ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Լաւ քնանալով եւ լաւ ուտելով` ձեր առողջութիւնը պիտի բարելաւուի: Շարունակեցէք այս ձեւը, որպէսզի միշտ առողջ մնաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հրաւիրեցէք ձեր սիրած անձը շարժապատկերի սրահ մը կամ ճաշարան մը: Այսպէս ընելով` ձեր օրը խաղաղ եւ ուրախ պիտի անցնի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անոնք, որոնք պարտէզի գործով կամ ձեռային աշխատանքով կը զբաղին, պէտք պիտի ունենան ուրիշներու օգնութեան:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Արուեստի ձիրքերով օժտուած անձերը պիտի կարենան իրենց գործունէութիւնը յաջողցնել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մտահոգութիւն եւ անքնութիւն ունիք: Ինչո՞ւ բուժումի մը մասին չէք մտածեր, որպէսզի ձեր վիճակը բարելաւուի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Թեթեւ փոփոխութիւն ձեր կերպարանքին վրայ` մեծ ազդեցութիւն պիտի ձգէ ձեր խօսակիցներուն վրայ: Ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր արտաքին տեսքին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հոգեպէս հանգիստ էք եւ մարմնապէս առողջ: Կը բաւէ պարզ սննդականոնի հետեւիլ եւ հաւասարակշռուած ձեւով քնանալ: Այսպիսով, ձեր բնական ընթացքը կը գտնէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ուշադիր եղէք յարձակունակ բնաւորութեամբ բարեկամներու ներկայութեան, որոնք յաճախ նեղութիւն կը պատճառեն իրենց շուրջիններուն: Հեռու մնացէք անոնց հետ վիճելէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ցոյց տուէք, թէ դուք ի՛նչ բանի ընդունակ էք` կատարելով հետաքրքրական աշխատանքներ: Այսպիսով, պիտի կարենաք դուք ձեզ պարտադրել ձեր շրջապատին մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ճամբորդութեան ծրագիր մը մշակեցէք: Սքանչելի է նոր երկիրներ տեսնելը, մանաւանդ երբ յարմար գինով առաջարկներ ստանաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուշադիր եղէք, չխաբուիք ապահովագրական հարցի մը պարագային: Ձեր խօսակիցին հետ արթուն տրամադրութեամբ ձեր հաշիւը կատարեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պայմանագրութիւն մը ստորագրելէ առաջ, տնտեսական հարցի մը պարագային, մեծ ուշադրութեամբ կարդացէք ներկայացուած իւրաքանչիւր պայման: