Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շաքարը` Լա՞ւ, Թէ Գէշ

Ապրիլ 14, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ամէն տարի աշխարհի մէջ կը ծախուի 170 միլիոն թոն շաքար: Ներկայիս մարդ արարածը ամէնէն մեծ քանակով շաքար կ՛ուտէ կամայ թէ ակամայ: Մեր կերած ուտելիքներուն մէջ այնքան շատ նիւթեր կան, որ դժուար է նշմարել, թէ ան ո՛ւր կը պահուըտի:

* * *

Մոլորակին հեռաւոր անկիւններուն մէջ է, որ մարդ արարածը սկսած է մշակել շաքարեղէգը` Խաղաղական ովկիանոսին Նիւ Կինէայի եւ զայն շրջապատող կղզիներուն մէջ: Ապա ան կը հասնի Հնդկաստան: Հոնկէ է, որ կու գայ շաքարին անունը. հնդիկներուն սանսկրիտ լեզուով անոր անունը սարքարա է:

Ժամանակի ընթացքին եւ հետախուզական արշաւանքներուն միջոցով շաքարեղէգը պիտի շրջի ամբողջ աշխարհի տարածքին: Հին ժամանակներուն, երբ շաքարը եւ մեղրը միակ ծանօթ աղբիւրներն են քաղցր համը ստանալու համար, ան կը ներկայացուի իբրեւ` «եղէգը, որ մեղր կ՛արտադրէ առանց մեղուներու օգնութեան»:

16-րդ դարուն երկրագործութեան մասնագէտ Օլիվիէ տը Սեր առաջին անգամ չի յաջողիր շաքար արտադրել ճակնդեղի հիւթին շնորհիւ: Սակայն 18-րդ դարուն է միայն, որ քիմիագէտ մը կը փաստէ, որ շաքարեղէգէն եւ ճակնդեղէն ստացուած շաքարը նոյնն է: Շաքարի առեւտուրը շատ դրամ կը բերէ: Շաքարին պատճառով տեղի կ՛ունենան պատերազմներ: Պատերազմներ` երկիրներու միջեւ, որոնք կ՛ուզեն իրենց իշխանութեան տակ պահել այն շրջանները, ուր կը մշակուի շաքարեղէգը:

* * *

Ներկայիս շաքար ստանալը շատ աւելի դիւրին դարձած է: Անիկա սուղ չէ եւ, հետեւաբար, շատ գործածուած:  Քիչ մը շատ… եւ ասիկա առողջապահական հարցեր կը ստեղծէ մարդուն մօտ, որ այլեւս կը սպասէ պէտք եղածէն շատ աւելին: 20-րդ դարու սկիզբը անձ մը տարեկան մօտաւորապէս 1 քիլօ շաքար կը սպառէր: Այժմ ան կը սպառէ մօտաւորապէս 35 քիլօ:

* * *

Ճիշդ է` աշխատելու համար մեր մարմինը շաքարի պէտք ունի, սակայն` չափաւոր կերպով եւ յատուկ ձեւի մը տակ:

Մեր սպառած շաքարին պէտք է ընկերանան` կենսանիւթեր, հանքային աղեր եւ բնաթել: Ասոնք ներկայ են բնական շաքարին մէջ, յատկապէս` պտուղներուն մէջ: Իր այս «դաշնակիցներուն» հետ շաքարը դանդաղօրէն պիտի անցնի մեր մարմնին մէջ: Այս պատճառով այս տեսակի շաքարները կը կոչուին` դանդաղ շաքարներ:

Սակայն մեր գնած պատրաստի ուտելիքներուն մէջի շաքարը կերպարանափոխուած է եւ զրկուած է իր այդ արժէքաւոր «դաշնակիցներէն»: Անոր մէջ մնացած են այն ջերմուժները, որոնք կը գիրցնեն, եւ որոնք կրնան հիւանդութիւններ յառաջացնել, երբ մեծ քանակներով կը սպառուին:

Շաքար սպառելը մեզի արագօրէն կը հայթայթէ կորով, որ անմիջապէս կ՛անցնի մեր մարմնին մէջ: Այս պատճառով է, որ երբ մենք յոգնութիւն կը զգանք, շաքարը կրնայ մեզի նոր ուժ տալ: Սակայն երբ մենք այս շաքարը ուտենք, պէտք է անմիջապէս զայն այրենք (մարզանք ընել եւ այլն…), այլապէս մարմինը զայն կ՛ամբարէ:

Իսկ եթէ մենք հաւասարակշռուած կերպով ուտենք, այդ յոգնութեան վայրկեանները չենք զգար: Այս պատճառով է, որ պէտք է նախընտրութիւնը տալ «դանդաղ շաքարներուն»:

Ո՞ւր պահուըտած է շաքարը

Ամէն տեղ…

Իր բնական կերպարանքին տակ ան կը գտնուի պտուղներուն մէջ, սակայն նաեւ` բանջարեղէններուն մէջ: Իսկ իբրեւ աւելցուած շաքար` ան ներկայ է շուկան ծախուած 10 պատրաստ ուտելիքներէն 7-ին մէջ: Այդ ուտելիքներուն մէջ ան կը գտնուի տարբեր անուններու տակ` կլիւքոզ, ֆրիւքթոզ, մեղր, եգիպտացորենի օշարակ, տեքթրոզ, մալթոտեքսթրին եւ այլն: Ինչպէս ըսինք, շաքարը սուղ չէ եւ ունի բազմաթիւ առաւելութիւններ: Ան կարելիութիւնը կու տայ ուտելիքները աւելի լաւ պահելու, որովհետեւ ան կը նուազեցնէ մանրէներուն աշխատանքը ուտելիքներու ջուրին մէջ: Շաքարը կը ծածկէ նաեւ այն համերը, որոնք տհաճ կրնան թուիլ, ինչպէս` լեղին, թթուն կամ շատ աղին: Բազմաթիւ պատրաստի ճաշերու մէջ, ան կը բերէ աւելորդ քաղցրութիւն մը, որ մեզ կը մղէ այդ ուտելիքները գնելու: Շաքարը կրնայ նաեւ ուտելիք մը աւելի գեղեցիկ ցոյց տալ, երբ անոր վրայ քսուի, զայն փայլուն եւ ախորժաբեր դարձնելով:

Հետեւաբար, երբ ծնողքիդ հետ երթաս գնումներ ընելու, մի՛ մոռնար ուտելիքներուն վրայի բաղադրութեան մէջ փնտռել շաքարի տարբեր անունները: Եթէ անոնք 100 կրամի կամ 100 միլիլիթրի փոխարէն` 10 կրամ շաքարէն աւելի են, ըսել է, թէ այդ ուտելիքը շատ շաքարոտ է: Օրական մենք պէտք չէ, ուտենք 25-50 կրամ շաքարէն աւելի, շաքարի 8 կտորներու համապատասխան քանակ: Եւ գիտնալով, որ սառած պատրաստ փիցցային մէջ կայ 4 կտորի համապատասխան շաքար, մենք պէտք է ուշադրութեամբ ընտրենք մեր օրուան քաղցր ուտելիքները:

 

Շաքարեղէգի Լեկոներ

Լեկոյի դանիական ընկերութիւնը որոշած է իր այդ փոքրիկ կերպընկալէ քարերը 100 առ հարիւրը շինել բնական նիւթերէ` 2030 թուականէն սկսեալ: Ան կը ծրագրէ ստանալ կերպընկալի յատուկ տեսակ մը, որ կարելի է շինել բոյսերէ, բուսական փոլիեթիլենէ: Այս նիւթով շինուած առաջին քարերը արդէն շուկայ պիտի իջնեն տարուան վերջը: Տերեւի, ծառի եւ մացառի այս տարրերը պիտի շինուին շաքարեղէգէ:

 

Քամամպեր
Պանիրի Ախոյեանները

Ֆրանսացիները նշանաւոր են իրենց տեսակաւոր պանիրներով: Սակայն քամամպեր պանիրի տեսակին ախոյեանը ֆրանսացի չէ, այլ` Քեպեքէն քանատացի մը:

Ան իր տիտղոսը շահած է մարտին Միացեալ Նահանգներուն մէջ տեղի ունեցած պանիրներու մրցոյթի մը ընթացքին: Դատաւորները սիրած են այդ պանիրին մէջի կաղինի, սունկի եւ կաթի սերին համը:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Աշխարհին շուրջ գոյութիւն ունին աւելի քան 2000 պանիրի տեսակներ:

– Պանիրին պատրաստութիւնը կը կարօտի միայն քանի մը ժամուան աշխատանքի: Պանիրին իւրայատուկ համը ստանալու միջոցը զայն հինցնելու գործընթացն է, որ կրնայ տեւել ամիսներ կամ նոյնիսկ` տարիներ:

– Կ՛ենթադրուի, որ պանիր պատրաստելը սկսած է Ք.Ա. 7500 թուականներուն, երբ ոչխարներու եւ այծերու բուծանումը սկսած է:

– 3800 տարեկան հին պանիրի մնացորդներ գտնուած են չինական մոմիաներու գերեզմաններուն մէջ:

– Կարգ մը հին հռոմէական տուներ ունէին «քարէալէ» կոչուած պանիրի պատրաստութեան յատուկ սենեակ մը:

– Չետըր պանիրը իր անունը ստացած է Անգլիոյ Սոմըրսեթ շրջանի Չետըր գիւղէն, ուր առաջին անգամ շինուած է այդ նարնջագո՞յն պանիրը:

 

Խոհագիր

Կենսանիւթերով Հարուստ
Գոյնզգոյն Աղցան

Պէտք ունիս (4 հոգիի համար)

700 կրամ կարմիր կաղամբի, 1 ստեպղինի, 1 կանաչ խնձորի, 2 ապուրի դգալ խնձորօղիի քացախի, 3 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթի, 2 ապուրի դգալ նարինջի հիւթի,  1 ապուրի դգալ ձէթի, 1/2 թէյի դգալ քիմիոնի, պղպեղի:

Պատրաստութիւն

1.- Կաղամբը չորսի բաժնէ, հանէ մէջտեղի հաստ կոթի բաժինը եւ չափահասէ մը խնդրէ, որ տերեւները երկար ու բարակ կտրտէ:

2.- Կեղուէ ստեպղինը եւ զայն հաստ տաշէ:

3.- Խորունկ ամանի մը մէջ դիր կաղամբը եւ ստեպղինը եւ վրան սրսկէ քացախը: Ձգէ, որ հանգչի քառորդ ժամ:

4.- Փոքրիկ խորունկ ամանի մը մէջ խառնէ կիտրոնի եւ նարինջի հիւթերը, քիմիոնը, ձէթը, 2 ապուրի դգալ ջուրը եւ պղպեղը:

5.- Լուա՛ խնձորը, հանէ՛ անոր կուտերու բաժինը եւ պզտիկ կտորներու վերածէ (չափահասի մը օգնութեամբ):

6.- Ջուրով լուա՛ բանջարեղէնները եւ զանոնք չորցուր: Ապա զանոնք դիր խորունկ ամանին մէջ` խնձորի կտորներուն հետ եւ անոնց վրայ սփռէ թացանը: Խառնէ՛:

Բարի ախորժակ:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել տուրմի տոպրակին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել վարի սիլուեթին նմանող սիւսեթը:

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել հտպիտներուն դէմքերը` իրարու համապատասխանող կէս բաժինները գտնելով:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (14 Ապրիլ 1968)

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Կնոջական Հիւանդութիւններ Եւ Համապատասխան Քննութիւններ»

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?