ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր նիւթական հաշիւները լրջութեամբ ներկայացուցէք, որպէսզի վստահութիւն ներշնչէք դրամատան պաշտօնեային` ձեր վրայ յուսալու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Տնային ձեր գործերը պիտի կատարէք ինքնավստահութեամբ եւ պիտի արժանանաք գովասանքի: Օրը յաջողութեամբ պիտի պսակուի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ ծրագիր մը ձեզ կը հետաքրքրէ, պիտի գտնէք հիանալի պայմաններ` տուեալ հարցերը կարգադրելու յաջողութեամբ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ամուրի էք, ձեր սիրտը պիտի բաբախէ զօրաւոր կերպով: Ձեր հանդիպած անձը շատ պիտի հետաքրքրէ ձեզ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Փորձեցէք ձեր աշխատանքէն կանուխ վերադառնալ տուն` լաւ օր մը անցընելու համար ձեր ընտանիքին հետ եւ ունենալու կարեւոր զրոյց մը անոնց հետ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ գործ կը փնտռէք, այսօր շատ յարմար պիտի ըլլայ եւ լաւ տպաւորութիւն պիտի ձգէք ձեր խօսակիցին վրայ: Փայլուն յաջողութիւն պիտի գտնէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Աշխատանքի յաջող օր մըն է այսօր` առանց վէճի: Ամէն ինչ լաւ ձեւով պիտի աւարտի: Ասկէ աւելի ի՞նչ կ՛ուզէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հանդարտ օր մըն է, եւ դուք բարձր տրամադրութիւն պիտի ունենաք ձեր շուրջիններուն հետ: Այսպիսով, ձեր օրը պայծառ պիտի ըլլայ եւ ինքնաբաւ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Միշտ պէտք է տեղեկութիւններ քաղէք ձեր շուրջիններէն, որոնք աւելի փորձառու են, մանաւանդ` աշխատանքի հարցերու պարագային:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կրնաք բարեկամի մը օգնութեան դիմել եւ վստահիլ անոր` կարգադրելու ձեր ունեցած խնդիրները:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր փորձառութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ` կատարելու օգտակար գործեր օրուան ընթացքին: Օրը բեղմնաւոր է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մի՛ սահմանափակէք ձեր ունեցած ծանօթութիւնը եւ աւելիին ձգտեցէք: Ձեզի վստահուած գործերը յաջողութեամբ կատարեցէք: