Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Պէտք չէ յայտարարէք, որ մէկը ձեզի դրամ պարտական է, որովհետեւ ձեր պարտատէրերը երբ այս լսեն, անմիջապէս ձեզմէ պիտի պահանջեն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պիտի ընդունիք շատ այցելուներ, որոնք պիտի գան անակնկալ կերպով: Անոնք կրնան լաւ ըլլալ կամ` նուազ լաւ: Սիրով ընդունեցէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր ձեռային աշխատանքները եւ այլ գործեր պիտի բազմանան:...





