ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն խորհուրդը ուրախութեամբ կը յայտնէ թէ 12-րդ դասարանի 10 ուսանողներէն 7-ն յաջողութիւն արձանագրած են պետական քննութիւններուն:
Կը շնորհաւորենք ընկերաբանութիւն-տնտեսագիտութիւն (SE) բաժանմունքէն` Ռիթա Գաբրիէլեանը, Գէորգ Եագուպեանը, Քարոլին Լէա Կարապետեանը, Սինթիա Սնըքճեանը ինչպէս նաեւ Կենսաբանութիւն (LS) բաժանմունքէն` Քրիսթել Արթինեանը, Սեպուհ Քէհէեանը եւ Մեղեդի Սանճեանը:
Փայլուն արդիւնքներու ակնկալութեամբ նաեւ BT3 աշակերտներուն:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
100 ԱՌ 100 ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը մեծ ուրախութեամբ կը տեղեկացնեն, որ 2017-2018 տարեշրջանի լիբանանեան Պաքալորէայի պետական քննութեանց աշակերտութեան յաջողութիւնը եղած է 100 առ 100, ներկայացած են 16 աշակերտներ, որոնցմէ երեքը արժանացած են «շատ լաւ» յիշատակութեան, իսկ եօթը` «լաւ»:
ԿԵՆՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Լէա Հապիպեան «շատ լաւ», Էտուար Գապասագալեան «շատ լաւ», Ռեբեկա Քեթճեան «լաւ», Ռիթա Ժիլ Աբոշեան «լաւ», Ժորժ Գապասագալեան, Ալիք Հանէշեան:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Ազնիւ Պոյներեան «շատ լաւ», Սարգիս Մարտիրոսեան «լաւ», Արինա Պերեճիքլեան «լաւ», Սերոբ Էլմայեան:
ԸՆԿԵՐԱՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
Վալերի Վարդանեան «լաւ», Մհեր Հալաճեան «լաւ», Փամելա Ասդուրեան «լաւ», Անթոնի Գըզկնեան, Մանուէլ Տէր Մանուէլեան, Լորի Միքայէլեան:
—————————————
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ
ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ
Բ. ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը պատուաբեր արդիւնք արձանագրեց 2017-2018 տարեշրջանի Բ. պաքալորէայի պետական քննութիւններուն. յաջողեցան մասնակից 16 աշակերտներէն 15-ը, որոնցմէ մէկը` «շատ լաւ», իսկ երեքը` «լաւ» յիշատակութեամբ:
Յաջողած աշակերտներն են`
Գրականութեան բաժին` 100 առ հարիւր (8 / 8)
Ծիլա Ֆսթըքճեան (լաւ), Վանեսա Ղազարեան (լաւ), Փաթիլ Տեմիրճեան, Ռիթա Պիթար, Սիպել Եափուճեան, Սերճիօ Աշճեան, Շանթալ Ղազար, Քրիսթել Քոշոյեան:
Ընդհանուր Գիտութիւններու բաժին` 100 առ հարիւր (2 / 2)
Էլի Թորանեան (շատ լաւ), Յովսէփ Գըլընճեան (լաւ):
Կենսաբանութեան բաժին` (5 / 6)
Եւա Ղազարեան, Փամելա Ռաֆֆուլ, Սինթիա Տիպ, Կարապետ Աւեսեան, Լիլիթ Մկրեան:
Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը կը շնորհաւորեն աշակերտները, կը խնդակցին անոնց ծնողներուն եւ կը մաղթեն նորանոր յաջողութիւններ:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ
ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ
ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Հայ աւետարանական քոլեճի 12-րդ դասարանի կենսաբանութեան բաժինի հինգ աշակերտներէն հինգն ալ Լիբանանի պետական պաքալորէայի քննութիւններուն արձանագրած են տպաւորիչ յաջողութիւն:
Փերլա Պասեթ (շատ լաւ), Ռըտա Աթուէ (շատ լաւ), Սերժ Թերզեան, Կերի Լեփեճեան, Քաթրինա Տումանեան:
Կը շնորհաւորենք աշակերտները, անոնց ծնողները եւ ուսուցիչները:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը հաճոյքն ունի ձեզ տեղեկացնելու, թէ մանկապարտէզէն մինչեւ պաքալորէայի բոլոր ճիւղերը ընդգրկող դասարաններուն կողքին, 2018-2019 տարեշրջանին պիտի ունենայ նաեւ մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններու համար
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԻՔՆԵՐ ՈՒՆԵՑՈՂ
ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
SPECIAL EDUCATION DEPARTMENT
Ծրագիրը յատուկ է այն աշակերտներուն, որոնք կը դիմագրաւեն`
– Ընթերցանութեան եւ գրաւոր արտայայտութեան դժուարութիւններ
– Ուշադրութեան եւ կեդրոնացումի դժուարութիւններ
– Ընկերային յարաբերութիւններու եւ զգացական դժուարութիւններ
Հետաքրքրուող ծնողները կրնան դիմել վարժարանիս տնօրէնութեան` հեռաձայնելով 01-442594 թիւին:
—————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Տէր եւ տիկին տոքթ. Ռուբէն եւ Սօսի Փիլոյեան (Մոնրէալ) կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 300 տոլարով:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ` ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
ՇԱԲԱԹ, 14 ՅՈՒԼԻՍ 2018-ԻՆ