ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Արգելք մը պիտի ունենաք ձեր ճամբուն վրայ: Պիտի չկարենաք ձեր որոշումները իրագործել այսօր: Համբերատար եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ վարանիք օգնութիւն խնդրելու բարեկամներէ, երբ անորոշ դրութեան մէջ կը գտնուիք աշխատանքի մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքի մէջ նորութիւններ ստեղծելու ձեր տեսակէտը պիտի չընդունուի: Լաւ ձեւը գտէք` առանց ձեր անձը ստորնացնելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նախքան դէպի արտասահման ճամբորդութիւն մը կատարելը` պէտք է քիչ մը սորվիք այդ երկրին լեզուն, որպէսզի դժուարութիւն չունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ծրագիրի մը մասին ձեր մտածումները դրական կերպով իրողութիւն պիտի դառնան: Այս կապակցութեամբ անհոգ մնացէք, բախտը պիտի օգնէ ձեզի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Թոյլ մի՛ տաք, որ օրը անցնի ապարդիւն: Ժամանակը արագ կ՛անցնի, իսկ դուք ընելիք շատ գործեր ունիք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պաշտպանեցէք դուք ձեզ ուրիշներէն: Կրնայ ըլլալ, որ ձեր շուրջինները օգտուին ձեր նուազագոյն տկարութենէն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պէտք է գործի անցնիք` մարզանք կատարելով: Թոյլ մի՛ տաք, որ ներողամիտ ըլլալու զգացումը ձեր գործին արգելք ըլլայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ կ՛ուզէք ձեր բնակարանը փոխել, պիտի ստիպուիք փոքր աշխատանք մը տանելու` նորոգելու համար նոր բնակարանը եւ նոր կարասիներ գնելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր երեխաներուն պահանջները մի՛ անտեսէք: Կատարեկցէք անոնց փափաքները` նոյն ատեն զսպելով ձեր տկարութիւնը անոնց նկատմամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուշադիր եղէք դրամ ծախսելու` անորոշ ծրագրի մը համար: Արդէն դուք նման գործերու համար փորձառութիւն չունիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրը հանդարտ է, ընելիք ոչինչ ունիք, ազատ էք ձեր ուզածը կատարելու: Կարծէք` երազի մէջ էք: