ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Սրբագրեցէք ձեր սխալները: Պիտի զբաղիք ժառանգական խնդիրով մը: Մասնագէտներու կարծիքը առէք եւ փնտռեցէք հասկացողութիւն եւ հասարակաց գիծեր:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Կը պատրաստուիք ճամբորդութիւն մը կատարել. դրական եւ արդիւնաւէտ շրջան մըն է: Պիտի դիւրանան այլոց հետ հաղորդակցելու միջոցները: Օգտուեցէք ամէն առիթէ` ձեր գործերը ամբողջացնելու: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Երեւոյթները պիտի յստականան, եւ դուք համարձակօրէն խնդիրները սեղանի վրայ պիտի դնէք քննարկելու համար զանոնք: Ձեր առաջնահերթութիւնները կարգաւորեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Դրական դեր ունեցէք` մթնոլորտը ջերմացնելու: Դրական զգացումներ եւ փորձութիւններ: Դրական դեր պիտի ունենաք` տարբեր կարծիքներ ի մի բերելու:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Արդիւնաւէտ եւ շինիչ շրջան մըն է. կանգ մի՛ առնէք, այլ դէպի առաջ շարժեցէք վստահութեամբ: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք կամ համագումարի մը պիտի մասնակցիք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Պիտի տագնապիք եւ իրար անցնիք: Զգուշ եղէք ընտանեկան հարցերէն: Յարմար շրջան մըն է` նոր գործ մը սկսելու կամ նորոգութիւններ ընելու:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Զգացական պայմաններու մէջ պիտի գտնուիք: Պարգեւ մը կամ ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Հանգիստ եւ դիւրին ժամանակ պիտի անցընէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Կանուխ գացէք աշխատանքի եւ թոյլ մի՛ տաք, որ ձեր գործերը կուտակուին: Մի՛ անտեսէք առողջական կամ աշխատանքային խնդիր մը: Կարգաւորեցէք ձեր ընելիքները եւ սկսեցէք առաջնահերթութիւններէն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Դասաւորեցէք ձեր բոլոր պարտաւորութիւնները այս օրերուն: Հանդարտ մնացէք, որովհետեւ այս շրջանին ճնշումները պիտի շատնան: Դժուար մրցակցութիւն մը պիտի ունենաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ճկուն եղէք եւ մի՛ հրաժարիք ձեր իրաւունքէն: Ձեր կարծիքը մի՛ պարտադրէք: Փնտռեցէք լուծումներ, որոնք կը գոհացնեն բոլոր կողմերը:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Այս ժամանակաշրջանը կարեւոր է հաղորդակցելու համար ձեր միջավայրին հետ եւ` ձեր ձայնը լսել տալու: Աշխատանքային ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք: Բազմաթիւ կապեր պիտի հաստատէք եւ հասնիք համաձայնութեան:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Գրաւի մի՛ դնէք ձեր անունը եւ հանգստութիւնը: Ճնշող շրջան մըն է: Մի՛ աճապարէք` կտրուկ որոշումներ տալու: Կարիք ունիք լաւապէս սերտելու կացութիւնը: Տիրապետեցէք ձեր ջիղերուն: