Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Օգոստոս 28, 2017
| Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Այս շրջանին քիչ մը անհաշիւ ծախսած էք. եթէ ուշադրութիւն չընէք, վերամուտին դժուարութիւններ պիտի ունենաք: Աւելի լաւ է, որ սանձը քաշէք, որպէսզի պարտքեր չունենաք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անցեալին ձեր չըրած գործերուն համար մի՛ զղջաք. մոռցէք անցեալը եւ ներկային ու ձեր ապագային մասին մտածելով` ձեր ծրագիրները ի գործ դրէք, որպէսզի հետագային դարձեալ չզղջաք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երկար արձակուրդէ մը ետք գործի վերսկսիլը անշուշտ դժուար պիտի ըլլայ. սակայն… ուրիշ ելք չկայ: Եթէ կ՛ուզէք կեանքը ապրիլ ձեր ուզած ձեւով, անպայման պէտք է աշխատիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Արձակուրդի շրջանին ձեր սննդականոնը մէկ կողմ դրած էք, ինչ որ իր ազդեցութիւնը ձգած է: Թեթեւ մարզանքներ կատարեցէք եւ հարուստ ուտելիքներէ հեռու մնացէք, որպէսզի նախկին կազմը ունենաք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Անշուշտ արձակուրդէն ետք դժուար պիտի ըլլայ գործի սկսիլը, մանաւանդ եթէ ստիպուած էք կանուխ արթննալ: Ձեր անցուցած հաճելի պահերուն մասին մտածելով` աւելի դիւրութեամբ պիտի ստանձնէք գործը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վերամուտ է, եւ դուք շատ անտրամադիր էք: Ձեր գործին վերադառնալ չէք ուզեր, սակայն մտածեցէք ձեր եկամուտին մասին եւ պիտի տեսնէք, որ առանց աշխատանքի` ոչինչ կրնաք ընել:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ գնումի համար դուրս պիտի ելլէք, դրամատան ձեր քարտը տունը ձգեցէք, որպէսզի պահ դրուած ձեր գումարը չվերջացնէք: Շռայլօրէն ծախսելը ո՛չ մէկ իմաստ ունի:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Թէեւ հաւասարակշռուած էք եւ ամէն բան տեղին կ՛ընէք, սակայն երբեմն ձեզի տրուած ուղղութիւնները մի՛ անտեսէք: Վերջապէս, ձեզմէ աւելի փորձառութիւն ունեցող անձեր կան ձեր շուրջը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շատ կ՛աշխատիք եւ ձեր ուժը կը վատնէք: Ձեր առողջութեան մասին մտածեցէք, դուք ալ պէտք է գիտնաք, որ առողջութիւնը ամէնէն մեծ հարստութիւնն է: Տրամաբանօրէն աշխատելով` շատ բաներ կրնաք ընել:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոր շրջանակի մը մէջ անձերը մի՛ անտեսէք, անոնք գիտուն եւ փորձառու անձեր կրնան ըլլալ, որոնցմէ կրնաք շատ բաներ սորվիլ: Պատահականութիւնը շատ բաներ կրնայ փոխել ձեր մէջ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Վերամուտին անտրամադիր էք եւ առանց ուզելու կ՛աշխատիք, ինչ որ ձեր պատասխանատուները պիտի նշմարեն: Ուշքի՛ եկէք, որպէսզի ձեր գործը չկորսնցնէք, այլապէս կրնաք զղջալ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կատարեալ հանգիստէ մը ետք անհամբեր էք ձեր գործին վերադառնալու եւ ձեր գործակիցները գտնելու համար: Ամէն մէկը պատմելիք մը պիտի ունենայ, եւ բոլորդ ալ բարձր տրամադրութեամբ պիտի աշխատիք:

Նախորդը

Համաշխարհային Ուսանողական Խաղեր. Գոռ Մինասեան` Ախոյեան

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (28 Օգոստոս 1967)

RelatedPosts

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 18, 2020
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 17, 2020
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?