ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Այս ամիս ընկերային կեանքի, լաւ տրամադրութեան եւ մասնակցութեան ամիս է: Պիտի նկատէք մթնոլորտի բարելաւում: Կեանքի անիւը պիտի դառնայ արագ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Աշխատանքի մէջ ձեր առաջնահերթութիւնները մի՛ մոռնաք եւ մի՛ յետաձգէք կարեւոր ժամադրութիւնները: Ձեր գործունէութիւնները բնականէն դուրս պիտի շատնան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր ընկերներուն եւ սիրելիներուն հետ պիտի ուրախանաք: Եթէ տակաւին անդամ չէք միութեան մը կամ որեւէ խմբակցութեան, յարմար առիթ է արձանագրուելու միութեան մը կամ կազմակերպութեան մը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պիտի լսէք լաւ լուրեր, որոնք առիթ պիտի ստեղծեն նոր ձեռքբերումներու եւ յաջողութիւններուն: Պատրաստուեցէք, որովհետեւ շուտով պիտի դասուիք յաղթողներու ցանկին:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Անցեալ ամիս ուշացաք ձեր աշխատանքին մէջ, բայց այս ամիս կեանքը ձեզի համար դիւրին ու հաճելի պիտի թուի: Հակառակ բոլոր դրական տուեալներուն` պէտք է նախապէս պատրաստէք ձեր կատարելիք գործերը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Դրական շրջանը օգտագործեցէք, որովհետեւ անիկա ձեզի համար պիտի ստեղծէ հանգիստ եւ ապահով պայմաններ: Մի՛ տատամսիք ձեր կեանքը բարելաւելու` հեռու մնալով այն ամէնէն, ինչ որ կը վնասէ ձեր զգացումներուն եւ արժանապատուութեան:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Գործակցեցէք ձեր ընկերներուն հետ եւ բացուեցէք ձեր միջավայրին: Նոր ընկերներ եւ բարեկամներ պիտի ունենաք, որոնք պիտի քաջալերեն ձեր ընթացքը:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Նոր դուռեր պիտի բացուին ձեր առջեւ: Պիտի մասնակցիք կազմակերպական եւ միութենական աշխատանքի մը, ուր պիտի քաջալերուիք ձեր տարած ճիգերուն եւ տուած բարիքներուն համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ամսուան այս օրերը պիտի բնորոշուին հանդարտութեամբ : Այս շրջանին լուրեր պիտի չստանաք: Մեծ քայլեր մի՛ ձեռնարկէք այս օրերուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր ճամբան պիտի լուսաւորուի. բոլոր մարզերուն մէջ արդիւնաւէտ ամիս մը պիտի ըլլայ ձեզի համար: Յարմար ամիս է ճշդելու ձեր նպատակները եւ առաջնահերթութիւնները:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ընկերային, զգացական եւ աշխատանքային գետնի վրայ պիտի զարմացնէք ձեր շուրջինները ձեր վարուելակերպով: Բախտը ձեզի կը ժպտի այս օրերուն:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պիտի ձախողիք առիթները օգտագործելու ձեր զբաղուածութեան եւ նեղ ժամանակին պատճառով: Պիտի տաք արդիւնաւէտ որոշում, որ բոլորը կը սպասէին: