50 Տարի Առաջ (4 Յուլիս 1968)
Բրիտանական Համայնագիտարանը Կը Յօժարի Ուղղել Իր Սխալները Հայկական Եղեռնի Առնչութեամբ Աշխարհահռչակ «Էնսայքլոփիտիա Պրիթանիքա»-ն, որ ամէնատարածուած համայնագիտարանն է, եւ որ մեծ հեղինակութիւն եւ վարկ կը վայելէ յատկապէս մտաւորականներու, ակադեմականներու եւ քաղաքական մարդոց ու դիւանագէտներու շրջանակներու մէջ, որոշած է իր ապագայի հրատարակութիւններուն մէջ ուղղել շարք մը կարեւոր սխալներ թուրքերու գործած ցեղասպանութեան նկատմամբ: Ֆլորիտայի Աթլանթիք համալսարանի ընկերաբանութեան դասախօս, փրոֆ. Վահագն Տատրեան ութ էջնոց...





