ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Փոփոխութի՞ւն կ՛ուզէք: Ուրեմն պէտք է համբերատար ըլլաք` ստեղծուած կացութիւնը սիրով ընդունելու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կը փափաքիք ձեր երազանքը եւ պահանջները յայտնելու ուրիշներուն, որպէսզի ձեզի աւելի լաւ ճանչնան անոնք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ճկուն պիտի ըլլաք եւ պիտի գիտնաք ընդունիլ ձեր խօսակիցին միտքերը` առանց փոխելու ձեր համոզումները:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ հետաքրքրուած էք կալուածային հարցով, պէտք է փորձէք ձեր բախտը, ինչ որ ալ պատահի: Քա՛ջ եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր փափաքները մի՛ ծածկէք: Անոնք շարժառիթ պիտի ըլլան ուրիշներու համար: Հեռու մնացէք ծածկամիտ ըլլալէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի զարգացնէք ձեր ծանօթացումը` մարզի մը մէջ, որ ձեզ շատ կը հետաքրքրէ: Լաւ հանդիպումներ պիտի ունենաք այն անձերուն հետ, որոնք պիտի բաժնեն ձեր տեսակէտը եւ պիտի օգնեն ձեզի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Տան մէջ սովորական գործերով զբաղեցէք, կոկիկ մթնոլորտ մը ստեղծելու համար աշխատեցէք, որպէսզի ձեր տրամադրութիւնը բարձր մնայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դուք ձեզի ընծայեցէք աղուոր պտոյտ մը բնութեան մէջ: Տան մէջ պահուած մի՛ մնաք, արժեւորեցէք բնութեան օգուտները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ձեր մէկ պաշտօնակիցը լաւ աշխատանք մը կատարած է, գովեցէք զայն` առանց վերապահութեան: Գնահատել գիտնալը արժէք մըն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Սպունգի մը նման պիտի ծծէք ձեր շուրջը կատարուող լաւ միտքերը: Միշտ ականջ տուէք բարի գործերով զբաղող անձերու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր մտքին մէջ մէկ գաղափար ունիք: Շատ դժուար պիտի ըլլայ զայն դուրս հանելը: Եթէ ապահով չէք ձեր յաջողութեան, անտարբեր մնացէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքը արգելք մը պիտի չըլլայ ձեր փափաքները իրագործելու: Աշխատանքը կ՛առաջնորդէ դէպի բարին եւ յաջողութիւն: