ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի կազմակերպէք ընտանեկան հաւաքոյթ մը: Դժուար պիտի ըլլայ խուսափիլ այս պաշտօնէն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Առաջինը եկող անձի մը խօսքերուն մի՛ վստահիք: Քանի որ դիւրահաւան էք, եւ դուք յաճախ կ՛ընէք նման սխալներ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մի՛ աճապարէք, դժուարին կարծուած խնդիր մը պիտի լուծուի եւ պիտի կարգադրուի անմիջապէս:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շուտով մի՛ դատէք այն անձը, զոր կը տեսնէք առաջին անգամ: Դատելէ առաջ պէտք է լաւ մը քննարկէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ուշադրութիւն ըրէք փոքր սխալի մը, որովհետեւ շատ սուղ պիտի վճարէք այդ սխալին համար:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ուրիշի մը համար աշխատանք մը պիտի կատարէք, լաւ ձեւով ըրէք, որպէսզի վստահութիւն ունենան ձեր վրայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այս օրերուն շատ դրամ պիտի ծախսէք, ուշադրութիւն ըրէք ձեր հաշիւներուն, որպէսզի ամսուան կիսուն չպարպուի ձեր քսակը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այս տարի ալ պէտք է տաք որոշում մը, թէ մարզանքի պէտք է հետեւիք, որուն արդիւնքը անմիջապէս պիտի զգաք ձեր առողջութեան վրայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ փորձէք մօտենալ այն անձերուն, որոնք չեն ուզեր ձեզի հետ յարաբերիլ: Ձգեցէք, որ իւրաքանչիւր անձ իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր զաւակները կարիքը ունին առանձին ուշադրութեան: Մի՛ անտեսէք այս իրականութիւնը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գործի մէջ պիտի սխալիք պաշտօն մը կատարել: Ձեզի կը մնայ ընդունիլ ձեր կատարած սխալը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի դատապարտէք անձ մը` իր կատարած սխալ գործերուն համար: Նման յանցանք մարդու երեսին մի՛ տաք, որպէսզի չվիրաւորուի:
