Այլազան

Յայտարարութիւններ (16 Ապրիլ 2018)

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ ԼՕԽ-ը տարիներու ծառայական աշխատանքին ընթացքին չյոգնեցաւ եւ ժամանակավրէպ դառնալով լուսանցքային ներկայութիւն չդարձաւ մեր գաղութին մէջ, ընդհակառակն` մեծցաւ եւ դարձաւ ուժական, կատարելագործեց եւ դարձաւ մասնագիտական, իր կեանքը եղաւ լեցուն հպարտութիւն ներշնչող իրագործումներով, եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնով դարձաւ լոյսի փարոս` կարիքի ու թշուառութեան մէջ խարխափող հայորդիին: --------------------------------------- ՄԱՀԱԶԴ Տիկին Սեսիլ Պետրոսեան եւ զաւակը Սեւակ Տէր եւ տիկին Կարօ...

Մեր Ընթերցողներուն

50 Տարի Առաջ (16 Ապրիլ 1968)

Խմբագրական Եօթը Գիրք Պատկերը գեղեցիկ է, երեւոյթը` խրախուսիչ: «Բագին» գրական ամսագրին վերջին թիւը ուրախութեամբ ու արդար հպարտութեամբ կը ծանուցէ եօթը գիրք, եօթը յաղթանակ` մեր մշակութային կեանքին մէջ: «Ազդակ» խոր գոհունակութեամբ արձագանգ կը հանդիսանայ այս աւետիսին` այն վստահութեամբ, որ գիրի ու գրականութեան պաշտամունքը ունեցող մեր ժողովուրդը այս փունջին մէջ պիտի տեսնէ հայ ստեղծագործ միտքին մէկ նոր նուաճումը` մեր գրական անդաստանին: Եօթը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Այս ամիս ընկերային կեանքի, լաւ տրամադրութեան եւ մասնակցութեան ամիս է: Պիտի նկատէք մթնոլորտի բարելաւում: Կեանքի անիւը պիտի դառնայ արագ: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Աշխատանքի մէջ ձեր առաջնահերթութիւնները մի՛ մոռնաք եւ մի՛ յետաձգէք կարեւոր ժամադրութիւնները: Ձեր գործունէութիւնները բնականէն դուրս պիտի շատնան: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Ձեր ընկերներուն եւ սիրելիներուն հետ պիտի ուրախանաք: Եթէ տակաւին...

Շաքարը` Լա՞ւ, Թէ Գէշ

Շաքարը` Լա՞ւ, Թէ Գէշ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամէն տարի աշխարհի մէջ կը ծախուի 170 միլիոն թոն շաքար: Ներկայիս մարդ արարածը ամէնէն մեծ քանակով շաքար կ՛ուտէ կամայ թէ ակամայ: Մեր կերած ուտելիքներուն մէջ այնքան շատ նիւթեր կան, որ դժուար է նշմարել, թէ ան ո՛ւր կը պահուըտի: * * * Մոլորակին հեռաւոր անկիւններուն մէջ է, որ մարդ արարածը սկսած է մշակել շաքարեղէգը` Խաղաղական ովկիանոսին Նիւ...

50 Տարի Առաջ (14 Ապրիլ 1968)

Խմբագրական Յարութեան Հրաշքը Կեանքի ներկայ թոհուբոհին մէջ, երբ ջիղերու պայքարը հասած է գագաթնակէտին, խաղաղութեան եւ ներքին անդորրութեան ծարաւի հոգիներուն համար որքա՜ն սփոփարար է պահ մը կանգ առնել Աստուածորդւոյն յարութեան հրաշքին առջեւ եւ ունենալ ապրումը լաւագոյն կեանքի մը` քրիստոնէական բարութեամբ եւ առաքինութեամբ: Քրիստոսի պատգամն է դարձեալ, որ կը հասնի Երկրի բոլոր մարդոց, կը լեցնէ հոգիներու սափորը դատարկ. - Սիրեցէք զմիմեանս: Անկարելի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Թոյլ մի՛ տաք, որ կասեցնեն ձեր ձգտումները կամ խառնուին ձեր անձնական գործերուն: Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Ձեր գործերը պիտի չդադրին, եւ ձեր հեռաձայնը պիտի չդադրի հնչելէ: Մի՛ աղաւաղէք ձեր անունը: Կարեւոր հանդիպումներ կատարեցէք եւ ձեր ընկերներուն կարծիքը հարցուցէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Այս օրերուն զգուշ եղէք վիճաբանութիւններէ ու մի՛...

Մեր Ընթերցողներուն

Յայտարարութիւններ (13 Ապրիլ 2018)

ՄԱՀԱԶԴ Տէր եւ տիկին Վարուժան եւ Անի Թէնպէլեան եւ զաւակները` Նարին, Ալիք եւ Հայկ Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Լիլի Թէնպէլեան եւ դուստրը` Բարտի Տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ Ալիս Ճինպաշեան եւ զաւակները` Յակոբ եւ Խաժակ Տիար Համբիկ Թէնպէլեան եւ օրդ. Սիլվա Թէնպէլեան Տէր եւ տիկին Մանուկ Թէնպէլեան եւ զաւակունք Յովհաննէսեան, Այվազեան եւ Գոզանեան ընտանիքներ Չէօրէքճեան ընտանիք եւ համայն ազգականներ...

50 Տարի Առաջ (13 Ապրիլ 1968)

Խմբագրական Վաղուան Լիբանանին Համար Ընտրութիւնները վերջացան, ու հիմա առաջին եզրակացութիւնները կը հանուին եւ առաջնահերթ հաստատումները կ՛ըլլան լիբանանեան մամուլին մէջ: Բոլորին միահամուռ բաղձանքն է գիծ քաշել ընտրական եւ այլ կարգի վէճերուն վրայէն ու նայիլ ապագային, կերտել վաղուան Լիբանանը` առանց բանադրանքներ արձակելու, ծայրայեղ դիրքեր բռնելու, այլ` լրջախոհութեամբ, լայնամտաբար, ազգային միութեան ուղիով, համերաշխութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ, որ այս երկրին ընդհանուր նկարագիրն է: Ընտրապայքարի ընթացքին,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Սրբագրեցէք ձեր սխալները: Պիտի զբաղիք ժառանգական խնդիրով մը: Մասնագէտներու կարծիքը առէք եւ փնտռեցէք հասկացողութիւն եւ հասարակաց գիծեր: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Կը պատրաստուիք ճամբորդութիւն մը կատարել. դրական եւ արդիւնաւէտ շրջան մըն է: Պիտի դիւրանան այլոց հետ հաղորդակցելու միջոցները: Օգտուեցէք ամէն առիթէ` ձեր գործերը ամբողջացնելու: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)...

Յայտարարութիւններ (12 Ապրիլ 2018)

ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Այսօր` հինգշաբթի, 12 ապրիլին, գիշերուան ժամը 9:45-ին, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Թոք աֆ տը թաուն - Հատիս էլ Պալատ» յայտագիրէն հետեւեցէ՛ք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հարցազրոյցին: Իսկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:15-ին, կրնաք հետեւիլ «Սաութ Հուրիէ» ռատիոկայանին հետ երեսփոխան Յ. Բագրատունիի հարցազրոյցին: --------------------------------------- ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ Աւելորդ է յիշատակել հայ կնոջ ձեռքով կերտուած եւ կեանք...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Երեխան Երաժշտութիւն Պէտք Է Լսէ Ծնած Օրէն

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխան Երաժշտութիւն Պէտք Է Լսէ Ծնած Օրէն

Բժիշկներն ու հոգեբանները կը պնդեն, որ երեխան պէտք է երաժշտական հնչիւններուն ծանօթացնել շատ կանուխէն, երբ ան տակաւին մօր արգանդին մէջ է... Յղի կիներուն կը թելադրուի դասական երաժշտութիւն լսել, նոյնիսկ` երգել: Կարեւոր չէ երգին ընտրութիւնը, կարեւորը այն է, որ երեխան իր մօր ձայնը լսէ: Ի՞նչ Երաժշտութիւն Պէտք Է Լսէ Երեխան - Դասական երաժշտութիւն: Այն հաստատ համոզումը կայ, որ երեխաներուն համար յարմարագոյն...

50 Տարի Առաջ (12 Ապրիլ 1968)

Հայ Ժողովուրդին Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութեանց առթիւ, ՀՅ Դաշնակցութեան հանդէպ հայ ժողովուրդի ցուցաբերած վստահութեան, հաւատարմութեան եւ անսակարկ զոհաբերութեան համար, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ ձեռք բերել ընտրական յաղթանակները, Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ բոլորին: Կեդրոնական կոմիտէն եւ հայ ժողովուրդի ընտրած երեսփոխանները յառաջիկայ խորհրդարանական գործունէութեան համար ունին իրենց անկախ ուղեգիծը եւ միշտ առաջնորդուելով Լիբանանի գերագոյն շահերէն` հաւատարիմ պիտի մնան ազգային...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Պիտի տօնէք յաջողութիւն մը կամ յաղթանակ մը: Այս շրջանը լեցուն է բախտով եւ յաջողութեամբ: Ինքնավստահ ու համարձակ եղէք: Մի՛ յանձնուիք այն պայմաններուն, որոնց չէք համոզուած: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Ընտանեկան հարցերով պիտի զբաղիք: Թոյլ մի՛ տաք, որ խառնուին ձեր անձնական գործերուն կամ կասեցնեն ձեր ձգտումները: Քննարկումներու մի՛ մասնակցիք այս շրջանին: Անձնական գետնի վրայ տագնապալից...

Մեր Ընթերցողներուն.  «Ազդակ»-ը Նոր Հատավաճառով  Եւ Նոր Բաժանորդագինով

Յայտարարութիւններ (11 Ապրիլ 2018)

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՓԱՌԱՏՕՆ 2018 Հովանաւորութեամբ` Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին Կազմակերպութեամբ` Պուրճ Համուտի բարգաւաճման խորհուրդին Մասնակցութեամբ` «Սուք էլ Էքըլ»-ին Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 15 ապրիլին, Պուրճ Համուտի «Աբրահամ Աշճեան» պողոտային վրայ: Փառատօնը կ՛ընդգրկէ տաղաւարներու ցուցադրութիւն-վաճառք: Փոքրերու յատուկ ժամանցի խաղեր: Գեղարուեստական յատուկ յայտագիր` մասնակցութեամբ լիբանանահայ երգիչներու: Փառատօնի բացում` կիրակի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: --------------------------------------- Բացում Հայ Դատի Պէյրութի Գրասենեակի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Ալիս Պայթարեանի մահուան առիթով` - Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեան 50$ - Տիար Գրիգոր Նուպար Աբրահամեան 50$

50 Տարի Առաջ (11 Ապրիլ 1968)

Խմբագրական Յաղթանակին Արժէքը Պայքարէն ետք` յաղթանակ: Լիբանանի բոլոր ընտրութիւններուն ա՛յս եղած է անխախտ օրէնքը մեր կազմակերպութեան: Եւ որովհետե՛ւ այդպէս է, որովհետե՛ւ յաղթանակը միշտ ժպտած է մեզի, ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը եղած են մեր բաժինը, բայց երբեք` յաղթանակին գինովութիւնը, որ անծանօթ է ՀՅ Դաշնակցութեան, կուսակցութեան մը, որ նկատի ունի համայն հայութիւնը եւ ոչ թէ միայն անոր մէկ հատուածը: Այս գիտակցութիւնը ունին մեր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Մի՛ յոգնեցնէք դուք ձեզ: Հեռու մնացէք թշնամական կեցուածքներէ: Ամսուան խրթին ու վատ օրերէն մէկն է: Զգուշ եղէք ձեր թշնամիներէն: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Կառչած մի՛ մնաք ձեր կարծր կեցուածքներուն վրայ, ճկուն եւ ժպտուն եղէք: Զրուցեցէք դիւանագիտութեամբ: Արտայայտեցէք ձեր կարծիքը վստահութեամբ: Ձեր օրը սկսեցէք մարզական ոգիով: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Մի՛ մերժէք կարեւոր դեր...

Յայտարարութիւններ (10 Ապրիլ 2018)

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս կը դիմէ իր բոլոր հայրենակիցներուն անխտիր` քաջ գիտնալով, որ իւրաքանչիւր հայ, անդրադառնալով մեր կազմակերպութեան ծով կարիքներուն, չի զլանար իր մասնակցութիւնը բերելու մեր բոլորին հաւաքական ճիգերը պահանջող հայութեան վաղուան իրագործումներուն: Գաղութին մէջ առաջին անգամ ԼՕԽ-ն էր, որ կազմակերպեց հանգանակութիւն ընելու ձեռնարկը: Խաչուհիները կ՛իջնեն հրապարակ, կ՛անցնին թաղէ-թաղ, տունէ-տուն, խանութէ-խանութ եւ լումայ առ լումայ...

50 Տարի Առաջ (10 Ապրիլ 1968)

ՀՅ Դաշնակցութեան Փառաւոր Յաղթանակը 7 ապրիլին Պուրճ Համուտի մէջ, շնորհիւ հայ ժողովուրդին արի կեցուածքին եւ քաղաքացիական խոր գիտակցութեան, ՀՅ դաշնակցութիւնը արձանագրեց նոր եւ փառաւոր յաղթանակ մը, որուն մէջ իրենց արդար բաժինը ունին բոլորը, մեր բոլոր ընկերները, որոնք մեր կազմակերպութեան հզօր կամքին արտայայտիչը եղան: Պուրճ Համուտ երէկ եղաւ գերզօր աշխատանքի հրաշալի զանգուած մը: Պատանիէն սկսած մինչեւ ծերունին, ընկեր, համակիր ու բարեկամ,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Յարմար ժամանակ է կեդրոնանալու ձեր սիրելիներու կարիքներուն վրայ: Ձեր զաւակներուն ժամանակ տուէք: Յարմար ժամանակ է ճակատագրական որոշումներ տալու: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Յոգնածութիւն պիտի զգաք կամ պիտի հիւանդանաք: Մի՛ ուշանաք, կանուխ գործի գացէք: Յոգնեցնող շրջան մըն է: Լուսարձակի տակ պիտի առնուին անցեալի ձեր ճիգերը, պարտականութիւնները եւ իրաւունքները: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Յարաբերաբար դժուար...

Page 239 of 361 1 … 238 239 240 … 361

Արխիւներ