ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Մի՛ յոգնեցնէք դուք ձեզ: Հեռու մնացէք թշնամական կեցուածքներէ: Ամսուան խրթին ու վատ օրերէն մէկն է: Զգուշ եղէք ձեր թշնամիներէն:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Կառչած մի՛ մնաք ձեր կարծր կեցուածքներուն վրայ, ճկուն եւ ժպտուն եղէք: Զրուցեցէք դիւանագիտութեամբ: Արտայայտեցէք ձեր կարծիքը վստահութեամբ: Ձեր օրը սկսեցէք մարզական ոգիով:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Մի՛ մերժէք կարեւոր դեր խաղալ յառաջիկայ օրերուն: Ընդարձակեցէք ձեր շարժումները եւ յանձն առէք հանդիպումներ կազմակերպել: Լաւ լուրի կամ արդիւնքի համար պիտի ուրախանաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Անբախտ ու ոչ աշխուժ շրջան մըն է: Ուշադիր եղէք ձեր տրամադրութեան: Հանդիպում մը ձեզ պիտի տագնապեցնէ: Պիտի բազմապատկուին ձեր պարտականութիւնները:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Առկախ մնացած հարցի մը վերաբերեալ որոշիչ լուր մը պիտի ստանաք: Պիտի յաջողիք զգայուն հարց մը առաջ դնել: Կարեւոր գործ մը պիտի կատարէք, որ աչքի պիտի զարնէ: Նոր ու ինքնավստահ սկիզբ մըն է:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ուրախ լուր մը պիտի առնէք եւ կարեւոր դեր մը պիտի խաղաք: Նրբութեամբ պիտի լուծէք խնդիրները: Պիտի հետաքրքրուիք նիւթական մանրամասնութիւններով:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Կարողութիւնը ունիք շրջելու խնդիրը ի նպաստ ձեզի: Մինակ մի՛ մնաք, այլ գտէք ընկերներ ու բարեկամներ: Կասկածի առիթ մի՛ տաք, շտապեցէք` յստակեցնելու հարցերը:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Կարեւոր շրջան է կապերը ամրապնդելու` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն: Փոխայցելութիւններ պիտի ունենաք եւ` կարեւոր հեռաձայնային կապեր: Անձնական հարցով մը պիտի տագնապիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Այս օրերուն լուր մը կամ այցելութիւն մը պիտի ուրախացնէ ձեզ: Պայմանները պիտի օգնեն ձեզի, որ ձեր շարժումները ընդարձակուին: Ձեռնածալ մի՛ մնաք: Դրական շրջան մըն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Դժուար ու յոգնեցնող օրեր են: Պիտի գանգատիք անձնական հոգերէ եւ զբաղուածութիւններէ: Առողջական խնդիր մը պիտի ունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Հեռու մնացէք զայրոյթէ, արագ որոշումներէ եւ թշնամական կեցուածքներէն: Զգուշացէք արկածներէ եւ անհամաձայնութիւններէ, որոնք կրնան սուղ արժել:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ուրիշները գոհացնող լուծումներ փորձեցէք գտնել: Պիտի ստիպուիք հրաժարիլ ձեր մէկ կեցուածքէն: Անձնական յոգնութենէն զգուշացէք: