Այլազան

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Փափաքը ունիք ձեր տեսակէտը պարտադրելու ձեր շուրջիններուն: Փորձեցէք աւելի ճկուն ըլլալ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Այս քանի մը օրուան ընթացքին առիթը պիտի ներկայանայ ընկերային լաւ կեանք մը ունենալու եւ բարեկամութեան լաւ օրինակ տալու: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ նիւթականի վերաբերեալ լուծում մը գտնել կ՛ուզէք, ձեզի պիտի ներկայացնեն լաւ ծրագիրներ: Հետեւեցէք անոնց ցուցմունքին: ԽԵՑԳԵՏԻՆ...

50 Տարի Առաջ (8 Փետրուար 1967)

Ցուցարարներուն Հետ Գրեթէ գարնանային օդով օր մըն է յունուար 21-ի շաբաթ օրը Նիւ Եորքի մէջ: Այս այն օրն է, որ Հայ դատի յանձնախումբը կարգադրած է, որ Նիւ Եորքի, Ֆիլատելֆիոյ, Ճըրզիի ու մօտակայ արուարձաններու հայերը ՄԱԿ-ի շէնքին առջեւ խաղաղ ցոյց կազմակերպեն` յօգուտ ցեղասպանութիւնը դատապարտող ու ցեղասպանութիւնը պատժող օրէնքի մը ու ատեանի մը կազմութեան: Կէսօրուան մօտ մէկով, երկուքով, չորսով, տասնով կը  հասնին...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Սննդականոնի մը հետեւելով` մեծ օգուտ պիտի քաղէք, սակայն կարեւոր է, որ յարգէք օրէնքները: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Բարեկամներու միջեւ անկեղծ խօսակցութիւն մը պիտի ունենայ լաւ ազդեցութիւն` շատ կարեւոր ծրագրի մը վրայ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Աշխատանքի մէջ կեդրոնացէք ձեր արարքին վրայ: Այսպիսով, պիտի կարենաք յաջողիլ եւ իրագործել կարեւոր ծրագիրներ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23...

50 Տարի Առաջ (7 Փետրուար 1967)

50 Տարի Առաջ (7 Փետրուար 1967)

Արեւելեան Ուղղափառ Դաւանակից Եկեղեցիներու Մնայուն Յանձնախումբի Գ. Նստաշրջանին Բացումը Անթիլիասի Մէջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ասորի, ղպտի եւ հնդիկ եկեղեցիներու Մնայուն յանձնախումբի անդամները իրենց քարտուղարներով: (Ա. նիստի այս խմբանկարէն կը բացակային եթովպական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները, որոնք կաթողիկոսարան հասան երէկ, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին): Երէկ` երկուշաբթի, 6 փետրուար 1967, Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արեւելեան ուղղափառ դաւանակից եկեղեցիներու մնայուն յանձնախումբի երրորդ նստաշրջանին: Առաւօտեան ժամը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պիտի գտնէք աշխատանք մը, որ ձեր պահանջին կը յարմարի: Գործօն եղէք եւ ձեր աշխատանքները կատարեցէք խնամուած ձեւով: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Անցած տօնական օրերը ազդած են ձեր նիւթականին վրայ: Հեռու մնացէք սուղ եւ աւելորդ գնումներէ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեզ կը մեղադրեն, որ միայն ձեզ շահագրգռող գործերով կը զբաղիք: Կ՛ըսեն, որ դուք ունիք...

50 Տարի Առաջ (6 Փետրուար 1967)

Պարսկաստան (Թեհրան) Պատանեկան Ուխտի Արարողութիւն 100 Պատանի - Պարմանուհիներ Կատարեցին Իրենց Ուխտը (Մասնաւոր Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Ուրբաթ, 27 յունուար 1967, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Պատանեկան ուխտի արարողութիւն: Ներկայ էին հոծ թիւով պատանիներ եւ ղեկավար ընկերներ: Սրահին ճակատը զարդարուած էր հայկական եռագոյնով, ՀՅԴ զինանշանով եւ երրորդութեան պատկերներով: 100 տղաք եւ աղջիկներ, հայկական աղուոր աչքերով, հայկական դիմագիծով, հայկական նկարագրով, կամովին եկած էին...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Նախընտրեցէք երկխօսութիւնը բոլոր պարագաներու մէջ: Յարաբերութիւնն է, որ ձեզ կը մօտեցնէ ուրիշներու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Աշխատանքի մէջ քննադատութեան պիտի ենթարկուիք: լաւագոյն միջոցը զանոնք անտեսելն է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ուրիշներուն ականջ դնելը եւ ուշադրութեամբ զանոնք մտիկ ընելը լաւ յատկութիւն մըն է: Այս ձեւով կը գնահատուիք ձեր շուրջիններէն: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)...

Ինչո՞ւ Արուսեակ  Մոլորակը Այս Շրջանին Շատ Կը Փայլի

Ինչո՞ւ Արուսեակ Մոլորակը Այս Շրջանին Շատ Կը Փայլի

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այս շրջանին, երբ մենք գիշերը երկնքին կը նայինք, կրնանք նշմարել յատկապէս փայլուն կէտ մը: Ան Արուսեակ մոլորակն է: Արուսեակ մոլորակը կը կոչուի նաեւ «Հովիւին աստղը»: Սակայն մոլորակ մըն է, արեւէն հեռաւորութեամբ` 2-րդ մոլորակը, մինչ երկրագունդը 3-րդն է: Երբ գիշեր կ՛ըլլայ, ընդհանրապէս Արուսեակն է, որ ամէնէն առաջ կը փայլի երկնքին մէջ: Սակայն այս շրջանին ան յատկապէս փայլուն...

50 Տարի Առաջ (4 Փետրուար 1967)

Հայկական Ցոյցերուն Պատճառով Ցեղասպանութեան Հարցը Օրակարգի Վրայ Կը Մնայ Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան կը հեռագրէ. Մարդկային իրաւունքներու յանձնախումբի` փոքրամասնութեանց պաշտպան եւ խտրականութեան ենթայանձնախումբը որոշեց իր յաջորդ նիստին անպայման զբաղիլ Ցեղասպանութեան հարցով եւ 6-րդ յօդուածի խնդրով: Միաձայնութեամբ որոշուած է այդ նիստը գումարել Նիւ Եորք մէջ, օգոստոսին, ու այս պարագան տեղեկացնել մարդկային իրաւունքներու յանձնախումբին, որ իր յաջորդ ժողովը պիտի գումարէ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պիտի ստանաք նուէրներ. այս առիթով հիւրեր պիտի ունենաք եւ պիտի անցընէք ուրախ ժամեր: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ցուլերուն համար հարուստ ժամանակաշրջան մըն է: Ժամանակն է հետաքրքրուելու ձեր անձնական հարցերով: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ինքնավստահ էք: Ասիկա ձեզ պիտի մղէ նոր աշխատանքի, եւ դուք պիտի ունենաք նոր գործունէութիւններ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Բարեկամութիւն...

50 Տարի Առաջ (3 Փետրուար 1967)

Սրբոց Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Երէկ` հինգշաբթի, 2 փետրուար 1967, Սրբոց Վարդանանց ազգային տօնը ոգեկոչուեցաւ համազգային յարգանքով: Լիբանանահայ բոլոր վարժարանները, վաճառատուներն ու գործատեղիները փակ էին: Արձակուրդի մէջ էին նաեւ պետական ու օտար հաստատութիւններու եւ ընկերութիւններու հայ պաշտօնեաները: Բոլոր եկեղեցիներու մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ, ազգայնաշունչ քարոզներ խօսուեցան եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Աւարայրի ճակատամարտին, հայրենիքի ու հաւատքի համար նահատակուած 1036 հերոսներու յիշատակին:...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր թեւերը պիտի բարձրացնէք առօրեայ հոգերը հեռացնելու համար: Ուշադիր եղէք հետեւեցէք օրուան հարցերուն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր առողջութիւնը բարելաւելու համար կարեւոր է երթալ լեռ, ծով կամ դաշտերը: Դժուար գործերու մէջ մի՛ մխրճուիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Բարեկամները ստեղծուած են պէտք եղած պարագային օգնութեան հասնելու համար: Այսօր պիտի ունենաք նման օգնութիւն մը: ԽԵՑԳԵՏԻՆ...

Քրիսթիան Տիորի Անժամանցելի  Խորհուրդները

Քրիսթիան Տիորի Անժամանցելի Խորհուրդները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ֆրանսացի անուանի ձեւագէտը Քրիսթիան Տիոր ստեղծագործած է 50-ական թուականներուն, բայց անոր խորհուրդները կը մնան այժմէական մինչեւ օրս: Վարպետը յեղափոխութիւն կատարեց նորաձեւութեան աշխարհէն ներս. ծանր պատերազմական տարիներէն ետք ան կիներուն վերադարձուց վայելչութիւն եւ նորաձեւութեան աշխարհին մէջ իր դրոշմը ձգեց: Դրոշմ մը, որուն շնորհիւ անոր նորաձեւութեան տունը կը գոյատեւէ մինչեւ այսօր: Ծանօթանանք մեծ վարպետին խորհուրդներուն -  Վայելչութիւնը մի՛շտ պարզութիւն...

50 Տարի Առաջ (2 Փետրուար 1967)

Հայ Կեանք Ի Նպաստ Ս. Ղազարի Վանքին Ի նպաստ Ս. Ղազարի վանքին, ողողումներուն պատճառած վնասներուն առիթով, համազգային սրտաբուխ նուիրատուութիւնը կը շարունակուի, որուն գրեթէ ամէն օր արձագանգ կը հանդիսանայ Փարիզի մեր պաշտօնակիցը` «Յառաջ», հրատարկելով նուիրատուներուն անունները: Յիշեցնենք, որ Վազգէն Ա. կաթողիկոս այս նպատակին յատկացուելու համար Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կողմէ նուիրած էր մէկ միլիոն իտալական լիրա (հինգ հազար լիբանանեան ոսկի):  ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Քիչ մը ձեր մասին մտածեցէք: Քանի մը օրուան համար քիչ մը անձնասէր եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Քանի մը օրուան համար չէք կրնար առանձնանալ, որպէսզի հանգստանաք: Պէտք է սպասէք շաբաթավերջը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Դուք ձեզմէ հեռացուցէք ձանձրոյթը եւ տխրութիւնը: Մօտեցէք այն անձերուն, որոնք դրական միտքեր ունին եւ` պարզ մտածումներ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն...

50 Տարի Առաջ (1 Փետրուար 1967)

Խմբագրական Աւարայրի Դիւցազնամարտը Տասնեւհինգ դարերու խորերէն եկող, բայց իբրեւ այսօր, իբրեւ ներկայ ամէն հայու սրտին խօսող, ամէն հայու սիրտ փոթորկող եւ մեզ` բոլորս` խանդավառող եւ յուսադրող դիւցազնամարտի մը տարեդարձն է այսօր: Արդարօրէն եւ իրաւամբ, հայ ժողովուրդը, մանաւանդ` մեր գաղութին մէջ, արժանավայել շուքով կը տօնէ Վարդանանցը: Տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած գեղեցիկ սովորութեամբ մը, Ազգային իշխանութեանց կարգադրութեամբ, պէյրութահայութիւնը Վարդանանց յիշատակը կը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պիտի կազմակերպէք ընտանեկան հաւաքոյթ մը: Դժուար պիտի ըլլայ խուսափիլ այս պաշտօնէն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Առաջինը եկող անձի մը խօսքերուն մի՛ վստահիք: Քանի որ դիւրահաւան էք, եւ դուք յաճախ կ՛ընէք նման սխալներ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Մի՛ աճապարէք, դժուարին կարծուած խնդիր մը պիտի լուծուի եւ պիտի կարգադրուի անմիջապէս: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)...

50 Տարի Առաջ (31 Յունուար 1967)

Մարաշի Աղէտին 47-րդ Տարելիցը Մարաշի աղէտին 47-րդ տարելիցին առիթով, կիրակի, 29 յունուար 1967, Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց, կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր Ս. պատարագ, հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն եւ պաշտամունք: Հակառակ անդադրում անձրեւին, նահատակներուն յիշատակը յարգող հոծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ սրբազան արարողութիւններուն: Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիին մէջ պատարագեց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Սրբազան հայրը իր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Օտար մշակոյթ մը ձեզի պիտի թուի ըլլալ ամբողջովին ծանօթ, թերեւս ձեր ներքին մտածողութեան իմաստն է այս, որով պիտի կարենաք յառաջանալ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Օրը լաւ է ձեր ուզած հարցերը լուծելու: Պիտի տաք հաստատուն նկարագրի օրինակ մը, որ պիտի օգնէ ձեզի ձեր գործերը դիւրութեամբ կատարելու: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Երբ յուսահատութիւնը տիրէ ընտանիքի...

Page 285 of 361 1 … 284 285 286 … 361

Արխիւներ