Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձիւներու Եղջերուն

Դեկտեմբեր 10, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

yeghtcherou-1_121016

Բեւեռներուն մէջ ձմեռները երկար են եւ շատ ցուրտ. բարեբախտաբար հիւսիսային եղջերուն ունի ամէն ինչ` ցուրտին դէմ պայքարելու համար:

Այս առտու ահաւոր հով մը կը փչէ բեւեռային դաշտին վրայ… Սակայն ասիկա կարեւոր չէ հիւսիսային եղջերուին համար: Ձմրան սկիզբէն ան անտառին մէջ ապաստանած է իր հօտին հետ, հոն ան հանգիստ կ՛արածէ: Իր սրածայր սմբակներով ան ձիւնը կը փորէ եւ կը յայտնաբերէ ջրախոտի եւ սունկի նմանող տարօրինակ մամուսը` լիշենը: Ան շատ կը սիրէ այս բոյսը:

yeghtcherou-2_121016

Լիշենը հիւսիսային եղջերուին ցուրտին դէմ զրահներէն մէկն է: Անոր ստամոքսին մէջ այդ մարմուսը կ՛արձակէ ջերմութիւն, որ կարելիութիւնը կու տայ անասունին իր մարմնին ջերմաստիճանը 37 աստիճանի վրայ պահել, նոյնիսկ երբ դուրսը սառոյցով կը ծածկուի: Ան օրական մօտաւորապէս հինգ քիլօ լիշեն կ՛ուտէ եւ ստիպուած է շատ տեղափոխուիլ իր սնունդը գտնելու համար:

yeghtcherou-3_121016

Իր լայն սմբակներուն շնորհիւ` հիւսիսային եղջերուն ձիւնին վրայ կը քալէ այնպէս մը, որ կարծէք ռաքեթներ ունի իր ոտքերուն տակ: Ասիկա շատ գործնական է, յատկապէս երբ ձմրան հազարաւոր քիլոմեթր կը կտրենք: Ամբողջ առտուն արածելէ ետք հիւսիսային եղջերուն կանգ կ՛առնէ: Իրեն տաքուկ պահող իր հաստ մուշտակով պաշտպանուած` ան հանգիստ կերպով կ՛որոճայ մրափելով:

Մայրամուտ է, սակայն հիւսիսային եղջերուն կը շարունակէ արածել: Պէտք է յիշեցնել, որ ձմրան թագաւորը շատ ազդու հնարք մը ունի ցուրտին դէմ պայքարելու համար. ան բնաւ կանգ չառներ քնանալու համար:

Գիտէի՞ր, որ հիւսիսային եղջերուն սքանչելի լողորդ մըն է:

 

Ի՞նչ Գիտենք
Հիւսիսային Բեւեռին Մասին

husisayin-pever_121016

– Հիւսիսային բեւեռի շրջանին մէջ ցամաք չկայ: Հոն միայն ծփացող սառոյց կայ:

– Նոյնիսկ ամրան եղանակին հիւսիսային բեւեռին մէջ օդը ցուրտ է: Ջերմաստիճանը միշտ 0-ի շուրջ կ՛ըլլայ:

– Հիւսիսային բեւեռը տարին միայն մէկ անգամ արեւ կը ծագի եւ մէկ անգամ մայրամուտ կ՛ունենայ, որովհետեւ արեւը միշտ հորիզոնէն բարձր կ՛ըլլայ ամրան, իսկ հորիզոնէն վար` ձմրան:

– Հիւսիսային բեւեռը քիչ մը աւելի տաք է, քան` հարաւային բեւեռը: Տարբերութիւնը մօտաւորապէս 7 աստիճան է ամրան, իսկ 20 աստիճան` ձմրան:

– Հիւսիսային բեւեռը ամրան կրնայ ունենալ մինչեւ 24 ժամ անդադար լոյս, իսկ 24 ժամ մթութիւն` ձմրան:

– Հիւսիսային բեւեռը ոչ մէկ երկրի կը պատկանի:

– Հիւսիսային բեւեռը երկրագունդին առանցքին հիւսիսային ծայրն է եւ կը գտնուի Արքթիք ովկիանոսին մէջ:

– Երբ մեր կողմնացոյցը հիւսիսը ցոյց կու տայ, ան հիւսիսային բեւեռը չի նշեր, այլ` երկրագունդին մագնիսական բեւեռը:

– Դէպի հիւսիսային բեւեռ առաջին հետախուզական արշաւը կատարուած էր նորվեկիացի Ուոլտ Ամունտսընի կողմէ 1926-ին: Ան օդանաւով մը թռաւ հիւսիսային բեւեռին վրայէն:

– Գիտէի՞ր, որ կարելի է գիշեր մը անցընել հիւսիսային բեւեռին մօտ գտնուող շուէտական Եուքասժարվի քաղաքին մէջ, սառոյցէ շինուած պանդոկի մը մէջ:

– Հակառակ իր անունին` Նորթ Փոլ քաղաքը (հիւսիսային բեւեռ) հիւսիսային բեւեռին մօտ չի գտնուիր: Ան կը գտնուի Ալասքայի մէջ, հիւսիսային բեւեռէն մօտաւորապէս 2735 քմ հեռու:

– Ալասքայի Նորթ Փոլ քաղաքին մէջ փողոցներու անուններէն կարելի է յիշել Սանթա Քլոզ Լէյն, Սէյնթ Նիքոլաս Տրայվ եւ Հոլիտէյ Ռոտ:

 

 Հետաքրքրական

Վիճաբանութեան Կղզին

heda-01_121016

Վիճաբանութեան կղզին կը գտնուի Սկովտիոյ մէջ: Հին ժամանակներուն հոն կը տարուէին այն անձերը, որոնք իրարու հետ հարց ունէին: Զանոնք հոն կը ձգէին քիչ մը պանիրով եւ ուիսքիով, որպէսզի փորձէին իրենց հարցերը լուծել: Անոնք կրնային կղզին լքել միայն այն ատեն, երբ համաձայնութեան գային:

Ո՞ր Երկրին Մէջ Ամէնէն Շատ
Լեզուներ Կը Խօսուին

Երբ մենք կը մտածենք երկրի մը մասին, ուր ամէնէն մեծ թիւով լեզուներ կը խօսուին, մենք ուղղակիօրէն կը մտածենք շատ բնակչութիւն ունեցող երկրի մը մասին:

Սակայն, այս պարագային, պատասխանը բացայայտօրէն Չինաստան կամ Հնդկաստան չէ: Ան Փափուազիու Նիւ Կինէան է: Ան 462.840 քառակուսի քմ տարածքով եւ մօտաւորապէս 7 միլիոն բնակիչ ունեցող, Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտնուող երկիր մըն է:

Հակառակ իր փոքր տարածութեան` հոն կը խօսուին աւելի քան 820 լեզուներ:

«Շնիկներու Սենեակ» Մը
Քանատական Համալսարանի Մը Մէջ

heda-02_121016

Քննութիւններու շրջանին քանատական Տալհաուսի համալսարանը գտած է իւրայատուկ միջոց մը` իր ուսանողներուն օգնելու այդ յոգնեցուցիչ ժամանակներուն, շնիկներու միջոցով:

Պատասխանատուները համալսարանին մէջ ստեղծած են յատուկ սենեակ մը, զոր անուանած են «Շնիկներու սենեակ»: Այդ սենեակին մէջ ուսանողները կրնան շան լակոտներ կերակրել եւ անոնց հետ խաղալ` քննութիւններէն առաջ հանգստանալու եւ սթրեսէն ձերբազատելու համար:

Թոքիոյի Մէջ Աւելի Շատ Բնակիչ Կայ,
Քան` Քանատայի Մէջ

Թոքիօ քաղաքը եւ անոր դրացի երեք գաւառները Սեթամա, Եոքոհամա եւ Շիպա, կը կազմեն Մեծն Թոքիոն, որ աշխարհի ամէնէն մեծ քաղաքային համախմբումն է: Անիկա աշխարհի ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող քաղաքային տարածքն է իր աւելի քան 37 միլիոն բնակիչներով: Եւ հակառակ իր 30 անգամ աւելի մեծ տարածքին, Քանատա ունի նուազ բնակիչ: Անոր բնակչութեան թիւը կը հասնի «միայն» 35 միլիոնի:

Դպրոցական Տարազ

heda-03_121016

Գիտէի՞ք, թէ Անգլիոյ մէջ գոյութիւն ունի դպրոց մը, ուր աշակերտները տակաւին նոյն տարազը կը հագուին 460 տարիներէ ի վեր:

12 Օրուան Խճողում
Փեքինի Մէջ

heda-04_121016

Լիբանանի մէջ մենք ծանօթ ենք ինքնաշարժի ահաւոր խճողումներուն… յատկապէս` անձրեւոտ կամ տօնական օրերուն: Սակայն վստահաբար մենք չենք ապրած 2010 թուականին Փեքին-Թիպեթ ճամբուն վրայ թակարդուած ճամբորդներուն վիճակը: 2010-ի օգոստոս ամսուն հազարաւոր անձեր «բանտարկուած» մնացած են 100 քմ երկարութիւն եւ 12 օր տեւած խճողումի մը մէջ: Վարորդները օրական կրնային հազիւ մէկ քիլոմեթր յառաջանալ:

Այս ահաւոր խճողումը յառաջացած էր, որովհետեւ ճամբուն վրայ կային մեծ թիւով ինքնաշարժներ, յատկապէս` ծանր բեռնատարներ, որոնք Փեքին կը փոխադրէին շինարարական ապրանքներ… խճողումները թեթեւցնելու միտող մայրուղիներու շինարարութեան համար:

 

Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1-75 յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1-75 յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել շիշին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել շիշին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել միւսներէն տարբեր վիշապը:
Կրնա՞ս գտնել միւսներէն տարբեր վիշապը:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (10 Դեկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Անդրադարձ. Ինքնաշարժով Հետախուզական Արկածախնդրական Մրցում` «Ռելի Փէյփըր» Ամմանի Մէջ (Յուշեր)

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?