշխարհին մէջ ամէն ինչ կազմուած է խորանարդներով: Խաղցողը կրնայ իր աշխարհը փոխել իր ուզածին պէս:

Մայնքրաֆթ խաղալու համար մեծ երեւակայութիւն պէտք է ունենալ, սակայն նաեւ` գիտնալ գործակցիլ խաղցողներուն հետ: Այս խաղը հնարող ընկերութիւնը յայտարարած է, որ այս խաղը պիտի տրամադրուի դպրոցներուն:

Այս խաղին ընդմէջէն կարելի է բազմաթիւ նիւթեր արծարծել` գիտութիւն, արուեստ… Այս խաղը ուրիշ ձեւ մըն է սորվելու եւ հաւաքաբար աշխատելու:

 

Գիտէի՞ր, Թէ…

kideyir-te-01_102916

–  Չին աշակերտները աշխարհի մէջ ամէնէն շատ տնային պարտականութիւններ ստացող աշակերտներն են: Իւրաքանչիւր աշակերտ շաբաթական մօտաւորապէս 14 ժամուան տնային պարտականութիւններ կ՛ունենայ:

–  Չիլիի մէջ աշակերտները ունին երեք ամսուան ամառնային արձակուրդ` դեկտեմբերի կէսէն մինչեւ մարտի սկիզբը:

–  Ֆրանսա ամէնէն կարճ դպրոցական տարին ունի, բայց` ամէնէն երկար դպրոցական օրերը:

kideyir-te-02_102916

–  Գերմանիոյ մէջ մանուկներ իբրեւ նուէր կը ստանան սքուլթիւթ կոչուած մեծ կոնի ձեւով ծրար մը, որ լեցուած է մատիտներով, ներկերով, գիրքերով եւ տեսակաւոր քաղցրեղէններով: Սակայն անոնք այդ ծրարը կրնան բանալ միայն այն ատեն, երբ դպրոցը կը սկսի:

–  Հոլանտայի մէջ մանուկները դպրոց կը սկսին երթալ, երբ 4 տարեկան ըլլան. հետեւաբար գրեթէ ամէն օր նոր աշակերտ մը կը ժամանէ դասարան:

–  Ֆինլանտայի մէջ աշակերտները կը սկսին դպրոց երթալ 7 տարեկանին: Անոնք աշխարհի մէջ ամէնէն սուղ դպրոց գացող մանուկներն են:

–  Ճափոնի մէջ դպրոցը ո՛չ խոհանոց ունի, ո՛չ ալ մաքրող անձնակազմ: Աշակերտները հետերնին կը բերեն իրենց ուտելիքը եւ կը մաքրեն իրենց դասարանը:

–  Պրազիլի մէջ սովորութիւն է կէսօրուան ճաշը ընտանիքով ուտել: Հետեւաբար դպրոցը կը սկսի առտուան ժամը 7-ին, որպէսզի աշակերտները կարենան կէսօրին տուն վերադառնալ եւ իրենց ընտանիքին հետ ճաշել:

 

Փիցցայի Խոհարարի
Վկայական

pizza_102916

Եթէ դուն շատ կը սիրես փիցցա ուտել եւ կ՛երազես ապագային փիցցայի խոհարար դառնալ, այլեւս կարելի պիտի ըլլայ փափաքողներուն համար փիցցայի խոհարարի պաշտօնական տիտղոսը ստանալ:

Անգլիոյ Մանչեսթըր մեթրոփոլիթըն համալսարանը իր ծրագիրին մէջ ներառած է փիցցայի խոհարար դառնալու հինգ տարուան ամբողջական դասեր: Այս ձեւով, 1500 ուսանողներ պիտի հետեւին տեսակաւոր դասերու` մօտէն ծանօթանալու համար ուտելիքներու արտադրութեան:

Ուսանողները նաեւ գործնական փորձառութիւն ձեռք պիտի ձգեն փիցցայի նշանաւոր ճաշարանի մը մէջ: Այս ձեւով, երբ անոնք համալսարանը աւարտեն, ամբողջովին պատրաստուած պիտի ըլլան կեանքի մարտահրաւէրները դիմակայելու:

 

Տարօրինակ Արուեստի
Գործ Մը

arvesdi-kords_102916

Սեպտեմբեր ամիսէն սկսեալ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքի Կուկընհայմ թանգարանին այցելուները առիթը ունին գործածելու թանգարանին բաղնիքը, որ ամբողջովին շինուած է ոսկիէ:

Նոյն ատեն, այս բաղնիքը «Ամերիքա» կոչուած իտալացի արուեստագէտ Մորիցիօ Քաթըլանի արուեստի գործերէն մէկն է: Անշուշտ այս ամբողջ ոսկիին հսկելու համար բաղնիքի մուտքին պահակ մը միշտ ներկայ պիտի գտնուի:

 

Անահաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Սուրճի ծառերուն բարձրութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ երեք յարկանի շէնքի մը բարձրութեան:
  • Հին եգիպտացիները հացին վրայ կ՛աւելցնէին մեղր, ընկոյզ եւ պտուղներ` զայն աւելի քաղցր դարձնելու համար: Կ՛ենթադրուի, որ ասոնք եղած են պատմութեան առաջին կարկանդակները:
  • Ափրիկէի Նամիպիոյ անապատին աւազը գոյութիւն ունի մօտաւորապէս 100 միլիոն տարիներէ ի վեր:

anhavadali-2_102916

  • Պարելը ուղեղին մէջ կ՛արտադրէ քիմիական յատուկ նիւթեր, որոնք մեզի ուրախ զգալ կու տան:
  • Աշխարհի ամէնէն փոքր հրաբուխը կը գտնուի Քոլոմպիոյ մէջ: Անոր բարձրութիւնը մօտաւորապէս 2,5 սմ է:

 

anhavadali-3_102916

  • Ք. Ե. մօտաւորապէս 100 թուականին, Քրիստափոր Քոլոմպոս ամերիկեան ցամաքամաս հասնելէն մօտաւորապէս 500 տարիներ առաջ, վայքինկները այցելած էին ներկայիս իբրեւ Քանատա ճանչցուած շրջանը:
  • «Թուրանոր փլանեթ սոլար» շուէտական նաւը աշխարհին շուրջ ճամբորդութիւն մը կատարեց 584 օրէն, գործածելով մայր արեւուն ուժը:
  • Չինաստանի Մեծ պատը աշխարհի ամէնէն շատ այցելուած հին կառոյցն է` տարեկան տասը միլիոն այցելուներով:
  • Մեզի ծանօթ աշխարհի առաջին վէպը` «Կենժիին պատմութիւնը» գրուած է ճափոնցի կնոջ մը կողմէ աւելի քան 1000 տարիներ առաջ:
  • Բուսականութեամբ ծածկուած Չինաստանի Փանժինի ծովափները աշնան կը ստանան վառվռուն կարմիր գոյն:
  • Ըստ ուսումնասիրութիւններուն, մուկերը պանիրին համը չեն սիրեր:

anhavadali-4_102916

  • Մարդիկ աւելի շատ փոփ-քոռն կ՛ուտեն աշնան:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել փողկապին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել փողկապին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու ամբողջացնող դէմքերը:
Կրնա՞ս գտնել իրարու ամբողջացնող դէմքերը:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու պուպրիկները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու պուպրիկները:

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (29 Հոկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Թարգմանիչներ Եւ Թարգմանական Լեզու

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?