Ձիւներու Եղջերուն
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Բեւեռներուն մէջ ձմեռները երկար են եւ շատ ցուրտ. բարեբախտաբար հիւսիսային եղջերուն ունի ամէն ինչ` ցուրտին դէմ պայքարելու համար: Այս առտու ահաւոր հով մը կը փչէ բեւեռային դաշտին վրայ... Սակայն ասիկա կարեւոր չէ հիւսիսային եղջերուին համար: Ձմրան սկիզբէն ան անտառին մէջ ապաստանած է իր հօտին հետ, հոն ան հանգիստ կ՛արածէ: Իր սրածայր սմբակներով ան ձիւնը կը փորէ...




