ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կարծէք ինքնավստահ չէք, սակայն ձեզ գնահատողներ կան, որոնք ձեզ պիտի քաջալերեն եւ ձեզի նեցուկ պիտի կանգնին: Անվարան ձեր ծրագիրները իրագործեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պարտաճանաչ էք եւ ձեր բոլոր խոստումները կը յարգէք: Ընկերութեան մէջ ալ փնտռուած անձ մըն էք, եւ ձեր ծրագիրներն ու գաղափարները միշտ կ՛ընդունուին: Միշտ լաւագոյնին կ՛ուզէք հասնիլ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Արձակուրդի ընթացքին ձեզ հետաքրքրող անձերու հետ բարեկամութիւն պիտի հաստատէք, որոնցմէ մէկուն հանդէպ տարբեր զգացում մը պիտի ունենաք, որ հետզհետէ սիրոյ զգացումի պիտի փոխուի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընտանիքին մէջ թեթեւ խախտումներէ ետք պիտի անդրադառնաք եւ նորութիւններ պիտի բերէք: Այս փոփոխութիւնը ամէնուն հաճելի պիտի թուի եւ ուրախութեամբ պիտի ընդունուի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Արձակուրդը իր վերջաւորութեան կը հասնի, առաւելագոյնը օգտուեցէք եւ վայելեցէք առիթները: Վերամուտին շատ գործեր ունիք ընելիք, որոնք ձեզմէ բաւական ժամանակ պիտի խլեն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր գնումներուն ուշադրութիւն ըրէք, ամրան եղանակին քիչ մը անհաշիւ ծախսած էք, ժամանակն է զգաստանալու, որպէսզի ձեր եկամուտը հաւասարակշռուի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այս վերամուտին ձեր տան կահաւորումը կ՛ուզէք փոխել: Լաւ գաղափար մըն է: Փոփոխութիւնները յաճախ լաւ կ՛ըլլան: Ձեր տրամադրութիւնն ալ պիտի բարձրանայ եւ գոհունակութիւն մը պիտի զգաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կեանքը միշտ լաւ ակնոցներով կը դիտէք եւ միշտ ձեր վիճակէն գոհ էք: Ձեր այս նկարագիրը ձեզ ուրախ կը պահէ, նոյնիսկ ձեր շրջապատին տրամադրութիւնները կը բարձրացնէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նախանձողներ կը գտնուին ձեր շուրջը: Ձեր զօրաւոր նկարագիրով բնաւ անոնց կարեւորութիւն պիտի չտաք, ինչ որ աւելի պիտի ջղայնացնէ ձեր հակառակորդները: Ձեր յամառ կեցուածքը յաջողութեան կ՛առաջնորդէ ձեզ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Յաճախ շուտ կը ձանձրանաք եւ միշտ ձեր գործը փոխել կ՛ուզէք. փոփոխութիւնը լաւ է, բայց` ոչ միշտ: Կեդրոնացէք ձեր սիրած գործին վրայ, որպէսզի կարենաք յառաջանալ եւ յաջողիլ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արտայայտուելու դժուարութիւն ունիք եւ չէք կրնար ձեր հարցերուն մասին խօսիլ: Ձեր բոլոր մտածումները գրի առէք, որպէսզի ձերբազատիք այդ հոգերէն: Այս ձեւով արտայայտուած ըլլալու գոհունակութիւնը կ՛ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Լաւատես ըլլալու պատճառներ ունիք, սակայն յաճախ շատ զգուշութեամբ կը մօտենաք հարցերուն, ինչ որ ձեր յաջողութեան պատճառ կ՛ըլլայ: Աւելի վստահութիւն ունեցէք ձեր շուրջիններուն վրայ: