Այլազան

50 Տարի Առաջ (31 Օգոստոս 1967)

Յո՞ Երթաս... Ո՞վ է ըսած, թէ համբաւը ձիւնագունդի պէս է. քանի գլորի` այնքան կը մեծնայ... Որովհետեւ գրողի անուն ունիմ, մարդիկ զիս խելացի կը կարծեն ու խորհուրդիս կը դիմեն: Քանի մը ամիս առաջ հեռաւոր քաղաք մը գտնուող սեբաստացի բարեկամ մը կը գրէր, թէ մտադրած է իր ծննդավայրը այցելել. ի՞նչ կ՛ըսեմ, ի՞նչ խորհուրդ կու տամ: Մի՛ երթար, կը զղջաս, գրեցի: Երկիրը, ծննդավայրը,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր արձակուրդը երկարե՞լ կ՛ուզէք, եթէ գործի մը պատասխանատու էք, այդ քիչ մը անկարելի է: Ձեր գործը ստանձնեցէք եւ ապա յաջորդ արձակուրդը ծրագրեցէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ընտանիքի մէջ կը սիրէք անցնող օրերուն եւ անցեալին մասին խօսիլ. այսպիսով հաճելի դէպքեր կը վերյիշէք, սակայն երբեմն ալ` տխուր դիպուածներ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Շատ պատրաստակամ էք...

50 Տարի Առաջ (30 Օգոստոս 1967)

Պալեան Հռչակաւոր Գերդաստանը  Այց Մը Անոնց Շիրիմներուն Ո՞ր պոլսահային ծանօթ չէ անունը մեծահռչակ ՊԱԼԵԱՆ գերդաստանի: Անոնք փառքն ու պատիւն են պոլսահային եւ հայութեան: Ամէն մէկ քայլիդ, ամէն մէկ աջ ու ձախ շարժումիդ` առջեւդ կը ցցուի սուլթաններու ճարտարապետ Պալեաններու հանճարին արգասիքին եղող հիասքանչ պալատ մը, քէօշք մը կամ կոթող մը: Վեհապետներ, թագաւորներ ու կայսրեր սքանչացումով դիտած ու գնահատած են Պալեաններու կոթողական...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Բարեկամի մը նեղ կացութեան մատնուիլը պիտի զգաք եւ առանց ձեւակերպութեան եւ առանց յայտարարութեան` անոր օգնութեան պիտի հասնիք: Ձեր բարեկամը շատ շնորհակալ պիտի ըլլայ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Տարիներ առաջ պարտքի տրուած գումար մը պիտի ստանաք, ինչ որ զարմանալի պիտի թուի: Դուք այդ գումարը չէք մոռցած, սակայն բնաւ չէիք պահանջած: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)...

50 Տարի Առաջ (29 Օգոստոս 1967)

Ակնարկ Երկու Եռամսեայ Երեք Հայուհի Վերջին ամիսներուն, հայկական արուեստին ու ճարտարարուեստին վերաբերող ուրացման երկու նոր փորձեր արձանագրեցին թուրքերը. մէկը Սան Ֆրանսիսքոյի թրքական ցուցահանդէսին, միւսը` Պոլսոյ Տոլմապահչէ պալատին մէջ: Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ պարզուած խեղկատակութեան ծանօթ է աշխարհը: Աշխարհի բոլոր ժողովուրդները մասնակցած էին քաղաքին կազմակերպած ցուցահանդէսին` իրենց սեփակա՛ն ստեղծագործութիւններով, մինչդեռ թուրքերը հոն փութացած էին գողօններով, իւրացումներով, թրքացնելով, ըստ կարգի թրքացնելով նաեւ «Գէորգեան...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Ընդհանրապէս դժուարութիւններու կարեւորութիւն չէք տար եւ չէք տկարանար: Ընդհակառա՛կը, միշտ լուծումներու մասին կը մտածէք եւ ձեր կեանքը կը դիւրացնէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Դուք շատ լաւ գիտէք, որ ձեր փափաքածը ունենալու համար պէտք է պայքարիլ. ուրեմն ձեր ուժերը ի գործ դրէք, որպէսզի ձեր երազները իրականանան: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Վերջերս լճացած կ՛ապրիք, եւ...

50 Տարի Առաջ (28 Օգոստոս 1967)

Մեր Մեղքերէն  Իրերօգնութեան Պակասը Ընդհանրապէս մեր շրջապատին մէջ այն տպաւորութիւնը կայ, որ մենք` հայերս «զիրար կը բռնենք»: Իբրեւ մեծ առաքինութիւն` յարգանքով, նոյնիսկ որոշ նախանձով կ՛ընդգծենք այս «իրողութիւնը»: Յաճախ եւ բնականօրէն շոյուած կը զգանք մենք մեզ, երբ կը լսենք այս գովեստը, սակայն անմիջապէս կ՛անդրադառնանք, որ ըսուածին մէջ որոշ չափազանցութիւն կայ: Խորանալով նիւթին մէջ` կը տեսնենք, որ նոյնիսկ շատ ալ իրականութեան չի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Այս շրջանին քիչ մը անհաշիւ ծախսած էք. եթէ ուշադրութիւն չընէք, վերամուտին դժուարութիւններ պիտի ունենաք: Աւելի լաւ է, որ սանձը քաշէք, որպէսզի պարտքեր չունենաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Անցեալին ձեր չըրած գործերուն համար մի՛ զղջաք. մոռցէք անցեալը եւ ներկային ու ձեր ապագային մասին մտածելով` ձեր ծրագիրները ի գործ դրէք, որպէսզի հետագային դարձեալ չզղջաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22...

Պալիի Կապիկները Գողեր Են…

Պալիի Կապիկները Գողեր Են…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Պալի կղզիին մէջ, երբ մենք կ՛այցելենք Ուլուուաթու տաճարը, շատ ուշադրութիւն պէտք է ընենք մեր առարկաներուն` ակնոց, ջուրի շիշ, սանտուիչ, կօշիկ... Ուլուուաթուի տաճարի շրջանին մէջ ապրող կապիկները փոքրիկ «գողեր» են: Զբօսաշրջիկները ասիկա լաւ գիտեն, իսկ հիմա գիտնականները կրցած են հասկնալ, թէ գող կապիկներու խումբը ինչպէ՞ս կ՛ապրի կղզիին վրայ... Ուլուուաթա` փոքրիկ դրախտ մը Պալի կղզին մաս կը կազմէ...

50 Տարի Առաջ (26 Օգոստոս 1967)

Յանուն Արդարութեան Տուինք մանրամասնութիւնները հրէշային եղելութեան մը, որ յղացուած ու գործադրուած է թուրք-թաթար իշխանութեան կողմէ` հայկական Ղարաբաղի մէջ: Ըսենք անմիջապէս, որ լուրը մեզի համար նորութիւն չէ: Կողմնակի աղբիւրներէ հատուկտոր տեղեկութիւններ ունէինք այդ մասին գրեթէ ամիսուկէսէ ի վեր, բայց զայն հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու համար կը սպասէինք լրացուցիչ մանրամասնութիւններու: Եւ ահա արժանահաւատ աղբիւրներ այսօր կը հաստատեն մեր ունեցած տեղեկութիւնները` որոշ մանրամասնութիւններով: Տարակոյս...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եթէ ձեր կարեւոր գործերուն մէջ փոփոխութիւններ պիտի կատարէք, առանց ուսումնասիրելու մի՛ սկսիք: Կարգ մը փոփոխութիւններ լուրջ ուսումնասիրութեան կը կարօտին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ ձեր կեանքի ընթացքը փոխել կ՛ուզէք եւ օտար երկիր մը երթալ կը փափաքիք, լաւ մտածեցէք, քանի որ շատ ալ դիւրին պիտի չըլլայ: Շատ զգայուն էք, եւ բաժանումը կրնայ վնասել ձեզի: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ...

50 Տարի Առաջ (25 Օգոստոս 1967)

Կրակէ Շապիկ... Ծանօթ գրագէտ Կարապետ Փօլատեան «յարգոյ հասարակութեան» կը ներկայացնէ ահաւասիկ իր վերջին վէպը` ԿՐԱԿԷ ՇԱՊԻԿԸ: Գրախօսական մը պիտի չըլլայ մեր գրելիքը հիմա, այլ պիտի ըլլայ քննարկումը «օրակարգ»-ի մը, որ սեղանի վրայ է այսօր, ինչպէս էր երէկ, եւ հաւանաբար սեղանին վրայ պիտի մնայ ընդմիշտ, բոլոր «օրակարգ»-երուն պէս, որոնք հեռուէն կամ մօտէն կրնան մեզի յիշեցնել գորդեան հանգոյցը... Հանգոյց մըն ալ այս......

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Կարծէք ինքնավստահ չէք, սակայն ձեզ գնահատողներ կան, որոնք ձեզ պիտի քաջալերեն եւ ձեզի նեցուկ պիտի կանգնին: Անվարան ձեր ծրագիրները իրագործեցէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պարտաճանաչ էք եւ ձեր բոլոր խոստումները կը յարգէք: Ընկերութեան մէջ ալ փնտռուած անձ մըն էք, եւ ձեր ծրագիրներն ու գաղափարները միշտ կ՛ընդունուին: Միշտ լաւագոյնին կ՛ուզէք հասնիլ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21...

Անյայտ Արձաններ.  «Պիպլիական Դաւիթ»` Չարի Եւ Բարիի Պայքար

Անյայտ Արձաններ. «Պիպլիական Դաւիթ»` Չարի Եւ Բարիի Պայքար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մեր սիրելի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ ծնած են ու կ՛ապրին արձաններ եւ քանդակներ, որոնց քովէն յաճախ կ՛անցնինք, բայց չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պատմութիւն ունին անոնք: Մէկ մասն ալ` «պահուըտած» քաղաքի այգիներուն եւ բակերուն մէջ, լռած են իրենց գոյութեան մասին: Ծանօթանանք անոնցմէ մէկ քանիին, քանի որ մեզի պատմելու շատ բան ունին: «Պիպլիական Դաւիթ» քանդակի չար երեսը: Հայ նշանաւոր քանդակագործ...

50 Տարի Առաջ (24 Օգոստոս 1967)

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներուն Տարեկան Բանակումը Այնճարի Մէջ Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Սկաուտական խորհուրդի, այսօր` ուրբաթ, 25 օգոստոս, Այնճարի մէջ բացումը պիտի կատարուի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական տարեկան ընդհանուր բանակումին: Տպաւորիչ մթնոլորտի մը մէջ տեղի պիտի ունենայ դրօշակներու արարողութիւնը: Այնուհետեւ, շաբաթէ մը ի վեր բծախնդրութեամբ պատրաստուած սկաուտական գեղեցիկ բանակավայրին մէջ բազմաթիւ այցելուներ ուրախութեամբ պիտի դիտեն ՀՄԸՄ-ական սերունդի ցուցադրած արժանիքները: Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ի նպատակը...

Ի՞նչ Կ՛Ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Այսօր ձեզի պաշտօնի բարձրացում պիտի խոստանան: Ուշադրութի՛ւն, ձեր գործակիցները պիտի նախանձին, սակայն ասիկա բնական երեւոյթ մըն է: Դուք շատ կարեւորութիւն պիտի չընծայէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր սննդականոնը մէկ կողմ ձգած էք եւ շատ անհոգ էք: Ուշադրութիւն ըրէք, նուազագոյնը թեթեւ մարզանքներ ըրէք եւ ամէն օր քալէք, որպէսզի ձեր առողջութիւնը պահէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21...

50 Տարի Առաջ (23 Օգոստոս 1967)

Պարզ Ու Պայծառ Պարտէզ  Խոստումի Մասին   Խոստումներու ջրհեղեղի մը մէջ ինկած է ողջ մարդկութիւնը: Բոլոր երկիրներու մէջ յորդած են խոստումի գետերը: Անհատներու կեանքին մէջ պատկերը նոյնն է: Աշխարհը եղած է խոստումներու խառնարան: Հակառակ այս անդիմադրելի հեղեղներուն եւ հոսանքներուն` զգուշանալու է խոստումներ տալէ ու խոստումներու հաւատալէ: Դուք ինքնաբերաբար ոեւէ մէկուն որեւէ բան մի՛ խոստանաք, եթէ վստահ չէք, որ պիտի կարենաք...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ճամբորդութենէ ետք, վերջապէս ձեր տունը պիտի մտնէք եւ ըսէք, հանգիստ տունս գտայ, եւ իսկապէս լաւագոյն տեղն է, ուր կը հանգստանաք: Այսուհանդերձ, ճամբորդութիւնն ալ իր բարիքները ունի: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Արեւահարութենէ հեռու մնացէք: Եթէ քալել կ՛ուզէք, պէտք է առաւօտեան կամ երեկոյեան քալէք, որպէսզի աւելի  կայտառ մնաք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21...

50 Տարի Առաջ (22 Օգոստոս 1967)

Հիթլերէն... Մուսա Փրենս Մուսա Փրենսի մամլոյ ասուլիսը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց հայ հասարակութեան մէջ: Ընդհանրապէս այսպէս եղած ենք: Երբ որ հայ մը զբաղած է հայով, հայութիւնը քաղցր սարսուռ մը անցուցած է: Այն իրողութեան համար, որ օտարները մեզ թողլքած են յաճախ, մեզմով չեն զբաղած կամ զբաղած են պարագայականօրէն երբեմն նման առկայծող ճրագներ խարոյկի տաքութիւն են առթած մեզի: Հասկնալի բարդոյթ: Երբ օտար որոշ...

Page 264 of 361 1 … 263 264 265 … 361

Արխիւներ