ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՓԱՌԱՏՕՆ 2018
Հովանաւորութեամբ` Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին
Կազմակերպութեամբ` Պուրճ Համուտի բարգաւաճման խորհուրդին
Մասնակցութեամբ` «Սուք էլ Էքըլ»-ին
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 15 ապրիլին, Պուրճ Համուտի «Աբրահամ Աշճեան» պողոտային վրայ:
- Փառատօնը կ՛ընդգրկէ տաղաւարներու ցուցադրութիւն-վաճառք:
- Փոքրերու յատուկ ժամանցի խաղեր:
- Գեղարուեստական յատուկ յայտագիր` մասնակցութեամբ լիբանանահայ երգիչներու:
Փառատօնի բացում` կիրակի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
—————————————
Բացում Հայ Դատի Պէյրութի Գրասենեակի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով եւ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի տնօրինութեամբ, ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ հաստատուեցաւ Հայ դատի Պէյրութի գրասենեակը` նպատակ ունենալով յաւելեալ զարկ տալ Հայ դատի ծանօթացման ու հետապնդման աշխատանքներուն Լիբանանի մէջ:
Հայ դատի Պէյրութի գրասենեակը կու գայ աւելնալու Հայ դատի աշխատանքին նուիրուած աշխարհատարած ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներու շղթային:
Գրասենեակի տնօրէնութիւնը ստանձնած է Սօսի Սարգիսեան, DEA վկայեալ լիբանանեան համալսարանէն, ընկերաբանութիւն-տնտեսագիտութիւն եւ քաղաքական գիտութեանց մարզերուն մէջ: Ան մագիստրոսի վկայականին արժանացած է «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանէն` ընկերաբանութեան ճիւղին մէջ:
Սօսի Սարգիսեան երկար տարիներ եղած է Հայ դատի եւ քարոզչական յանձնախումբերու անդամ, յօդուածներով եւ հարցազրոյցներով հանդէս եկած է Հայ դատի ծանօթացման աշխատանքներուն: Հրատարակած է «Եւ կեանքը կը շարունակուի» խորագիրով ֆրանսատառ հատոր մը:
—————————————
ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ
Այնճարի Մէջ, 3 Յարկանի, Գին` 225000$: Դիմել` Հեռ. 03-321252:
—————————————-
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2018-ԻՆ
. ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ
ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
19 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
15 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ